Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020

Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ՝ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։ Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ ու կ՚ապահովէ սննդեղէն ու մաքրութեան համար զանազան իրեր։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցեալ գրութեամբ այս հարցումին փորձեցինք պատասխան գտնել՝ մէջբերումներ կատարելով Հին կտակարանէն: Այս գրութեամբ պիտի շարունակենք այս հարցումին պատասխան կամ պատասխաններ գտնելը, մէջբերումներ կատարելով՝ այս անգամ Նոր կտակարանէն, մանաւանդ՝ չորս աւետարաններէն:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոշէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Գերմանացիներու մեծամասնութիւնը հասարակական փոխադրամիջոցներով երթեւեկելը նախընտրելի չի համարեր։ Այսպէս, քորոնաժահրի պատճառով Գերմանիոյ մէջ շատեր չեն ուզեր օգտուիլ հասարակական փոխադրամիջոցներէն։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Ճաբոնի մէջ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով արտածման ծաւալները մրցանիշային անկում արձանագրած են։ Այսպէս, Ճաբոնի Ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ընթացիկ տարուայ ապրիլին 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արտածման ծաւալները կրճատուած են 21.9 տոկոսով:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Քորոնաժահրի համավարակի պատճառով աշխարհի մէջ 60 միլիոն մարդ կրնայ յայտնուիլ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մելփաս։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբեմն կանգ պէտք է առնել, դիտել ու դատել ժողովուրդները եւ անհատները՝ անոնց աղաղակած գաղափարները լսելով: Անոնք այնքա՜ն կը սիրեն ազատութիւնը, անոր մասին ճառել, որուն համար պայքարներ կը մղեն, յեղափոխութիւն կ՚ընեն, կը զոհուին եւ զոհեր կը խլեն, բայց միշտ ալ յուսախաբութիւններու առջեւ կը գտնեն իրենք զիրենք եւ կը վերսկսին ազատութիւն(ներ) նուաճելու արշաւը:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քորոնա վարակի հետեւանքով ստեղծուած իրականութիւնը պատճառ կը դառնար, որ ինչպէս զանազան ոլորտներ, նոյնպէս ալ կրթական հաստատութիւնները վերատեսութեան ենթարկէին մինչ այդ ընդունելի համարուած իրենց աշխատելաոճը. աւելի՛ն, գործի լծէին նոր մեթոտներ իրականացնելու համար «հեռավար կրթութիւն» ընդհանուր խորագրին տակ ամփոփուող կրթական գործընթաց մը։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Այսօր Համբարձման տօնն է։ Այս տօնը բոլորիս համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ է։ Որովհետեւ Աստուծոյ Միածին Որդին Հօր Աստուծոյ կամքը կատարելով երկրի վրայ քարոզեց փրկութեան խօսքը, մեր փրկութեան համար չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ փառաւորեալ մարմնով քառասուն օրեր երկրի վրայ երեւեցաւ իր աշակերտներուն եւ այլոց ու երկինք համբարձաւ, հոն շարունակելու համար ըստ կարգին Մելքիսեդեկի քահանայապետական պաշտօնը։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիայէն երկրորդ անգամ խումբ մը հայեր վերադարձան Հայաստան։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան 168 քաղաքացի երէկ վերադարձաւ իր հայրենիքը։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը խորհրդածութիւններ ըրաւ համահայկական օրակարգի շուրջ:
Զարեհ Սինանեան կանգ առաւ պետականակեդրոն ինքնութեան գաղափարին վրայ՝ որպէս հայապահպանութեան երաշխիք:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկիրը պիտի շարունակէ փուշի վրայ ըլլալ, ամենափոքր զանցառութիւնը կրնայ վերստին թափ տալ համաճարակին։
Կուսակցականներու հետ կազմակերպուած առցանց լայնածաւալ խորհրդակցութեան մը ընթացքին նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ համաճարակի սահմանափակման զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ կը բանի աստիճանական բնականոնացման օրացոյցը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Աւանդաբար, Համբարձման տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած տարաձայնութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին սփիւռքեան մամուլին մէջ։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վերջերս այս նիւթին կապակցութեամբ գրի առաւ յօդուած մը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Զանազան երկիրներէ 170 արուեստագէտ Պեթհովենի երաժշտութեամբ խաղաղութեան կոչ յղած է աշխարհին։ Աշխարհի 15 երկրէ 170 արուեստագէտ առցանց հարթակի վրայ կատարած է Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն հատուած մը։ Երգիչները, երաժիշտները արուեստի միջոցով աշխարհին դիմած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կոչով:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երբ արտակարգ դրութիւնը մեղմացաւ եւ հանրակառքերուն արտօնուեցաւ երթեւեկել, անշուշտ դիմակն ու ձեռնոցը, ինչպէս նաեւ ախտահանիչը եղան ժողովուրդին անբաժան ուղեկիցները.

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս ճարտարարուեստի եւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու մէջ, նոյնպէս ալ բարեսիրական եւ եկեղեցական գործառնութիւններու մէջ յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան էական պայման է ուժի խնայողութիւն եւ կեդրոնացում։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։

Էջեր