Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021

Յոյն, հայ եւ հրեայ համայնքներէն վերջ փոքրամասնութիւններու դէմքը դարձաւ ասորի գործիչ մը:
Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս Մորիս Լեւի տարիքի բերումով պաշտօնը փոխանցեց Սիւլէյման Ճան Ուսթապաշըին:

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Սա միջազգային օրակարգի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր, որու վրայ կեդրոնացաւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, նախագահ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Աթիլիասի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու կողակիցը՝ Սօնա Խանճեանը։ Հիւրերուն ընկերացան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսած էր «Աստուածաշունչէն - Kitab-ı Mukaddes’ten - From The Holy Bible» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։
Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին եւ Սուրբ Էջմիածնի տօներուն յաջորդող բարեբաստիկ շրջանին աշխատութիւնը կ՚որակուէր՝ որպէս հայատառ Ս. Գիրքին մատուցուած ծառայութիւն։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Ցաւօք սրտի, ընդամէնը մէկ անգամ տեսած եմ տքթ. Թորոս Թորանեանը, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ 93 տարեկան հասակին: Կա՛մ 2014-ին, կա՛մ 2015-ին էր: Այն ատեն ես դպրոցական թատերախումբին մաս կը կազմէի, եւ շատ չէր մնացած մեր ներկայացումին:

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ «Թիթանիք» դարձաւ պատմութեան մէջ հռչակաւոր նաւը։ «Թիթանիք»ի կործանումը տասնեակ տարիներ ետք, տակաւին կը մնայ ամենայայտնի աղէտներէն մին։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Եթէ ըլլայ կարող ղեկավար մը, ապա կարելի է վնասները նուազագոյնի հասցնել։ Աւելի հզօրներով շրջապատուած փոքր ու տկար երկիրը ներկայիս շատ տեղ չունի շարժելու»։
Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներով պայմանաւորուած տագնապի լոյսին տակ, շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ ամբողջ սփիւռքի հիմնական ակնկալութիւնն է՝ Հայաստանի նոր ցնցումներէ զերծ մնալը եւ պետութեան կայունութեան երաշխաւորումը, սահմաններու անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրներու յաղթահարումով հանդերձ։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Մայիսի 12-էն ի վեր Հայաստանի սահմանները զանազան կէտերէ խախտուած են Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021

Գերիներու ծանրակշիռ հարցը նոր չէ։ Հայաստանի լայն հասարակութեան համար սա առանցքային խնդիր է պատերազմէն ի վեր։ Հարցը ունի մարդկային ցաւի երեսակ։ Մինչեւ հիմա ալ աւելի քան հարիւրյիսուն ընտանիքներ եւ անոնց շրջանակները ուղղակի մտահոգութեան եւ մտատանջութեան մէջ են։ Անկախ մարդկային երեսակէն՝ մեծ դժբախտութիւն է, որ մինչեւ հիմա անյստակ եւ անորոշ մնացած գերիներու հարցը ինչ-որ առումով ունի քաղաքական ենթախորք։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի մէջ իրավիճակը օրէ օր աւելիով կը ծանրանայ։ Նախընտրական արշաւը, որ Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ 7 յունիսին, անշուշտ, իր հետ «ծիծեռնակներ» պիտի չբերէր։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երբ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութենէն հայերու գաղթի մասին մտահոգիչ թիւեր կը հրապարակուին, հետաքրքրական է անդրադառնալ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ (անցեալին կամ ներկայիս) հայերու յայտնաբերումին մասին եւ մանաւանդ շեշտել, որ առանց կազմակերպուած ազգային հաւաքական կեանքի՝ շատ դժուար կ՚ըլլայ գոյատեւելը:

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին չեմ կարծեր, որ ազգովի այսքան նուաստացած ու խայտառակուած ենք՝ ինչքան այս օրերուն, եւ այդ բոլորը առաջին հերթին ուսապարկերուն եւ անոնց ուսապարկապետին շնորհիւ։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Խորհրդային Հայաստան 100. Եկեղեցին եւ պետութիւնը» խորագրեալ գիտաժողովը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի նախաձեռնութեամբ եւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ զուգահեռաբար կազմակերպուած էր նաեւ արխիւային վաւերագրերու եւ նիւթերու ցուցահանդէս մը, որու բացումն ալ կատարուեցաւ նոյն առթիւ։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի եպիսկոպոսները։ Այս առթիւ շօշափուեցան երկրի կեանքի առկայ իրավիճակին առընչուած հարցեր։ Խորհրդակցութեան աւարտին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր երէկ հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ կը հասնին լարուածութեան վերաբերեալ լուրեր։ Երէկ, Պաքուի աղբիւրները պնդեցին, որ հայկական ստորաբաժանումները գնդակոծած են Ատրպէյճանի դիրքերը։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի եւ Մոսկուայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փիէռ Լեւիի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առկայ իրավիճակը։ Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքի մանրակրկիտ փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Միջին Արեւելքի մէջ՝ պատանեկութեանս օրերուն, փոքրիկները նուէր կը ստանային տարին երկու առիթներով, իրենց ծննդեան տարեդարձին եւ Կաղանդին։ Այդ նուէրները՝ նկատի ունենալով արաբական երկիրներ նոր հաստատուած հայերու ապրուստի ոչ-բարեկեցիկ պայմանները, կ՚ըլլային անուանական, այսինքն ոչ փարթամ եւ սուղ, հասկնալի պատճառներով։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Կայ ռուսերէն արտայայտութիւն մը. առաջնայինը լսարանի մը համար ոգեշնչող, ծափահարութիւններու արժանացող խօսք ըսելն է, իսկ թէ ինչ հետեւանքներ կ՚ունենայ այդ խօսքը, այդքան ալ կարեւոր չէ։ Եկէք խոստովանինք, որ մենք՝ լրագրողներս ունինք այդ հիւանդութիւնը։ Կը տարուինք մեր ըսելիքի հետաքրքրական եւ խայթող ըլլալէն՝ երբեմն մոռնալով նիւթի ներքին տրամաբանութիւնը եւ կարեւորութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի եւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ նոր սերունդին ուղղեալ հետաքրքրական ծրագիր մը։ «Հեքիաթ միասին» կոչուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։

Ուրբաթ, Յունիս 11, 2021

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիր Նայիրի» վէպի ստեղծման 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջանակին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը։

Էջեր