Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019

​Պաքըրգիւղի ընտանիքը փուլ առ փուլ կը գործադրէ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագիրը։ Այս ամբողջէն ներս, անցեալ շաբթուան մէջ, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ բանակցութիւն մը, որու զուգահեռ կազմակերպուած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019

Բակօ Սահակեան հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ այցելեց Ստեփանակերտ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին կարեւոր դեր ունի պետականաշինութեան եւ ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019

Արմէն Սարգսեան. «Նոր աշխարհի մէջ անհատներու ձայները լսելի եւ որոշիչ պիտի ըլլան»:
Հայաստանի նախագահն ու Փորթուգալի վարչապետը Լիզպոնի մէջ քննարկեցին համագործակցութեան հեռանկարները:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019

Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել Անգարա-Մոսկուա գործակցութեան մէջ:
Նախագահ Էրտողան. «Պիտի ոչնչացնենք այն ահաբեկչական լծակները, որոնք թիրախաւորած են մեր ազգային անվտանգութիւնը»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Տնտեսական զանազան դժուարութիւններու եւ տագնապներու հետ հետզհետէ աւելի կը դժուարանան աշխատանքային պայմանները, որոնց պատճառով կ՚աւելնայ ոմանց ընկճուածութիւնը, եւ կը նուազի արտադրողականութիւնը: Արդի արհեստագիտութեան միջոցները բարեբախտաբար որոշ լուծումներ կ՚առաջարկեն մեղմացնելու համար աշխատաւորներու երբեմն իսկապէս ծանր բեռը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպան Քրիս Պութըրը։ Զրոյցի ընթացքին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարան կատարած այցելութեան ընթացքին ցուցաբերուած յարգալիր վերաբերմունքին համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որու անուան տօնն էր եւ այս առթիւ շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ հաւատացեալներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Երէկ, Արցախի մէջ պատմական օր մը ապրուեցաւ՝ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ նորակառոյց այս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջին ուղղակի հանդիպումը տեղի կ՚ունենար մարտի 29-ին, Վիեննայի մէջ։
Ի դէպ, թէեւ այս հանդիպումը որպէս բանակցային հանդիպում մեծ իրագործումներով չէր աւարտեր, սակայն զգալի էր, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն համար այս ձեւաչափի հանդիպում մը կը կարեւորուէր մէկէ աւելի առումներով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) 12-րդ արտահերթ համագումարը։ Հայաստանի կառավարութեան համագումարներու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկրապահներու հաւաքը, որու աւարտին միաձայնութեամբ ԵԿՄ-ի վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ երեսփոխան Սասուն Միքայէլեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Ամմանի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի՝ Մերձաւոր Արեւելքին եւ Հիւսիսային Ափրիկէին ձօնուած տարածքաշրջանային համաժողովի աշխատանքին։ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորի եւ Ռայնա թագուհիի աջակցութեամբ ու բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու մասնակիցներու շարքին էին զանազան երկիրներու նախագահներ կամ վարչապետներ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս, պետական, գործարար ու քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակները ներկայացնող աւելի քան հազար առաջնորդներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խաղաղութիւնը չէ՛ միայն չգոյութիւնը պատերազմին, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Ուստի, ընկերային կեանքի մէջ, խաղաղութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու ներքին խաղաղութեամբ, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ եւ խղճամիտ փոխյարաբերութիւններով եւ հաղորդակցութեամբ, առանց անձերու եւ հաւաքականութիւններու արժանապատուութեան յարգանքի, առանց եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019

Ապրիլի 4-ին, 71 տարի առաջ, Գահիրէի, Եգիպտոս, մէջ մահացաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեան (1878-1948)։
Սիրոյ եւ խոհականութեան, այլեւ հայու յուզականութեան ինքնատիպ բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը յորդեցաւ սրտի եւ մտքի վարար զեղումով՝ խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը բանալով հայոց սերունդներուն առջեւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի»։ Արդարեւ բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մեծաձայն գալուստներ, բայց ոչ մէկ գալուստ ունեցած է այն փառքը եւ իմաստը, որ ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Երբ հնչէ այս երգը, անմիջապէս ունկնդիրը կը տեղափոխէ հեռաւոր, տաք, վիպապաշտական ու խորհրդաւոր արաբական հէքեաթներու աշխարհը: Ան ունի մոգական ուժ, որ ինքնաբերաբար կը ստիպէ մտովի պատկերացնելու տաք, արաբական անապատը ու կիզիչ արեւը, արաբական «Հազար ու մէկ գիշեր» հէքեաթներու վիպապաշտական սիրային պատմութիւն ու անաւարտ, կոտրուած կամ անհասանելի սէր...

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

Հայց. Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու հայրապետները փոխանակեցին ջերմ պատգամներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորեց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի գահակալութեան 10-ամեայ յոբելեանը:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անկեղծներուն թիւը քիչ չէ, սակայն շատ կարեւոր է լսելի դարձնել անոնց ձայնը։ Անկասկած, որ հալէպահայ Լուսին Թերզեան մէկն է անոնցմէ, որ կը գտնուին անկեղծութեամբ արտայայտուող մարդոց առաջին ճակատին վրայ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Սիրուշօ Սարգսեան վերջերս նկարչութեան բնագաւառին մէջ արձանագրեց կարեւոր յաջողութիւն մը։ Այսպէս, ան Իսթանպուլէն մասնակցեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մրցոյթի մը, որու խորագիրն էր «Հայոց աշխարհի մայրաքաղաքները»։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Յորդանան, երէկ այցելեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած վայրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Յորդանան գետի ափին կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը, ուր Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց եւ ստորագրեց պատուոյ հիւրերու տոմարը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երեք հետաքրքրական նոր գիրքեր, որոնց բոլորն ալ արժէք կը ներկայացնեն իրենց վերաբերած նիւթին, պատկանած բնագաւառին տեսակէտէ։

Էջեր