Արխիւ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնց մասնակցութիւն բերին մեր համայնքային նախակրթարանները։
Շիշլի մարզակումբը անընդհատ աշխատանք կը տանի յայտնաբերելու համար նոր տաղանդները։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքները այս տեսակէտէ կարեւոր միջավայր մը կը ստեղծեն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ահաւասիկ ապրիլի 13-ն է։ Երեկոյեան ժամը իննին՝ Իսթանպուլի խոշոր ու շքեղ համերգասրահներէն մէկուն՝ «Volkswagen Arena»ի լեփլեցուն սրահի առաջին շարքի աթոռներէն մէկը զբաղեցուցած՝ բազմահազար ունկնդիրներու հետ միասին սրտատրոփ կը սպասէի աշխարհահռչակ վիրթիէօզ ջութակահար Արա Մալիքեանի ելոյթին։ Հանդիսատեսի ոգեւորութիւնը այնքան մեծ էր, որ ամէնուն կը թուէր, թէ վայրկեանները արհեստականօրէն կանգ առած են, չեն յառաջանար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
VADİP-ի անունը երէկուան ժողովի լոյսին տակ կը փոխուի որպէս՝ Թրքահայ վաքըֆներու միաւորում:
Փոքրամասնութիւններու հաստատութիւնները ընտրութեան հեռանկար չունին եւս շուրջ երկուքուկէս տարի:
Եւրոպայի սրտին վրայ համաքրիստոնէական աննկարագրելի ողբերգութիւն. Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական, հոյակերտ մայր տաճարը հրոյ ճարակ դարձաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն՝ նորոգութեան փուլի մէջ ծագած ահաւոր հրդեհին հետեւանքով:
Ֆրանսայի սրբութիւն սրբոցը խոնարհեցաւ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ՝ Աւագ շաբթուան սկիզբի օրը: Նախագահ Մաքրոնի յուզիչ ելոյթը:
Արա Մալիքեան եւ իրեն ընկերակից եօթ հոգիէ բաղկացեալ խումբը անմոռանալի համերգ մը տուին Իսթանպուլի մէջ:
Աշխարհահռչակ վիրթիէօզ ջութակահարը անկրկնելի վարպետութեամբ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբաթուայ առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթին, որ կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ Այս օրը կը խորհրդանշէ նաեւ «երկրորդ շրջան»ը, երբ ապականուեցաւ ամբողջ տիեզերքը, եւ միայն Ենովք հաճելի եղաւ Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Ե 21-24)։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Ժաք Պերրիի «Ճոննի Պի Կուտ» երգը կարելի է համարել «ամերիկեան երազանքի» մասին առաջին ռաք ըն ռոլ երգը: Անոր հերոսը հեռաւոր գիւղի բնակիչ խեղճ եւ անկիրթ տղայ մըն է, որ ուսում չէ ստացած, բայց հիանալի կիթառ կը նուագէ եւ յաջողցնելով իր կեանքը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ գումար վաստակել:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հակառակ ամբողջ աշխարհի կողմէ հաստատուած այն իրողութեան, որ կլիմայական փոփոխութիւնը ամենէն լուրջ սպառնալիքն է մարդկութեան, Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը ձեւացնեն, որ չեն տեսներ եւ չեն լսեր՝ խուսափելով միջազգային խորհրդաժողովներէն կամ որոշումներէն: Բայց՝ մինչեւ ե՞րբ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը վերջերս հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է այս առընչութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մարդիկ զանազան միջոցներու կը դիմեն իրենց վրայ գութ հայցելու համար։ Խօսինք օրինակներով։
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ Աւագ անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի կիրակիով՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստան հաստատուած արմատներով սուրիահայ բանաստեղծուհի Նուշիկ Միքայէլեան միայն գրականութեան նուիրեալ մը չէ։ Զանազան առիթներով եւ ամենատարբեր օրակարգերու վերաբերեալ տեսակէտ ունեցող մեր գործընկերը (գործընկերութեան կտրուածքը անշուշտ փոխառընչուած՝ հայ գիր ու տիպի հանդէպ Նուշիկի ունեցած անվերապահ եւ նուիրական սէրն է, որ մեր օրերուն դարձած է հազուագիւտ երեւոյթ) ամէն բանէ առաջ Հայաստանի մեծ սիրահար է։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդի տօնը այս տարի եւս ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
«Իմ ուղին» կեդրոնին ի նպաստ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեցին Հայաստանի օթիսթիկ երեխաներու խնամքին ուժ տալու նպատակով:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեծ Պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ։ Ծաղկազարդը Յիսուս Քրիստոսի հանդիսաւոր մուտքն է Երուսաղէմ։ Երբ Յիսուս աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, ժողովուրդը խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ անոր՝ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորելով զինք։
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Մեր ազգային կեանքին մէջ որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կան, նոյնքան ալ կան մտահոգիչ հարցեր ու խնդիրներ։ Տարիներէ ի վեր կը գրենք ու կը պայքարինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ գետին գտած դատապարտելի տխուր երեւոյթներու մասին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յառաջիկայ կիրակի 14 ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ մեր ժողովուրդին մօտ յայտնի է Ծաղկազարդ անունով: Ծաղկազարդը այլ ժողովուրդներու մօտ ծանօթ է Արմաւենեաց օր անունով:
Հայաստանի մէջ ազգային գրադարանային շաբաթը կը սկսի ապրիլի 15-ին։ Այսպէս, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը ապրիլի 15-22 թուականներուն Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ աւանդաբար նշուող Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհանէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինողական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150-ամեակներուն:
Անցեալ տարի Մատենադարան այցելած է 113 հազար հոգի։ Այսպէս, Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառը 2018 թուականին ունեցած է 113 հազար այցելու, իսկ Արցախի մասնաճիւղը՝ 16 հազար: