Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015

Ե­րե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին ար­ձա­նագ­րո­ւած ծնունդ­նե­րուն թի­ւը կը գե­րա­զան­ցէ նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ցու­ցա­նի­շը: «Ար­մէնփ­րէս» համաձայն, 2015-ի առաջին կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ծնունդ­նե­րուն թի­ւը նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ցու­ցա­նի­շը գե­րա­զան­ցած է 180-­ով:

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­րեւ­մուտ­քի կա­տա­րած բո­լոր սեղ­մում­նե­րուն դի­մաց Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կէ մնալ անդր­դուե­լի: Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին եր­կի­րը հա­րուա­ծած տնտե­սա­կան «շին­ծու» տագ­նա­պէն ետք Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը՝ Վլա­տի­միր Փու­թին տնտե­սա­կան տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր եւ ե­րե­ւե­լի բա­րե­նո­րոգ­ման ծրա­գր­­ե­րու զարկ տա­լով կրցաւ «ներծ­ծել» այդ տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րը:
 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015

Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգը կեդրոնացած միջկուսակցական շփումներուն վրայ:
Ահմէտ Տավուտօղլու շարժման անցած համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու համար:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր յա­տուկ ե­րե­կոյթ մը կազ­մա­կերպուե­ցաւ հայ­կա­կան ժա­մա­նա­կա­կից գե­ղա­րուես­տի մե­ծա­նուն վար­պետ­նե­րէն քան­դա­կա­գործ ու նկա­րիչ Ար­թօ Չաք­մաք­ճեա­նի ի պա­տիւ։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Թրքա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մա­կարգ­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ իֆ­թա­րի սե­ղան մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Պա­քուի մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՊՀ-ի մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին նիս­տը։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ժո­ղո­վը։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան Նիւ Եոր­քի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ՄԱԿ-ի Տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան ֆո­րու­մի նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ման։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ա­ւար­տեց դէ­պի Անգ­լիա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թիւնը։ Անգ­լիա­հայ հա­մայն­քը ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին հանգրուա­նին ի­րեն ի պա­տիւ ճաշ­կե­րոյթ մը կազմա­կեր­պեց Լոն­տո­նի «Կոլտշ­միտ Հոլլ» դահ­լի­ճին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

«Հայաստան եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին»:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան երդիքին տակ մամլոյ ծանօթացման հաւաքոյթ:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

Stratfor ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը հրապարակեց հետաքրքրական ուսումասիրութիւն մը:
Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի փոխարժէքը՝ քաղաքական վարկածներու լոյսին տակ:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար (1984-1988) զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն (80 տա­րե­կան) կը փոր­ձէ քա­ղա­քա­կան նոր օ­րա­կարգ թե­լադ­րել: Աու­նի հիմ­նադ­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք» շար­ժու­մին ան­դամ­նե­րը նա­խըն­թաց Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուը­նէ սկսեալ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ կը կա­տա­րեն Պէյ­րու­թի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ:

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն կամ Այ­լա­կեր­պու­թիւն՝ «Վար­դա­վառ»ը՝ հինգ Տա­ղա­ւար­նե­րու եր­րորդն է։ Քրիս­տո­նէա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը՝ Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թեան բա­ցա­յայտ­ման տօ­նախմ­բու­թիւնն է։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015

​Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակին ձօնուած երէկուան երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Լողաւազանի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած համակիրները յարատեւութիւն մաղթեցին ապագայ գործունէութեան համար:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կեան­քի ըն­թաց­քին զա­նա­զան դէպ­քե­րու ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ, կ՚ապ­րի, կ՚ազդուի ու կը տպա­ւո­րուի, ո՛ր մէ­կը հա­ճոյք, ու­րիշ մէ­կը ցաւ կը պատ­ճա­ռէ. ո՛ր մէ­կը կ՚անց­նի կ՚եր­թա՜յ, ու­րիշ մէ­կը տեղ կը գրա­ւէ մտքին ու սրտին մէկ ան­կիւ­նը, միշտ կը մնայ որ­պէս ան­բու­ժելի վէ՛րք մը…։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

ԼԵՌ­ՆԱ ԳԱ­ՐԱ­ԳԻՒ­ԹԻ­ՒՔ

Ապրիլ.
Առանց աղմուկի - առանց հոգի - առանց վշտի

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­լիս 4-էն 5-ի լուս­ցող գի­շե­րը, 107 տարի ա­ռաջ, մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն գե­ղա­պաշտ բա­նաս­տեղ­ծը՝ Մի­սաք Մե­ծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908)։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Լոն­տոն կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով տե­սակ­ցե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Անգ­լիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րուն հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

Եւ­րո­միու­թիւ­նը այս տա­րուան հա­մար 6 մի­լիոն եւ­րօ դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու զար­գաց­ման նպա­տա­կով։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ ե­րէկ հեր­թա­կան բո­ղո­քի ցոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման դէմ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար Տքթ. Յով­հան­նէս Օ­յուն­ճեա­նը, ո­րու կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած հա­մա­նուն բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը կա­րե­ւոր ծրագ­րեր կեան­քի կը կո­չէ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Էջեր