Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Իպ­րա­հիմ Ռա­հիմ Փու­րը։ Ող­ջու­նե­լով իր հիւ­րը Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան եւ Ի­րան կա­պուած են ա­ւան­դա­կան ջերմ, փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց վկա­յու­թիւնն է միջ­պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թիւ­նը, տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս աշ­խոյժ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015

2015 խորհրդանշական թուականի ոգեկոչումներու յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ հայ ժողովուրդը զրկուեցաւ իր համբաւաւոր զաւակներուն մէկէն:
Երեւանի մէջ ազգային ժողովի երդիքին տակ յարգանքի լռութիւն:
Աշխարհահռչակ գործարար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Գըրգ Գրգորեան 98 տարեկան հասակին մահացաւ Պեւըրլի Հիլզի բնակարանի յարկէն ներս:
 

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015

​Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս յատկանշական ժամանակաշրջան մը եզրափակուեցաւ՝ Հանրապետութեան իններորդ նախագահի տխուր կորուստով:
Կառավարութիւնը սուգ հաստատեց բովանդակ երկրին մէջ:
Սիւլէյման Տէմիրէլ 91 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին, մինչ ամբողջ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ իր վիթխարի ծառայութիւնները:

 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

«Աւելին աւելիին համար» սկզբունքի գործադրութեան շօշափելի արդիւնքներուն ուղղութեամբ սպասում:
Ռիկայի գագաթաժողովէն վերջ նոր սկիզբ մը կ՚ակնկալուի Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Պա­քուի մէջ կը շա­րու­նա­կուին ա­ռա­ջին Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րը, ո­րոնց լու­սա­բա­նում­նե­րուն շրջագ­ծով մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը յատ­կա­պէս կ՚անդ­րա­դառ­նան նաեւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն ցան­ցի մը վե­րա­ծուած են ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման ի­մաս­տով էա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան։ Վեր­ջերս երկ­րի երկ­րորդ մեծ քա­ղա­քին՝ Կիւմ­րիի մէջ հաս­տա­տուած է ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ) դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան (PES) ան­դամ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Պու­տա­փեշ­տի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած PES-ի 10-րդ հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին հաս­տա­տուած է ՀՅԴ­-ի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը՝ դի­տոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու բարձր հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փո­փո­խու­թիւն մը։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ իր պաշ­տօ­նէն ա­զա­տուե­ցաւ ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ զօ­րա­վար Լեո­վա Մնա­ցա­կա­նեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Թիֆ­լի­զի մէջ պա­տա­հած ջրհե­ղե­ղին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Մինչ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը կը հաս­նին ան­հա­ւա­տա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու, ե­րէկ հա­սաւ եւս եր­կու հա­յե­րու մա­հուան գոյ­ժը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

​Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքերուն շուրջ:
Կարէն Միրզոյեան. «Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի մշտական սպառնալիքներու առկայ մթնոլորտին մէջ անհնար է խօսիլ զիջումներու մասին»:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­րի տուն» ծրագ­րի այս տա­րուան ա­ռա­ջին փու­լին բա­ցու­մը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նաչ­ման ուղ­ղեալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ կը տա­րուի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Անթիլիասի կողմէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին շուրջ:
Ըստ իրաւաբաններու պարզաբանումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ որպէս իրաւատէր կը ձգտի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձին եւ ո՛չ թէ անոր փոխարէն հատուցման:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան քսան կա­խա­ղան­նե­րը ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Փա­րա­մա­զի ան­ձին մէջ խորհր­դան­շուած այս քսան յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած էր «Նոր զար­թօնք»ի կող­մէ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակառակ տարածքին փոքրութեան, Հայաստան տակաւին ունի բազում գեղեցկութիւններ, որոնք դեռ չեն բացայայտուած, սակայն չեն զիջիր յայտնի վայրերու հրապոյրին:
Սոճուտ, Լոռեբերդ, Հնեվանք եւ այլ նման վայրեր հետզհետէ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց առթած աննկարագրելի տպաւորութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դար­ձեալ եւ մի՛շտ ան­կեղ­ծու­թիւն։ Քա­նի որ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լաւ մշակ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայման է, էա­կան տարր մըն է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Բա­րո­յա­գէտ­ներ, ըն­կե­րա­բան­ներ, եւ նաեւ հո­գե­բան­ներ կ՚աշ­խա­տին կա­նո­նա­ւո­րել մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ եր­ջա­նիկ կեանք մը ա­պա­հո­վել մարդ­կու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը բե­ղուն եւ ե­ռան­դուն տա­րեշր­ջան մը բո­լո­րեց։ Իսկ ա­շա­կերտ­նե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին վեր­ջըն­թեր օ­րուան, երբ պի­տի ներ­կա­յաց­նէին խրախ­ճանք մը, որ յատ­կա­ցուած էր մայ­րե­նիին:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Տա­րե­վեր­ջեան ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւն մը կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Նոր դպրո­ցի կա­ռուց­ման հե­տե­ւան­քով հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­քըր­գիւղ մար­զա­կում­բի սրա­հին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ հա­մախմ­բուե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ըն­թա­ցա­ւարտ­ներ մէկ­տե­ղուե­ցան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուան մը հան­դի­սա­ցաւ այս տա­րուան ու­սում­նակրթա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ Օրուան յայ­տա­գի­րը սկսաւ տնօ­րէն Շա­հին Չը­նա­րի բաց­ման խօս­քով, որ յոր­դոր­ներ տուաւ տղոց եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի­րենց։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Տա­րե­վեր­ջեան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը տի­րեց նաեւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ նշե­ցին Ըն­թերց­ման տօ­նը։

Էջեր