Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը։ Կա­մա­ւոր հո­գա­բար­ձու­ներ Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լին կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին մաս կազ­մե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան, փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան, քա­նի մը ա­շա­կերտ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ե­րե­կոյթ մը։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան յայտ­նի դե­րա­սան­ներ Սե­ւինչ Էր­պու­լաք եւ Ֆրատ Թա­նըշ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Գում­գա­բուի մէջ ար­դէն ստեղ­ծուած է Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօ­նե­րուն բնո­րոշ ա­ւան­դա­կան մթնո­լորտ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի տօ­նա­ծա­ռը վեր­ջին օ­րե­րուն յար­դա­րուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի «Թա­թուլ Ալ­թու­նեան» եր­գի ու պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այս շրջա­նին կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։  Ար­տա­սահ­մա­նի մէջ այս յո­բե­լեա­նի շար­ժա­ռի­թով ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը նա­խա­տե­սուած է Իս­թան­պու­լի մէջ՝ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» հա­մոյ­թին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի եւ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի մի­ջեւ կը շա­րու­նա­կուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, որ կ՚ու­նե­նայ դրա­կան պտուղ­ներ, մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեք կարճ բառերով ամրացուած է FLY կազմակերպութեան անունը, որ բացի մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնելէ, մարդկային առաքելութեան հաւատացող խումբ մը մարդոց մէկտեղումով սկիզբ առած նախաձեռնութիւն մըն է: FLY-ը, որ բառացիօրէն՝ Freedom Loving Youth նախադասութեան առաջին սկզբնատառերու ամփոփումն է, հիմնադրուած է ամերիկահայ Գարոլին Գուզուեան-Սամուէլեանի ճիգերով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

Աստուածաշունչ մատեանը կը հաստատէ. որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուեցան եւ Աստուծոյ կողմէ այս երկրի վրայ հաւասարապէս, միասնաբար բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուեցան (Հմմտ. Ծն 1,27-28): Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին տագնապի լոյսին տակ միջազգային քննարկում՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս:
Աշխարհի 128 երկիրներ ուղղակիօրէն դէմ հանդէս եկան Միացեալ Նահանգներու որոշման - Երեւան եւ Պաքու նոյն ճամբարին մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

«Առանց պատկան մարմիններու թոյլտուութեան մենք չենք կրնար ունենալ նոր գահակալ մը, իսկ սա կը նշանակէ, որ առ այժմ ընտրութիւն տեղի չ՚ունենար։ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան պէտք է ետ քաշուի՝ որպէսզի տեղի ունենան ընտրութիւններ»:
Արմատական խիստ պահանջներ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Ես քանի մը անգամ ըսած եմ, որ իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովելէ վերջ առնուին մնացեալ քայլերը, սակայն կատարուեցաւ ճիշդ հակառակը եւ այս պատճառով ալ ստեղծուեցաւ առկայ իրավիճակը»։
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ Իսթանպուլի կուսակալը պաշտօնապէս յայտնած է, որ պետութիւնը դէմ չէ ընտրութեան, սակայն պէտք է վերահաստատուի այս գործընթացի սկզբնական փուլի կացութիւնը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը ներկայացուց այն իրագործումները, զորս կատարած է ութ տարիներուն ընթացքին, յիշեցնելով նաեւ, որ միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարներ գնահատած են իր գործունէութիւնը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս՝ առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Օրհնութիւն»ը վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Վասնզի Անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է եւ Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեա՛ն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 2)։ Եւ դարձեալ. «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի որ կարօտութիւնը պիտի չունենամ» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1)։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Սերկէյ Առաքելեանի՝ նոր հրատարակուած «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոն» գիրքը կ՚ամբողջացնէ թատրոնի 85-ամեայ պատմութիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր խօսքին մէջ գովասանքով արտայայտուեցաւ հատորին մասին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւարտին հասցուց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը:
Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական հարցերով աւագ խորհրդական Էթիէնի հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այս տարի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէ դուրս իրականացուցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ։ Հայկական արուեստը Հայաստանէն դուրս ներկայացնելու՝ պատկերասրահի նպատակը որոշ չափով յաջողած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատկերասրահի իրականացուցած աշխատանքները ամփոփած է պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Սա­գօ Ա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-
Ե­րե­ւա­նի մէջ, Դեկ­տեմ­բե­մի 18-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում՝ նուի­րուած թուրք գրող Պիր­կիւլ Օ­ղու­զի «Հա՛հ» հա­տո­րին: Թուրք ե­րի­տասրդ գրա­գի­տու­հիին գիր­քը հրա­պա­րա­կուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Ան­տա­րես» հրա­տարկ­չա­տան կող­մէ: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Նալպանտեան երէկ մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Մամետեարով խօսեցաւ տարեմուտին Նալպանտեանի հետ նախաեսուած հանդիպման ժամկէտին մասին։
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի տեսակցութիւնը։
Չավուշօղլու անկարեւոր կը համարէ Հայաստանի՝ արձանագրութիւնները առ ոչինչ հռչակելու ուղղեալ քայլը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day-«Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ՝ աղմկալից:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի թա­տե­րա­կան կեան­քին հե­տե­ւող ա­մէն ոք «ցնցիչ» ա­նակն­կա­լի առ­ջեւ կը դրուէր, լսե­լէ ետք պէյ­րութ­ցի ա­նուա­նի դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ Զիատ Ի­թա­նիի ձեր­բա­կալ­ման լու­րը: 
Այս հա­ղոր­դու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք երկ­րին մէջ շրջան կ՚ը­նէին տա­րա­տե­սակ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ ա­սէ­կօ­սէ­ներ, ըստ ո­րոնց Ի­թա­նի ձեր­բա­կա­լուած էր ան­հա­տա­կան խնդրի մը, կամ «սի­րոյ պատ­մու­թեան» մը հի­ման վրայ, սա­կայն ե­ղա­ծը ա­ւե­լի ծանր էր: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայերէնի նուիրեալ գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեան. «Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը, որուն համար պէտք է գուրգուրանք Սփիւռքին, պահենք մեր լեզուն ու առաւելագոյնս դիմանանք»:

Էջեր