Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Քա՛յլ արա, մերժի՛ր Սերժի՛ն»
Կը գոռայ ժողովուրդը հազիւ զինք առաջնորդող քաջ մը գտած: Հերոսացած՝ ան կը յառաջանայ քաշելով ժողովուրդը իր ետեւէն, կը խուժէ համալսարաններ, հաստատութիւններ, կոչ կ՚ընէ միանալու՝ «Մի՛-ա՛-ցի՛ր»..., խանդավառ ժողովուրդը կը կրկնէ առաջնորդին հնչիւնները:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը նախընթաց օր կազմակերպեց կանանց նախաճաշ մը։ Քալամըշի «Փէյզաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը, որու բացումը կատարեց ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը Եկեղեցիին մեծագոյն տօներէն է, որ կ՚արտայայտէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ՝ Աստուածորդիին տնօրինական առաքելութեան եւ մարդու փրկագործութեան նախախնամ խորհուրդը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն Երեւանը լարուած վիճակի մէջ է: Անհնազանդութեան ցոյցերն ու բողոքի գործողութիւնները՝ իշխանական նոր կարգին դէմ, թափ առած եւ ընդրգկած են Երեւանի ողջ կեդրոնն ու մերձակայ տարածքները:
Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջերս հնգօրեայ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պարզ ոճ ունի եւ բառային արժէքէն շատ աւելի բարձր է. վեր նայիլ տալով, Հայր Աստուած սորվեցուց ամէնուն. որդիներուն՝ աղաչել Հօր, Անոր գութին կարիքը ունենալով, եւ կարօտութեան կամքը Հայրը ողորմութեան եւ գութին կ՚առաջնորդէ։ Հօր կամքին համաձայն՝ պարտին ըլլալ որդիները. իսկ Հայրը որդիներուն կամքին համաձայն անոնց պէտքերը կը կատարէ եւ զանոնք իր ամբողջ մեծութեան ժառանգորդ կը դարձնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւաքական կեանքի մէջ յաճախ վէճ կը ծագի, թէ ո՛վ է մեծը։ Արդարեւ մարդկա՛յին տկարութիւն մըն է ամէն մեծութիւն, յարգ եւ պատիւ ինքն իրեն յարմար տեսնել։ Մարդկային հոգեբանութիւն է ասիկա, թէ ի՛նք ամենէն մեծն է եւ մեծութեան արժանի՛։ Մանաւանդ երբ մարդ որոշ դիրք մը կամ ապահովութիւն մը ունի, այդ դիրքը կամ ապահովութիւնը կը հասցնէ իր գագաթնակէտին եւ ինքզինք կը համարէ ամենաբա՛րձրը։
Թուրքիա յառաջիկայ 24 Յունիսին պիտի ձեռնարկէ կանխահաս ընտրութեան։ Համապատասխան վերջնական յայտարարութիւնը երէկ կատարուեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութենէն վերջ։
Ֆրանսահայ պատմաբանը կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագրին:
Ըստ Քլոտ Մութաֆեանի, վայրը շատ յարմար է եւ այնտեղ պիտի ներկայացուին Երուսաղէմի հայկական հարստութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ յատուկ նիստ մը գումարելով ընտրեց վարչապետը:
Երկրի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Սերժ Սարգսեան, որ առաջին քայլափոխին խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգներու մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնի ղեկավար, թրքագէտ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն:
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։
Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս կու գայ խստապահանջ ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին կը նշուի նաեւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Արմէն Սարգսեան պաշտօն ստանձնած է հաւատ ունենալով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։
Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի: