Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի նախաձեռնութիւնները:
Ընտանիքի տարուան առթիւ լոյս տեսաւ Խրիմեան Հայրիկի բարոյախրատական ժողովածոն:
Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք յայտնեց, որ ամրան արձակուրդի նոր օրացոյց մը պիտի հաստատուի յառաջիկայ շրջանին։ Ըստ նախարարին, ներկայիս արդիւնաւէտութեան եւ հաւասարակշռութեան հիման վրայ աշխատանքներ կը կատարուին։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Այսօր Փարիզի Առեւտրական հարցերու ատեանին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ դատավարութիւն մը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախօրէին ամերիկացի պետական քարտուղարը հանդիպած էր իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Մնացականեանի եւ Մամետեարովի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումը կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ:
Երեւան եւ Պաքու միշտ տարակարծիք՝ Արցախի բանակցային սեղան վերադառնալու հաւանականութեան շուրջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Պելժիա, ուր նախագահեց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Պրիւքսելի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ նաեւ շարք մը միջեկեղեցական հանդիպումներ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Դամասկոսի մէջ երէկ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էսատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայութիւնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին նոր սկիզբ մը կ՚որոնեն իրենց յարաբերութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Ուքրայնայի պարագային առկայ տարաձայնութիւններու հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան յաղթահարման նպատակով։
Կրօնական ժողովի ատենապետը մեկնաբանեց ներքին գործոց նախարարին Գումգաբու այցելութիւնը:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան լաւատեսօրէն տրամադրուած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին համար:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փեքինի մէջ ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի կողմէ։ «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագրեալ համաժողովին համար Փեքին մեկնած է Նիկոլ Փաշինեան, որ Ցի Ցինփինի հետ քննարկեց Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին կարեւոր նիւթեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց կեանքին մէջ տարիները կը սահին եւ կ՚երթան. անցեալի դպրոցականներ, ուսանողներ ներկայիս զանազան ասպարէզներու տէր, դիրքերու եւ աստիճաններու տիրացած, պաշտօններ ստացած՝ գործնական կեանքի յորձանուտին մէջ կեանքի պայքարին մասնակիցները եղած են։ Տարիներ կ՚անցնին եւ կեանքեր կը փոխուին՝ ընտանիքի փոքրագոյն անդամը կը վերածուի նորակազմ ընտանիքի մը ամենէն տարեցը՝ իր նախկին դիրքը փոխանցելով նոր կրտսերագոյն անդամներու։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Շուէտի մէջ ձեռնարկ՝ հայո՞ց մասին…
Ընթերցողը շփոթութեան չմատնելու համար ըսեմ, որ այս դէպքը կը պատահի 1971 թուականին, երբ հայուն հոտն անգամ չկար սկանտինաւեան երկիրներու այդ միաւորին մէջ, ուր ամառը միայն չորս ժամ գիշերուայ խաւար կը տիրէ՝ 10.00-2.00:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչեւ երէկ գերակշռողը իսրայէլեան բանակի ուժն էր, իսկ այսօր այլ է պատկերը…
Ինչ ալ ըլլան պարագաները Միացեալ Նահանգներու այսօրուան վարչակարգին համար գլխաւոր խնդիրը Իսրայէլի պետութեան անվտանգութեան պահպանութիւնն է։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Համշէնը վերջին տասնամեակի ընթացքին դարձաւ բաւական տաք նիւթ մը, թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ մասամբ նաեւ պոլսահայկական լրատուական դաշտի մէջ։ «Համշէն», «համշէնահայ» եւ «համշէնահայութիւն» բառերը սկսան գործածուիլ աւելի յաճախակիօրէն, այդ նիւթով յօդուածներ գրուեցան, ձեռնարկներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան, փոխադարձ այցելութիւններ ու մշակութային ծրագիրներ իրականացան...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայը հունտի մը կը նմանի։ Որքան ալ փորձես մաքրել, հնձել զայն, միեւնոյնն է, թեթեւ հովի մը օգնութեամբ ան օդի մէջ սաւառնելով, ի վերջոյ մայր հողին գիրկը կը վերադառնայ։ Նորէն կը ծլարձակի, կը շատնայ. պարզապէս անհնարին է հունտը, ինչպէս նաեւ հայը արմատախիլ ընել։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ռուսահայ համայնքէն իրաւաբան Սերկէյ Աւագեանն ու Նարինէ Յարութիւնեանը։ Մեր հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Յարութիւն Շէշէթեան։
Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամիսներու նուիրապետական կարգին մէջ մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Աննկարագրելին ինչպէ՜ս կարելի է նկարագրել. մայիսն է ի՛նչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երեք բան յայտնի է, որովհետեւ երեք հարցումներ կան Աստուծոյ Բանին համար: Նախ, Բանը ե՞րբ էր: Ասոր պատասխան տուաւ, թէ՝ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ էր:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին քննարկեցին Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը եւ մասնաւորապէս կանգ առին Իտլիպի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններուն վրայ։