Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած տարաձայնութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին սփիւռքեան մամուլին մէջ։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վերջերս այս նիւթին կապակցութեամբ գրի առաւ յօդուած մը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Զանազան երկիրներէ 170 արուեստագէտ Պեթհովենի երաժշտութեամբ խաղաղութեան կոչ յղած է աշխարհին։ Աշխարհի 15 երկրէ 170 արուեստագէտ առցանց հարթակի վրայ կատարած է Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն հատուած մը։ Երգիչները, երաժիշտները արուեստի միջոցով աշխարհին դիմած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կոչով:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երբ արտակարգ դրութիւնը մեղմացաւ եւ հանրակառքերուն արտօնուեցաւ երթեւեկել, անշուշտ դիմակն ու ձեռնոցը, ինչպէս նաեւ ախտահանիչը եղան ժողովուրդին անբաժան ուղեկիցները.

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչպէս ճարտարարուեստի եւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու մէջ, նոյնպէս ալ բարեսիրական եւ եկեղեցական գործառնութիւններու մէջ յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան էական պայման է ուժի խնայողութիւն եւ կեդրոնացում։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի արեւելեան հատուածին մէջ «Ամֆան» հզօր ցունամին մեծ վնասներ հասցուցած է, խլելով մարդոց կեանքեր եւ աւերելով հազարաւոր տուներ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի մէջ, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է քորոնաժահրէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ Այսպէս, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է համավարակէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Սպանիան կրնայ ստեղծել «անվտանգութեան միջանցք»՝ միջազգային զբօսաշրջիկներու համար։ Այսպէս, Սպանիոյ բնապահպանական բարեփոխումներու նախարար Թերեզա Ռիպերա տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը դիտարկեն միջազգային զբօսաշրջիկներուն «անվտանգութեան միջանցք» տրամադրելու հնարաւորութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական տուեալներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանէ ներս վարակի հաստատուած դէպքերու թիւը բարձրացած է 5 հազար 928-ի։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իր հնարաւորութիւնները ի գործ դնել՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայութեան սատար հանդիսանալու առաջադրութեամբ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ հաստատութիւնը 30 հազար ամերիկեան տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել որոշած է լիբանանահայ գաղութին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահը պաշտօնի ձեռնարկեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնամուտին ներկայ էին Նիկոլ Փաշինեան եւ Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն ի յիշատակ սահմանուած Համբարձում քրիստոնէական տօնը ժողովրդական խոր արմատներ ունի: Ըստ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ուսմունքին՝ Քրիստոսը խաչելութենէն երեք օր վերջ յարութիւն կ՚առնէ եւ իր աշակերտներուն քառասուն օր այցելելէ ետք, կը համբառնայ երկինք:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ծագումը։ Ո՞րն է մարդուն ծագումը։ Աստուած գոյութիւն ունի՞։ Որո՞նք են Աստուծոյ գոյութեան փաստերը։
Պատասխան.
Աշխարհի ծագումը Աստուծոյ արարչագործութեան առաջին հինգ օրերն են, որոնց ընթացքին Աստուած այս տիեզերքը ոչինչէն ստեղծեց։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք կենդանի այն յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անկեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքի մէջ պահուած է ձեզի համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով սկսած բողոքի ալիքը կը շարունակէ բնորոշել համայնքային շրջանակներու օրակարգը:
Աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ զօրակցութեան այցելութիւններ տուին Սաթենիկ Նշանին եւ Առլին Եշիլթեփէին: Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Ermeni cemaatinin malum konu ile bu kadar gönülden ve yakından ilgilenmesi her ne kadar yönetim kurulu üyelerimiz doğrudan hedef alınmış olsalar da bizi gururlandırmıştır. Eminiz ki bu birlik ve dayanışma ruhu ileride cemaatimizi ilgilendiren her türlü mesele için devam edecektir, etmelidir. Cemaatimizin her bir bireyinin toplumsal gelişmelere olan ilgisi takdir edilmekte, yapacakları katkılar da sabırsızlıkla beklenmektedir.

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ տարւոյս մարտ ամիսէն ի վեր քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ ամբողջ աշխարհ կ՚ապրի տագնապ մը։ Նոյն տագնապին մէջ է նաեւ ամբողջ Թուրքիա եւ բնականաբար մեր համայնքային կեանքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները երէկ հերթական անգամ դիմում կատարեցին դատական իշխանութիւններուն։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը վերջին օրերուն մերժած էր Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ զինքը բանտէն դուրս բերելու դիմումը։

Էջեր