Արխիւ
Հայաստանի մարմնամարզի երիտասարդական հաւաքականը այս օրերուն կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Խումբը արդէն քաղաքս եկած է եւ շաբաթավերջին պիտի մասնակցի Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութեան։
Նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան ներկայիս գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Հայկական եկեղեցիներ» խորագրեալ գծանկարներու շարք մը։ Հետաքրքրական շարք մըն է այս մէկը, որու մաս կը կազմեն հայկական ամենայատկանշական սրբավայրերու գծանկարները, որոնք ամփոփուած են տուփի մը մէջ։
Հանգուցեալ Օննօ Թունչի յիշատակին կազմակերպուած երաժշտական օրերը այսօր կ՚ազրափակուին:
MİAM-ի նախաձեռնած երէկուան մասնագիտական աշխատանոցին ժամանակ քննարկումները վարեց Ահմէտ Ուլուղ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը զուգորդուի բազում հարցականներով:
ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան այս առաւօտ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աւարտեց դէպի Վրաստան իր աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան ուղեւորութեան վերջին փուլին շփումներ ունեցաւ Ախալքալաքի մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ տեղւոյն հայութեան հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ ժամանակը եկած է՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու համար։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները շատ նուրբ շրջանէ մը կ՚անցնին եւ երկու կողմերուն մօտ ալ կը խորանայ անվստահութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ռազմական իրավիճակը դարձեալ խառն է։
Երկրի բանակը, որ կը փորձէր սրընթաց կերպով հասնիլ Իտլիպ, կարծես թէ փոխած է իր ռազմավարութիւնը եւ գալիք փուլին համար պիտի գոհանայ ապահովելով՝ Դամասկոս-Հալէպ եւ Լաթաքիա-Հալէպ ճանապարհներուն վերաբացումը։
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որու ատենախօսն էր Նազար Շիկահեր։ Միութիւնը ներկայիս կազմակերպած է զրոյցներու շարք մը, որու առաջինն էր երէկուանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Գումգաբուի մէջ պիտի հիւրընկալէ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ծանօթացէ՛ք, տիկին Մանուշակն է։
Անոր իւրաքանչիւր առաւօտը կը սկսի հայելիի դիմաց։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն աւելի յաճախ կը խօսուի ուսանողներու համացանցի գործածութեան առաւելութիւններուն եւ վնասներուն մասին: Միշտ չէ, որ մասնագէտները նոյն կարծիքները ունին:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Քրիստոնէութիւնը կը հաւատա՞յ նախանձի գոյութեան:
Պատասխան. Նախանձը -որպէս զգացում- գոյութիւն ունի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը կը սկսի եւ կը շարունակուի մեծ ակնկալութիւններով եւ յաճախ արգելքներ կը ցցուին մարդուս յոյսերու, ակնկալութիւններու լայն հորիզոնին վրայ. շատ չանցած մարդ ինքզինք կը գտնէ «տառապանքներու խորունկ ձորեր»ուն մէջ։ Կեանքը երբե՛ք չէ՝ ի՛նչ որ մարդ կը փափաքի որ ըլլայ։
Իտալահայ 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ դիմում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Իտալիոյ քաղաքացի է ու ծնած՝ 1915 թուականին։
Իտալացի նկարիչը քորոնա ժահր պատկերած է դաշտին մէջ։ Այսպէս, Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ քորոնա ժահրի ողբերգական պատկեր յայտնուած է դաշտին վրայ։
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մնացած է շատ քիչ ժամանակ։ Մէկ շաբաթէն աւելի քիչ ատեն մը կայ, որպէսզի ընտրուի երկրի նոր խորհրդարանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու եւ զարգացման ծրագրերու։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ հրատապ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան Իտլիպի վերջին դէպքին, նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ իրադարձութիւններուն:
Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքին ծրագիրը ընթացքի մէջ:
Ամերիկահայ յայտնի արուեստագէտ Քլինթ Պաճաքեան երէկ զրուցեց 40 երաժիշտներու հետ: