Արխիւ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը միշտ կը կարեւորէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հայկական վարժարաններ այցելելով զրուցեց աշակերտներուն հետ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Մենպիչէ վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աշխատանքի դաշտը պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելքը, ուր պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական թիրախները։ Այս յայտարարութիւնը արդէն ընկալուած է որպէս նոր գործողութիւններու ազդանշան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Մինսք այցելեց՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման առթիւ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Զարիֆը, Զալքալիանին եւ Մամէտեարովը:
Երկու տարբեր ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«10 Քարաքէօյ»ի երդիքին տակ կազմակերպուած եզակի ու որակեալ ցուցահանդէս մը:
Երիտասարդ արուեստագէտ Արտէն Ուլիկեանի ստեղծագործութիւնները գնահատանքի առարկայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի խորհրդականը երէկ շուրջ մէկ շաբաթով ժամանեց քաղաքս:
Մասնագիտութեամբ թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեան Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը կը կազմեն բարդ ու տարաբնոյթ համակարգ, զոր հայ էթնոսի ձեւաւորման եւ պատմական զարգացման տարբեր փուլերու արգասիքն է:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշունը Արցախի մէջ իւրօրինակ է իր գոյներով, բնութեամբ եւ առհասարակ՝ գալուստով։
Արցախի մէջ աշնան բնութիւնը իւր զարմանահրաշ գոյները կը տարածէ ամէնուր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ դարերու ընթացքին «օրէնք»ի հանգամանք էր ստացած հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորթութիւնները եւ մարդս մարդու ստրուկ եւ հլու կամակատար էր դարձեր։ Ահաւասիկ, մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ այս իրողութեան դէմ հետզհետէ հաստատուեցան հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարները։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Երեւանի երէկուան հանդիպումներէն վերջ ԵԱՀԿ-ի միջնորդները կ՚այցելեն նաեւ Ստեփանակերտ եւ Պաքու:
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը բնորոշուեցաւ՝ կոթողային վիթխարի ենթակառուցուածքի ծրագրի մը կեանքի կոչուելով:
Քաղաքացիական օդագնացութեան բնագաւառէն ներս Թուրքիա կը ձգտի յառաջիկայ շրջանին դառնալ համաշխարհային նշանակութեամբ առանցք մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ ներկան է, որ կ՚ապրի եւ յաճախ ներկայի զբաղումներով եւ ապագայի մտահոգութիւններով զանց կ՚առնէ անցեալը։ Բայց մարդ կ՚ապրի երեք ժամանակներու մէջ՝ իրերայաջորդ ապրումներով:
ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ
Կրթական վերամուտը ընթացք առաւ եւ դպրոցական տարեշրջանը գտաւ իր սովորական ընթացքը: Հանդիպեցանք ժպտուն դէմքերով աշակերտներու եւ ծնողներու գեղեցիկ նկարներու:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբերի 1-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակի օրը: Ս. Յովհան Ոսկեբերանի յիշատակը տարին երկու անգամ կը տօնուի. նախ՝ Տասներկու վարդապետներուն հետ՝ Խաչվերացի Զ. կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը, ապա առանձին՝ Խաչվերացի Է. կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը:
Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.13 )
Վրժէխնդրութիւնը Աստուծոյ կողմէ բացարձակապէս արգիլուած է: Վրէժխնդրութիւնը պէտք չէ շփոթել անձի արդար պաշտպանութեան հետ:
Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական պարերու երեկոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Պոլսահայ երաժշտական կեանքի համակրելի արուեստագէտներէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Գերմանիա, ուր մասնակցեցան Շթուտկարտի մէջ կազմակերպուած Հայկական մշակոյթի օրերուն։
Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցան խումբ մը օտար գիտնականներ եւ հետազօտողներ։