Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր «հաւատացեալ» պէտք է յստակօրէն ըմբռնէ, թէ «կրօնք» միայն Սուրբ Գիրք կարդալ, աղօթել, եկեղեցի յաճախել եւ մինչեւ իսկ «բարի» ըլլալ չի նշանակեր։ Իր բարձրագոյն իմաստով՝ կրօնք Աստուծոյ հետ անձնապէ՛ս յարաբերիլ, Անոր հետ մէ՛կ ըլլալ եւ Անոր մէջ Անոր կեանքը ապրիլ է։
ԵՐԱՄ
Կռնակը տուաւ արձանին, սկսաւ քալել Իսթիքլալն ի վար...
Վարէն, խորքէն եկող ձմեռնային քամին կարծես ետ-ետ հրէր զինք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրէնքը արդարներուն համար չէ՛», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ՏԻՄ. Ա 9)։ Եւ դարձեալ, բաղդատելով սէրը եւ օրէնքը, կը շարունակէ. «Սէրը օրէնքի լրումն է։ Ով որ ընկերը սիրէ, կը կատարէ օրէնքը» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 10)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լիբանանի պատերազմի ահաւոր ու անգործ օրերուն անհատը կ՚որոնէր պատառը ստեղծելու միջոցներ: Ժառանգաբար փոխանցուած շնորհքը կը յայտնուի, գտած է պահը եւ անհատին մտապատկերին մէջ կը գծէ բնութեան բարիքները, մետաղներն ու քարերը կը միաձուլուին. «Արմատներս Պոլիսէն կու գան, հայրս դերձակ էր, մեծ հայրս՝ պղնձագործ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տեսանելի ժամանակահատուածի բաղդատմամբ երկիրը ձեռք բերած է աննախադէպ քանակութեամբ սպառազինութիւն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան պիւտճէն 2018-էն ի վեր աւելցած է մօտաւորապէս 28 տոկոսի համեմատութեամբ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց միջնորդական յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս. պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւն:
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները կ՚ընդգծեն մարդասիրական եւ անվտանգութեան յաւելեալ միջոցառումներու կարեւորութիւնը:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական մեծ հաւաքի մը։ Այս շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ կազմակերպուած եզրափակիչ ժողովրդական հանդիպումն էր այս մէկը։
Նախարարները քննարկեցին յաջորդ տարի համատեղ աշխատանքը շարունակելու ուղղեալ ծրագիրը:
Մնացականեան եւ Մամետեարով տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի հաւաքի ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գագաթ մը:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն այս շրջանին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման եւ քիւրտերու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ երէկ մեր ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան թեկնածու էր պատրիարքի պաշտօնին համար, սակայն կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած սահմանափակումներուն պատճառով դուրս մնաց ընտրութեան գործընթացէն։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած այս քէրմէսը արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անկախ մտքի տէր ըլլալ» կը նշանակէ անկողմնակալ ըլլալ, անաչառ ըլլալ եւ դէպքերուն նայիլ առարկայական հայեացքով եւ անձերու միջեւ խտրութիւն չդնել, հաւասար նկատել եւ արդարադատ ըլլալ։ Անկախ միտք ունեցողը երբեք չ՚ազդուիր արտաքին ազդեցութիւններէ եւ կը վստահի իր իսկ մտքին, իր դատողութեան։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եւ այսպէս, քանի մը օր առաջ որոշեցի կատարել գնումներ։
Ուրախ ու զուարթ տունէն դուրս եկայ եւ ուղղուեցայ դէպի իմ ամենասիրելի առեւտուրի կեդրոնը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սփիւռքի տարածքին գործող ամենահին հայկական դպրոցը՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը շուտով կը նշէ իր հիմնադրման 200-ամեակը: Հիմնուելով 1821 թուականին՝ ճեմարանը լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է Հնդկաստանի հայ համայնքի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ եւ անոր գործունէութիւնը հայոց պատմութեան նշանակալի իրողութիւններէն մէկն է:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է երազներուն աղբիւրը: Պէ՞տք է հաւատանք այն բոլոր բաներուն, ինչ որ կը տեսնենք մեր երազներուն մէջ: Մեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն: Որո՞ւն պէտք է դիմենք հասկնալու համար մեր տեսած երազները:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ երկու յօդուածներով անդրադարձայ Թուրքիոյ մէջ որպէս հա՛յ հետազօտութիւն իրականացնելու դժուարութիւններէն ոմանց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը՝ խորհող, զգացող եւ որոշող անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ մարդ՝ շնորհիւ իր լեզուի եւ գրչի ազատութեան բանաւոր էակ մըն է։