Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Սուրբ Գրոց ընկերութեան Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մասնաճիւղերու տնօրէններուն տարեկան հաւաքը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ:
Մասնակիցներու շարքին են՝ Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեան եւ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան:

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Երիտասարդի աղօթագիրք»ը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կեդրոնական գրասենեակի։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Գեղամ Սրկ. Աւետիսեան եւ Սեւակ Սրկ. Գրիգորեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի միջազգային հաւաքի ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Պաքուի մէջ հայոց դէմ կազմակերպուած ահաւոր ջարդերէն ի վեր արդէն անցած է երեք տասնամեակ:
Հայաստանի պետական աւագանին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ - Վեհափառ Հայրապետը աղօթք արտասանեց զոհերուն համար:

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ընթացիկ տարուան առաջին օրերուն միջազգային բաւական մեծ լարում ստեղծած զարգացումները կրնային յանգեցնել այնպիսի տարողունակ պատերազմի մը, որ միայն Իրանի, Իրաքի կամ Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելք գտնուող ուժերուն միջեւ ըլլալիք պատերազմէն շատ աւելի մեծ տագնապ մը դառնալ։ Բայց եւ այնպէս, նոյն կարեւոր խաղացողները ընկալելով իրավիճակին վտանգաւորութիւնը անմիջապէս «կը փոխէին» իրենց ընդհանուր տեսակէտը եւ հանդէս կու գային բոլորովին այլ ձեւաչափի ընկալումներով։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Պատրիարքական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան փառաշուք արարողութեան եւ անդրանիկ մեծահանդէս Ս. Պատարագի արձագանգները կը շարունակուին համայնքային կեանքէն ներս։ Հաւատացեալ ժողովուրդը բարի տրամադրութիւններով եւ աղօթակից սրտով հոգեւոր հրճուանք կ՚ապրի՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս սկսած նոր շրջանին բերումով։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Յայտնի պարուսոյց Ժուլիա Մութլուի կողմէ գլխաւորուած պարախումբի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւ՝ արժանանալով գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Ժուլիա Մութլուի մականին ներքեւ եւ Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

ՀԱՅՃԱՐ-ը, որ մեր համայնքի մասնագիտական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն մին է, 2020 թուականը դիմաւորեց մասնաւոր ընդունելութիւնով մը, նաեւ ընդհանուր ժողովի գումարմամբ։ Այս կազմակերպութիւնը արդէն դարձած է 13 տարեկան եւ տարեմուտի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ 7 Հայորդեաց տուներու ոլորտային զանազան դասարաններու եւ Մանրանկարչութեան կեդրոնի սաներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին ներքեւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հալէպ. առաջին կայարան. Մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը» խորագրով հատորը հեղինակին՝ Զաւէն Խանճեանին ծննդավայր Հալէպի մասին է: Այս գիրքը տպագրուած է սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ 2012 թուականին:

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ինչպէս կենաց ծառը Ադամին կ՚ընէր, եթէ կերած չըլլար գիտութեան պտուղէն, կրնա՞յ ըլլալ, որ կինը ուրիշ տեղէ լսած ըլլար Մովսէսի օրէնքներէն կեանքի ծարաւի յատկութեան մասին: Հետեւաբար յայտնի է, թէ գիտութեան պտուղը չորս բանով վնասեց Ադամին. նախ՝ որովհետեւ կարօտ դարձաւ բոլոր պիտոյքներուն:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր անունը: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի համար:
«Աղօթեցէք, որ միշտ ունենամ Աստուծոյ երկիւղը իմ մէջս։ Ներելը եւ ներուիլը Յիսուսի ժառանգ թողած մեծագոյն ուսուցումն է», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ քարոզին:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի խօսքը՝ ասայի յանձնման պահուն:
«Ազգային ու եկեղեցական արժէքները պահպանող զէնքը թող հանդիսանայ այս ցուպը։ Գթալով հսկեցէք նաեւ ձեր անառակ որդիները ու դրան առջեւ սպասեցէք իրենց վերադարձին՝ ամուր գրկելու համար զիրենք»:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը՝ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, գահակալութեան պատմական արարողութեան ընթացքին:
«Ունիմ անձնական երախտիքի խոշոր բաժին մը Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին համար: Ինքն էր, որ գնահատեց իմ տաղանդն ու կարողութիւնները եւ ծառայութեան ընդարձակ դաշտ մը բացաւ իմ առջեւ, քաջալերեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ այն բոլոր աշխատանքին ու առաքելութիւններուս, որոնք դարձան կեանքիս ամենէն արդիւնաւէտ տարիները Հայաստանի մէջ: Ի վերջոյ զիս եպիսկոպոսացնելով հոգեւոր ծնող դարձաւ: Իր շինարարական աշխուժութիւնը եւ անխոնջ աշխատասիրութիւնը միշտ տպաւորեցին զիս եւ ներշնչեցին խորապէս։ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, որ Մայր Աթոռն է Լուսաւորիչեան մեր հաւատքին եւ միւս բոլոր աթոռները կը սերին իրմէ պատմական ածանցումով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին մեր եւ մեր միաբանութեան սիրոյ հաւատարմութիւնը կ՚ուղարկենք»:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզի՝ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակեալ սպասաւորիդ:
Շուրջ երեք տասնամեակ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, Դուք Քրիստոսը կը վկայէք տէրունապատուէր Ձեր առաքելութեամբ եւ Տիրոջ կենարար խօսքի քարոզչութեամբ՝ հոգեւոր սնունդ մատուցելով հաւատաւոր մեր ժողովրդին եւ արդիւնաշատ սպասաւորութեամբ առաւել լուսաւոր դարձնելով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանը:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Աւելի քան տասնամեակ մը վերջ այլեւս թափուր չէ Պոլսոյ Աթոռը: Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շաբաթավերջի արարողութիւններով պաշտօնապէս հասաւ իր աւարտին: Նորընտիր գահակալը կատարեց երդումը, ստացաւ ասան եւ գահ բարձրացաւ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց անդրանիկ Սուրբ Պատարագը: Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր տարեգրութեանց մէջ սպիտակ էջի մը բացուիլը: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաքելութեան ձեռնարկեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, համաքրիստոնէական ընտանիքի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան զօրակցութեամբ ու մեր համայնքի ջերմ վերաբերմունքով: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութիւն շնորհեց Նորին Ամենապատուութեան:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Սահակ Եպիսկոպոս, միաբան՝ Պատրիարքական Աթոռոյս Պոլսոյ եւ Սրբոյ ուխտին նախամեծար Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս կոչեցեալ յԱթոռ Պատրիարքութեան Կ.Պոլսոյ՝ ապաւինեալ յօգնականութիւն շնորհաց Բարձրելոյն եւ ի ներկայութեան հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորաց եւ ժողովրդեան՝ հրապարակաւ ուխտեմ բոլորապտուղ նուիրմամբ եւ հաւատարմութեամբ ընծայել զանձն իմ յառաջնորդութիւն մերազն ժողովրդեան ի ճանապարհս առաքինութեան եւ արդարութեան, ըստ աստուածադիր օրինաց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ ուղղափառ վարդապետութեան Քրիստոնէական կրօնի, ըստ մերոյս Եկեղեցւոյ դաւանութեան, ի պահպանութիւն եւ ի պաշտպանութիւն կրօնական, համայնքային, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութեանց իրաւանց։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Ծէսի ամբողջ հարստութեան, արարողակարգային ամբողջ ճոխութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւններուն ժամանակ իսկապէս շատ ուշագրաւ հնչեց պատգամ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն այդ պատգամը յիշեցուց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ իսկապէս տօնական մթնոլորտ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։

Էջեր