Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

«Թաթուլ Ալթունեան» եւ «Մարալ» համոյթներուն համատեղ ելոյթը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Հովանաւորն էր բարերար Երկանեան ամոլը:
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան ու պարերու գագաթնային ձեռնարկը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ ռուս մէկէ աւելի պատասխանատուներ իրենց վրդովմունքը կ՚արտայայտէին Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած մօտեցումներուն մասին: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Աֆրինի դէպքերուն, ուր ըստ ռուսական աղբիւրներու, Պեշար Էսատի վարչակարգը «հլու եւ հնազանդ» չէր գտնուած եւ «խառնած էր» Աֆրինի համար նախատեսուած ծրագիրը:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընդհանուր ընթացքին:
Պապլէիթի օդակայանը բանակի վերահսկողութեան տակ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մենք աչք չունինք որեւէ երկրի տարածքին կամ ինքնիշխանութեան վրայ»:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Դատողութիւն» եւ «պատիւ». ահաւասիկ երկու արժէքներ, որոնք բանաւոր էակին՝ մարդուն էական յատկանիշներն են։ Դատողութիւնը, դատելու կարողութիւնը մարդուն յատուկ է, իսկ պատիւը, դարձեալ մարդուն բարոյական էութիւնը, արժանաւորութիւնը վեր պահող եւ ազնիւ հոգիի մը անհրաժեշտ տարրը, որ ընդհանրապէս կը յիշուի «մարդկային արժանապատուութի՛ւն»։

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018

Forbes Club-ի քննարկման ընթացքին ձեռնարկատէր Ռուբէն Վարդանեան անդրադարձած է շարք մը հարցերու՝ սկսեալ հայկական մշակոյթէն եւ ընտանեկան փողերը ժառանգելէն, մինչեւ Ռուսաստանի ֆոնտային շուկայի մէջ իրավիճակի կանխատեսումէն:

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան եւ Ռուսաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Վլատիմիր Սփիվաքովի ղեկավարութեամբ, այսօր ելոյթ կ՚ունենան Մոսկուայի Երաժշտութեան միջազգային տան մէջ: Համերգը նուիրուած է Մոսկուայի մայրաքաղաքի կարգավիճակի վերադարձման 100-ամեակին։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն ներս վերանուանում՝ ի յիշատակ մեծանուն մտաւորական Զապէլ Եսայեանի:
Համաշխարհային կանանց օրը այս տարի նշանաւորուեցաւ հայ մշակոյթի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը:

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս դարձեալ մտահոգիչ իրավիճակ:
Նիսի մէջ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի բնակարանին կղպանքը փոխուեցաւ՝ առանց զգուշացման:

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան եւ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Գա­զան­ճեան. Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան տնտես­նե­րը, ի­րենց երկ­րա­ւոր կեան­քը կնքե­ցին Մեծ պա­հոց ա­պաշ­խա­րու­թեան սուրբ շրջա­նին մէջ։
Ե­րա­նաշ­նորհ հո­գե­ւոր ծնո­ղիս յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ար­տա­սա­նած սրտի խօս­քէս յե­տոյ ին­ծի հա­մար քաղցր պար­տա­կա­նու­թիւն նկա­տե­ցի դար­ձեալ սրտի խօս­քով յի­շել Գա­րե­գին Պատ­րիար­քը, իր վախ­ճան­ման քսա­նա­մեա­կին առ­թիւ։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած յոբելեար «Թաթուլ Ալթունեան» երգի-պարի պետական համոյթը եւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան իրականացուցին համատեղ ընդհանուր փորձ մը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ընդհանուր փորձը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Մեր մա­տե­նա­գիր­նե­րէն կը քա­ղենք ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կար­գով չորս դա­սա­կար­գի եր­գող­ներ. Գող­թան եր­գիչ­ներ, գու­սան­ներ, տա­ղեր­գու­ներ, ա­շուղ­ներ.
- Գող­թան եր­գիչ­ներ։ Գող­թան կամ Գողթն գա­ւա­ռը օրհ­նուած էր բնու­թեան պար­գեւ­նե­րով, մաս­նա­ւո­րա­պէս այ­գի­նե­րով։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի անունն ու մշակութային տաղանդը համաշխարհային ճանաչումի եւ գնահատանքի արժանացնող ազգային մեր մեծութիւններու փաղանգին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի Ալան Յովհաննէս, որու ծննդեան 107-րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 8-ին։

