Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած նախ քաղաքացիական բնոյթ ունեցող ու ապա տարբեր պայքարներու ձեւափոխուած պատերազմը այսօր փոխադրուած է այլ հարթակ։
Խօսքը երկրին պաշարուած ըլլալու մասին է, որուն հետեւանքով ալ Սուրիան մտած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Երկաթէ կրունկ»ը ամերիկացի նշանաւոր ու աշխարհահռչակ գրող Ճեք Լանտընի հակաիւթոփիական վէպն է։ Առաջին անգամ 1908 թուականին լոյս տեսաւ գիրքը, որ կը նկատուի արդիական հակաիւթոփիական վէպերու ամենահինը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը, արդարեւ, կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու նիւթական, հոգեկան եւ մտային արժէքներուն պահպանումին, առանց մարդկային էակներուն իրարու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան յարգանքին եւ առանց մարդասիրական արարքներու յարատեւ եւ անկեղծօրէն գործադրութեան։
Հայաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներուն միջեւ արդիւնաւէտ ու բովանդակալից բանակցութիւններ:
Ծաւալուն քննարկում միջազգային անվտանգութեան արդի հարցերուն եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:
Արմէն Սարգսեան վերահաստատեց Երեւանի առաջարկը՝ 2021-ի տարեկան ժողովը հիւրընկալելու համար:
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան՝ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան առաջին ներդրումային գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին:
Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
«Ես հելէ ճահել վախտս ուխտ էի ըրէ որ քառսուն աղբուր շինեմ, յետոյ մեռնիմ... Ճշմարիտ է, քառսուներորդը սարքեցի պրծայ, էսպէս էլ իմ աղբուրը ցամքաւ... Ամա մարդու մէջ մի բանըմ կայ, որ իրան հետ չպիտի մեռնի, կ՚ուզէք հոգի ըսէք էտոր, կ՚ուզէք անուն, կ՚ուզէք գործ...»։
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ, իր սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, որոնք կ՚իրականան փոխադարձ պարտաւորութիւններով՝ պահել ու պաշտպանել հողը, հայրենիքը, սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հարիւր տարի առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Մէկ ամիսէ ի վեր ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Ձեր կարծիքով՝ այդ ցոյցերը որեւէ բան փոխեցի՞ն երկրին մէջ։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Փարիզ ընթացող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր համագումարի 40-րդ նստաշրջանի շրջանակներու մէջ, նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է նշեալ կազմակերպութեան՝ Կրթութեան միջազգային պիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակաշրջանին համար) եւ Գլխաւոր համագումարի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանին համար)։
Իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ դուրս եկաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն, համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց իր հրաժարականի պատճառներուն շուրջ։ Սարօ Պենկլեան նշեց, որ ցայսօր իր կարողութիւններու ներած չափով փորձած է առաւելագոյնս օգտակար հանդիսանալ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան՝ մասնաւորապէս վարչական, հաղորդակցական եւ բնականաբար իրաւաբանական ուղղութիւններով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի մշակութասէր գործիչներէն Վարդան Պալմումճեանը, Արսէն Գովանը, Թագուհի Մաթաթեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ վերահասու դարձանք, թէ Մխիթարեան եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի բանասէր Գէորգ Բամպուքճեան։
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք անկեղծ ենք տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման մեր ձգտման ուղղութեամբ ու պատրաստ երկխօսութեան»:
Հայաստանի վարչապետը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ Միլանոյի մէջ, Միջազգային քաղաքագիտութեան իտալական կաճառի երդիքին տակ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մայթեզրին նստած տատիկին այցելութիւնը հետզհետէ ամէնօրեայ, փափաքելի այցի մը վերածուեցաւ: Տատիկը զիս իր աղջկան կը նմանցնէ ու երբ օր մը չտեսնէ՝ «Ո՞ւր ես, բալէս...» սիրով լի հնչիւններով կը դիմէ ինծի:
ԵՐԱՄ
Ծանր սնտուկ մը շալակին, առաւօտուայ կանուխ, շատ կախուխ ժամերէն սկսեալ ոտքերը ետեւէն քարշ տալով կը յառաջանայ ծերունին։ Դեռ ամայի են փողոցները, շուներն իսկ քնացած են տակաւին. ագռաւ մըն է միայն, որ ատենը մէկ՝ սարսափելի ձուրտին մասին բողոք մը կը կռկռացնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն հրամցնել գրականութեան հսկայ փեթակէն մեղրի կաթիլներ, որոնք իրապէ՛ս փեթակի մը ամէն մէկ խոռոչէն կաթող քաղցր մեղր է՝ որ կը սնուցանէ հոգին եւ կ՚ազնուացնէ զայն։
ԲԱԳՐԱՏ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ (ՏԱՒՈՒՇԵՑԻ)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին օրերուն բուռն քննարկումի թեմայ դարձած է «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը առանձին կարգով դպրոցէն ներս դասաւանդելու նպատակայարմարութիւնը, որ, սակայն, ըստ էութեան, նորութիւն չէ: Այս իմաստով փաստերու եւ հակափաստերու սակաւութիւն ալ գոյութիւն չունի:
Պատկառելի կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր ընդունուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին շուրջ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սեւ ծովու յատակէն կառուցուած կազամուղ երկրորդ խողովակաշարն ալ արդէն պատրաստ է շահագործման։ Կապոյտ հոսքէն վերջ, այս նոր խողովակաշարը՝ Թրքական հոսքը արդէն սկսած է բեռնաւորուիլ բնական կազով։