Արխիւ
Սոչիի վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ալեքսէյ Օվերչուք շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարը անփոփոխ օրակարգ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։
Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ նոր գարուն մը:
Նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց իշխան Էլ Նահիանը:
Երեւանի մէջ այսօր յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս ձեռնարկը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։
Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել հայաշխարհէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութիւնը նախընթաց օր հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, որով մտահոգութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած ըլլալուն բերումով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակեց վերջին օրերու խորհրդակցութիւններու շարքը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ զանազան հարցերուն շուրջ։
«Սիվիլնեթ» կայքէջին վրայ «Զարկերակ» ծրագրի հեղինակ Առէն Քերթեշեան զրուցեց Արա Գօչունեանի հետ. «Հիմա արդէն անցած ենք ճգնաժամային դրութեան»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը լայն արձագանգ կը ստեղծէ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինը։ Ուսուցչաց օրուան առիթով կազմակերպուած այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Մուամմէր Քեսքինին ընկերացան Շիշլիի քաղաքապետութենէն շարք մը պատասխանատուներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այս մութ ու մռայլ օրերուն խաւարի մէջ փնտռեցի լոյս եւ գտայ քեզ: Աւելի ճիշդ մեզ՝ իմ եւ քու ծանօթութիւնը, առաջին հանդիպումը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. ներկայիս կարծէք ֆիզիքականին՝ մարմինին պահանջները գերիշխող դարձած են: Աստուածաշունչը այս մասին որեւէ բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. անշուշտ կ՚ըսէ: Սուրբ Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին 8-րդ գլուխին առաջին բաժինին մէջ կը խօսի հոգիով ապրուած կեանքի մասին, ուր հետեւեալ արտայայտութիւնները կ՚ունենայ.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ երկար տարիներու կուսակցական ու յեղափոխական անցեալ ունեցող անձնաւորութիւն մը իր կեանքի յուշերէն կը պատմէր. պատմածները պատմական ինչ մեծ արժէք կը ներկայացնէին: Փափաք յայտնեցի, որ օր մը ինք պատմէ եւ ես գրի առնեմ իր յուշերը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Առաւօտ ժամը 05.00-ին, խաւարապատ շրջակայքի մը մէջ երբ առաջին անգամ հանդիպում ունեցայ Թիֆլիզի հետ, արդէն քիչ թէ շատ մտքիս մէջ կային յատկապէս երկու անուններ, որոնցմէ առաջինն էր Սայաթ Նովա կոչեցեալ մեծ երգահանը, որ անուանակիցս եղեր է իր աւազանի անունով, իսկ երկրորդը՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ կոչեցեալ Յովհաննէս Թումանեանը։
Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ նոյեմբերի 26-ին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
«Ատրպէյճան ակնյայտ տարածքային նկրտումներ կը ցուցաբերէ, սակայն Հայաստան հարկադրանքի տակ պիտի չգործէ՝ բոլոր լծակները օգտագործելով»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան արդէն մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կատարելագործելու համար իր ուսումը։ Մայրավանքէ ներս ան արդէն հաստատուած է եւ աստիճանաբար կը ներգրաւուի աշխատանքային ծրագրին։
Երուսաղէմը աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու եւ քաղաքական առեւտուրի ամենաթէժ հանգոյցներէն մէկն է երկրագունդի վրայ եւ այնտեղ ուժեղ ներկայութիւն ունենալը, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային իրաւունքներ պաշտպանելը մեր կարեւորագոյն եւ հազուագիւտ լծակներէն մէկը կրնար ըլլալ:
Անցեալ տասնամեակներուն ու անոնցմէ ալ առաջ, նմանօրինակ գործարքներ շատ եղած են: Պատրիարքն ու Սրբոց Յակոբեանց ողջ միաբանութիւնը պէտք է դուրս գան հաշուետուողականութեան տեսակէտէ իրենց ձեռնտու ինքնամեկուսացումէն։ Թափանցիկ ու կանխատեսելի դարձնեն իրենց գործունէութիւնը, ինչ որ միակ ճանապարհն է վստահութեան դրամագլուխ ունենալու:
Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու անդամներուն հաւաքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, մեր քահանայից դասու անդամները հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։