Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Մարտիրոս Սարեանի ապակիի վրայ նկարած «Ծաղիկներ» գործը, որ երկար տարիներ եղած է Մոսկուայի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով մէկ շաբաթով կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան անցեալ շաբթուան կէսին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի կողմէ: Ըստ լսումներու, Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանն ալ հրաւիրուեցաւ նահանգապետարան, սակայն Գումգաբուի աղբիւրները լռութիւն կը պահեն այս մասին: Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլի կուսակալութենէն կարեւոր նամակ մը հասաւ Պատրիարքարան: Պատկան իշխանութիւններու մօտեցումով՝ պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր գործողութիւնները իրաւականօրէն կը համարուին բացարձակապէս անվաւեր, ընդհանուր փոխանորդին առընչութեամբ առնուած որոշումներով հանդերձ: Առկայ պայմաններով գործնականօրէն լրջօրէն վտանգուած է ընտրութեան հեռանկարը:
Պետութենէն վերջնագիր: Անհեռատեսութեան ծանր հետեւանք:
Վաղը կէսօրուան ժամերուն մեր համայնքէն շուրջ քսան հոգիէ բաղկացեալ ազգայիններու խումբ մը բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութեան մը նպատակով հրաւիրուած է նահանգապետարան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Եւ ահա՛, ի վերջոյ եկաւ պետութենէն սպասուած պատասխանը։ Պատրիարքական ընտրութեան տագնապը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական նամակը ունի շատ կարեւոր բնոյթ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեան համերգային շրջագայութիւններով բազմիցս եղած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Այս առթիւ յօրինողը հանդիպման բազմաթիւ առաջարկներ առած է։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հազարամեակ մը առաջ ֆրանսերէնը Միջերկրական ծովու ափերուն փռուած, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութենէն ներս, հայկական արքունիքի պաշտօնական գրագրութեան եւ արուեստի լեզուներէն էր:

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակութեան տօնը այս տարի կը հանդիպի 6 Փետրուար Երեքշաբթի օրուան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ո՞վ է Մոնիքա Մանիշակ։ Ան ընկերաբան է։ Ծնած է Պոլսոյ մէջ: 2010-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը: 2008-2009 թուականներուն մեկնած է Փորթլանտ, Օրեկոն, Միացեալ Նահանգներ, որպէս AFS «Intercultural Programs» ծրագրի փոխանակման ուսանող, ստանալով ամբողջական կրթաթոշակ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 26)։
Կը պատմուի, թէ թագաւոր մը, նախանձոտ մարդու մը եւ ագահ մարդու մը կը խոստանայ տալ իրենց ի՛նչ որ կ՚ուզեն, բայց պայմանո՛վ մը, որ վերջին խնդրողին կրկնապատիկ պիտի տայ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երբ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը մատնուած է բորովին անորոշ կացութեան մը, առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէ ներս կարգ մը լսումներ մտած են շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, ըստ այդ անպաշտօն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դատ բացած է պետութեան դէմ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վատիկան:
«Այս ուղեւորութիւնը կարեւոր հնարաւորութիւն մը կը նկատեմ՝ մարդկային հասարակաց արժէքներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու առումով։ Կարծիքներ պիտի փոխանակենք ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ»:

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ արարողութիւն՝ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ժողովը հասաւ աւարտին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

Վաքըֆլըգիւղի Հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայ Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետն է Կոստան Զարեան, որուն ծննդեան 133-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուարի 2-ին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միայն տարուան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է Միացեալ Նահանգներուն Ասիոյ նայելու ձեւը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Վերջերս երկու դէպքեր պատահեցան Մեծն Լոս Անճելըսի մեր հայկական գաղութին մէջ, որոնցմէ մէկուն ներկայ գտնուեցայ եւ միւսին՝ դժբախտաբար ոչ։ Այս երկու դէպքերն ալ խռովեցուցին զիս, որովհետեւ հայկականութենէ զուրկ էին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան դէպի Մոսկուա այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանը։

Էջեր