Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարարը մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին:
Հուլուսի Աքար. «Թուրքիոյ պայքարը ահաբեկչութեան դէմ կը շփոթուի քիւրտերու հետ յարաբերութիւններուն»:

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

ԿՈՐԻՒՆ  ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ 

Նման գե­ղե­ցիկ օրհ­ներ­գու­թեամբ է, որ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին ա­մէն տա­րի կ՚ո­գե­կո­չէ հայ շա­րա­կա­նին բա­նաս­տեղ­ծա­կան ու հո­գե­թով բա­ռե­րով Սրբոյն Սար­գիս զօ­րա­վա­րին, իր որդ­ւոյն Մար­տի­րո­սի եւ տասն­չորս այլ վկա­նե­րուն պան­ծա­լի յի­շա­տա­կը:

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Բազմաթիւ գեղեցիկ երգեր կան սիրոյ մասին, բայց սիրահար զոյգի, գեղեցիկ սիրային պատմութեան, սիրահարներու օրուան մասին խօսելու ժամանակ ակամայ կը յիշատակենք «My Funny Valentine» երգը։
Մեղեդային, ծորուն, այնքան գեղեցիկ այս երգը իր 80-ամեայ կեանքին ընթացքին ունեցած է աւելի քան 1300 տարբերակ՝ կրելով բազմապիսի փոփոխութիւններ, ընդունելով բազմաթիւ ոճային փոխակերպումներ։

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սիրոյ տօնն է՝ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնը։ Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը յիշուի աղօթքներով, նաեւ յատուկ աւանդութիւններով՝ որոնք հայ ժողովուրդին բնորոշ արարողութիւններն են։

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը կը համախմբէ բազմաթիւ ղեկավարներ ու մասնագէտներ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Զօհրապ Մնացականեան շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ունեցան Գերմանիոյ մէջ:

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս, Տիթրոյթի Ս. Սարգիս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր հրատարակելու հայ եւ օտար ճաշատեսակներու եւ ուտեստեղէններու պատրաստութեան յատուկ գրքոյկ մը՝ «It Took A Village» Treasured Recipes անունով։
Գիրքը ուտելիքներու պարզ եւ սովորական գիրք մը կամ ցանկ մը ըլլալէ աւելի մեր հայ աւանդական-ազգային-գաւառական կերակուրներու բաղադրութիւններուն եւ անոնց տեսակաւոր պատրաստութիւններուն եղանակներու որդեգրումն ալ ունի։

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարը այցելեց Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոց:
Արսէն Թորոսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ քաղաքէս:

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Թեհրանի մէջ…
Տասներկու օր ետք՝ փետրուարի 27-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Իրան։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային բնաւորութեան ամենէն յայտնի արտայայտութիւններէն մէկն է՝ անյա՛գ ըլլալ՝ բաւարարութիւն, յագենալ չգիտցող կիրքերու գերին ըլլալ, անսահման եւ երբեմն ալ անկարելի փափաքներ ունենալ։ Կ՚ըսուի թէ մարդուն աչքը ծակ է՝ երբեք չի կշտանար, եւ նոյնիսկ որովայնը կշտանայ՝ աչքը չի կշտանար եւ անսահման, անհատնում պահանջներով միշտ աւելիին տիրանալ կ՚ուզէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մլաւի՞ւն է, թէ մայիւն, ձայն մը, որ այս ամսուան յատուկ է՝ գիշեր-ցերեկ կը լսուի. պատշգամիս տակը, այդ չոր թթենիին կոճղին չորս կողմը..., ուր ըսես՝ կատուները կը զուգուին: Է՜, փետրուար է: Այսօր ոչ միայն ձայները կը լսուին, այլ կ՚երեւին անոնք զոյգ-զոյգ, քանի արեւոտ, պայծառ է, մարդիկ կծկուելով չեն քալեր, ահա թաղիս մանուկներն ալ եկան ու մեղեդին բազմահնչիւն է, կենդանութիւն, կեանք կը բուրէ:

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մահը միշտ տխուր է: Մահեր կան, որոնք ընկերոջ, բարեկամի, այս պարագային՝ Ֆրանսայի հայկական համայնքին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար, տխրութենէ անդին, կորուստի զօրաւոր զգացում մը կը յուշեն:

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ լոյս տեսած խմբագրականը՝ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Գերմանիոյ մէջ այսօր կը սկսի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը։ Տարեկան այս համաժողովը շատ կարեւոր հարթակ մըն է՝ միջազգային անվտանգութեան հարցերու քննարկման տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով աշխոյժ ու ծաւալուն աշխատանք տարածքաշրջանի հրատապ նիւթերուն շուրջ:
Նախագահ Էրտողան. «Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովել կարելի չ՚ըլլար, եթէ Մենպիչն ու Եփրատի արեւելքը չմաքրագործուին ՓԵՏ եւ ԵՓԿ-էն»:

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ թումանեանական եւ կոմիտասեան շունչով փետրուարի 19-ին կը տրուի յոբելենական տարուան մեկնարկը։ Այսպէս, հայ մեծանուն բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի եւ անուանի երգահան Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակները Թիֆլիզի մէջ եւս կը նշանաւորուին յոբելենական միջոցառումներով:

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաշխարհը այսօր հրաժեշտ կու տայ մեծ պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանին, որու մահը վերջին օրերուն համատարած ցաւ ստեղծեց։ Հայ ժողովուրդի ծնունդ տուած վիթխարի գիտնականներէն մին էր ան։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ողջունեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը։
Նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ Արսէն Թորոսեան ուղուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռըզա Աքփոլատը, որուն կ՚ընկերանար մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ իր խորհրդականներէն է։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Արսլան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրող բոլոր էակներու մէջ միայն մա՛րդն է որ ունի «ապագայի գիտակցութիւն»ը, որ հետեւանքն է իր բանաւոր միակ էակը ըլլալուն։ Արդարեւ, միւս բոլոր կենդանի՝ ապրող էակները չունին վաղուան մտահոգութիւնը, այսինքն ապագայի գիտակցութիւնը։

Էջեր