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Խիզախ» համարուած որոշումով մը Երուսաղէմի քրիստոնեայ երեք հոգեւոր պետերու որոշումով կը փակուէր Ս. Յարութեան տաճարի մայր դուռը: Վերջին տասնամեակներուն Երուսաղէմի մէջ նման դէպք չէր արձանագրուած: Ճիշդ է, որ տեղի ունեցած էին բազմաբնոյթ տեսակի բողոքի հաւաքներ, սակայն չէր պատահած, որ իրարու հանդէպ ոչ այնքան «բարեացակամ» կեցուածք ունեցող համայնքներու ղեկավարները իրարու մօտ գալով՝ որոշում ընդունէին փակել քրիստոնեայ աշխարհի ամենէն նշանակալից տաճարին դռները:

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակի», անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ առակին. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 2-5) աւետարանական հատուածին հետեւողութեա՛մբ։ Այս առակը, ըստ էութեան, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ «յարատեւութեան» կարեւորութիւնը՝ նպատակի մը հասնելու գործին մէջ։ Եւ երբ կը խօսուի յարատեւութեան մասին, կ՚արժէ յիշել այն բնական իրողութիւնը, թէ՛ ժայռի վրայ թափուած ջուրին ո՛չ թէ քանակը, այլ կաթիլներուն տեւականութիւնը եւ յարատեւութիւնն է, որ խոռոչներ կը բանան եւ կը ծակեն զայն։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

Երէկ, Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ համայնքային մասնաւոր կանանց հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ամէն տարի երկու անգամ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերը կ՚իրականացնեն այդ ձեւաչափով երկու հաւաքոյթ։ Այս տարուան հաւաքոյթներէն մին զուգադիպեցաւ Մարտի 8-ին։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ տեղ կը զբաղեցնէ՝ Հայաստանի կողմէ 2009 թուականին, Ցիւրիխի մէջ, Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման գործընթացի կասեցումը։ Այս կապակցութեամբ անցեալ տարեվերջին հերթական վիճաբանութիւնն ալ տեղի ունեցած էր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մարտ է, խենթ Մարտ: Քիչ ա­ռաջ պայ­ծառ ա­րե­ւուն ջերմ շո­ղե­րը կը թա­փա­ռէին, ա­հա սու­րա­լով ե­կաւ մթա­մած ամպ մը, հրէ­շի պէս կուլ տուաւ շո­ղե­րը ու փո­րը խո­շոր դե­ւի կեր­պա­րան­քով սկս­աւ վե­րէն դի­տել, հո­վուն սու­լո­ցը լսուե­ցաւ չորս կող­մէն, ցրտեց. հե­ռու չէ նաեւ անձ­րե­ւը, նոյ­նիսկ ե­թէ անձ­րե­ւէ, եր­կար չի տե­ւեր, ա­րե­ւը կը շա­րու­նա­կէ մարտն­չիլ ամ­պե­րուն հետ ու փոխ­նի­փոխ յաղ­թա­նակ կը տա­նին, մինչ մենք՝ հան­դի­սա­տես­ներս, մերթ կը թրջուինք, մերթ կը քրտնինք, մերթ հո­վը կը հա­ր-ւա­ծէ, կը չորց­նէ թա­ցու­թիւ­նը, որ­մէ ետք՝ պա­ղա­ռու­թիւն, կրիփ...: 

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Մեծ պահ­քի հին­գե­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կի: 
Ղու­կա­սու Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ մեր Տէ­րը Յի­սուս Քրիս­տոս ա­ռակ մը կը պատ­մէ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. քա­ղա­քի մը մէջ կար այ­րի կին մը, որ իր շրջա­պա­տէն ա­նի­րա­ւուած էր։ 

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք ճշմար­տու­թիւ­նը՝ թէ մարդ մար­մին չէ՛ միայն, այլ՝ մար­մին - հո­գի ե՛ւ միտք, ո­րոնք կը կազ­մեն եւ կ՚ամ­բող­ջաց­նեն մար­դը որ­պէս անձ՝ ապ­րող, զգա­ցող եւ մտա­ծող էակ։ Մարդ միայն մար­մին չէ, այ­լա­պէս «ոս­կի կուռք» մը պի­տի ըլ­լար ան՝ ան­սիրտ եւ ան­խիղճ եւ ան­բա՛ն։

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանապետը կը մեկնաբանէ Սուրբ Տեղեաց վերաբերեալ վերջին շրջանի կարեւոր իրադարձութիւնները:
Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան. «Եկեղեցապատկան կալուածները կը ծառայեն որպէս եկամուտի աղբիւր, տուեալ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտ իրականացման համար։ Վանքերը դարեր շարունակ ազատ եղած են տուրք վճարելէ։ Մենք դէմ ենք, որ հարկեր սահմանուին եկեղեցիներուն համար»:

Էջեր