Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ լեզուաբան, գրականագէտ, բժշկական գիտելիքներու քարոզիչ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Սեբաստիոյ նահանգի Եւդոկիա գաւառի նոյնանուն քաղաքին մէջ. իր աշխատութիւններուն մէջ չափազանց մեծ տեղ տուած է հայրենի Եւդոկիա գաւառի սովորութիւններուն, բարբառին:
Գեղարուեստական, նկարագրական իր գործերէն զատ, Յովհաննէս Գազանճեան 1889 թուականին, Յ. Գասարճեանի համահեղինակութեամբ, կը գրէ «Գաղտնիք եւ արուեստ մոգութեան» աշխատութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովի ընթացքին թէեւ արծարծուեցան բազում նիւթեր, սակայն ամենաշատ եւ ամենայաճախակիօրէն հնչած բառերէն մին էր համագործակցութիւնը։ Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ ներս իրապաշտ համագործակցութիւն մը այսօր կ՚ենթադրէ հիմնական երեք առանցք։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 12 նորաօծ քահանաները։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019

Կիւմրիի մէջ նշուեցաւ Մհեր Մկրտչեանի ծննդեան 89-ամեակը։ Այսպէս, Կիւմրիի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինն ու Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանը կիւմրեցիներուն ու Կիւմրի այցելող հիւրերուն յուլիսի 4-ին պարգեւեցին անմոռանալի օր մը՝ սիրուած դերասան Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած շարք մը միջոցառումներով նշելով անոր ծննդեան 89-ամեակը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պասքեթպոլի խումբերու կազմութիւնն ու պատկանելիութիւնը մեծապէս կը տարբերին միջինարեւելեան երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ։
Միջին Արեւելքի մէջ՝ գէթ իմ հոն ապրած ժամանակամիջոցին՝ պասքեթպոլի խումբերը կը բաղկանային սիրողական մարզիկներէ եւ կը պատկանէին հայ թէ օտար մարզական ակումբներու, ինչպիսին են Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնն ու Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւնը (ՀԵԸ եւ ՀՄԸՄ), ի միջի այլոց։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տարուան ընթացքին երեք անգամ կը տօնախմբէ ու կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակը: Այսպէս, մեր եկեղեցին ունի իր Վիրապ մուտքի, Վիրապէն ելքին եւ Նշխարներու գիւտին նուիրուած երեք տօներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեծագոյն հարցը, որ կը լսեմ Հայաստան տեղափոխուող կարգ մը սփիւռքահայերէն «մինակ մնալու» խնդիրն է։ Շատ յստակ եւ ընդգծուած ձեւով յայտնի է, որ սփիւռքահայու հոգեբանութեան մէջ Հայաստանը անաղարտ եւ մաքուր հողաշերտ մըն է, որուն վրայ ո՛չ մէկ անախորժութիւն, ո՛չ մէկ յանցանք եւ ոչ մէկ սխալ կայ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովը առիթ հանդիսացաւ հայաշխարհի բազմաբնոյթ արդի եւ հրատապ խնդիրներու քննարկման։ Շուրջ քսան տարիէ ի վեր կը կազմակերպուին նման համաժողովներ։ Ցայսօր անոնք առ հասարակ կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ, անգամ մըն ալ Արցախ, միակ բացառութիւնը եղած է Պրաթիսլաւան՝ երկրորդ հազարամեակի անմիջապէս սկիզբին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Երէկ, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց հիման վրայ իշխանութեան գլուխ եկան աջ կեդրոնամէտները։ Այսպէս, ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը, որ ապահովեց ձայներու 39.8 տոկոսը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Հայկական դիւանագիտութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ծանրակշիռ կորուստ մը. ոչ եւս է դեսպան Արման Կիրակոսեան։ Սա ոչ միայն հայկական դիւանագիտութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ կորուստ մըն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Կրօնական ժողովի վերընտրեալ ատենապետը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ «tert.am» կայքէջին:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, տեղապահի ընտրութեան ժամանակ հոգեւորականները ճնշումներու տակ քուէարկած են, անոնց կաշառք առաջադրուած է: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համոզուած է, թէ պէտք է մարսել պարտութիւնը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս ծառայող 12 սարկաւագներ կոչուեցան քահանայութեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Նորընտիր տեղապահը առաջին պատգամը տուաւ Գնալըի մէջ. «Սէրը չկորսնցնենք իրարու նկատմամբ»
Տ. Սահակ եպսկ. Մաշալեան. «Դժուար շրջանը վերջացաւ։ 85-րդ պատրիարքը մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ պատմութեան իր ճանապարհորդութեան մէջ»։
Նորին սրբազնութիւնը մէջբերեց Տէր Յիսուսի խօսքը, թէ լաւ պտուղ ունենալու համար պէտք է առողջ պահել ծառը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ.- Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.- Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 4-5)։
Արդարեւ, սէրը օրէնքին լման կատարումն է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8)։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019

Գնալը կղզիի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացումը, որու առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները ստեղծեցին տօնախմբութեան մթնոլորտ։ Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւն»ը կամքին եւ իմացականութեան մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։
Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր անձ տէ՛ր է իր անհատականութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենար անցեալ կիրակի, յունիսի 30-ին, տակաւին երկար ժամանակով պիտի դառնայ բազմաբնոյթ քննարկումներու առանցք։
Խօսքը Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին մասին է, որուն հետեւանքով ալ սպաննուեցան երկրի փախստականներու հարցերով նախարար Սալեհ ալ Ղարիպի երկու թիկնապահները։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք ձեզ՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման առաքելութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս։ Հայրապետական այս դարաւոր Ս. Աթոռը կոչուած է «Տուն», որովհետեւ ան տունն է եղած, եւ է՛, ողջ հայութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019

Երէկ, Երեւանի մէջ պարգեւատրուեցան խումբ մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ, որոնց ի պատիւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեան պետական կոչումներ եւ պարգեւներ յանձնեց շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու, որոնց կարգին էին Հանրապետութեան աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը, ոստիկանապետը, յատուկ քննչական ծառայութեան պետը, ինչպէս նաեւ բանակի, ոստիկանութեան, անվտանգութեան համակարգի եւ դատական համակարգի շարք մը պաշտօնատարներ։

Էջեր