Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ Սէուտական Արաբիա-Իրան սրացումը կը շարունակէ մագլցում արձանագրել, Չեչենիոյ մայրաքաղաքը՝ Կրոզնիի մէջ 2 Սեպտեմբերին բացումը կը կատարուէր «Ո՞վ է սիւննի իսլամ» խորագրով ժողովի մը, որ վերջին տարիներուն աննախընթաց էր իր տեսակին մէջ:
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան վերջերս Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ՝ հաւատի ազատութեան խորհրդարանականներու միջազգային համաժողովին, որու աշխատանքը տեւեց երկու օր։
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պիտի մեկնի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու բացման։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 26-ը եւ այդ ընթացքին ան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։
Իսթանպուլի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Միջազգային ճատրակի բաց մրցաշարքը։ Մինչեւ տասներկու տարեկաններու դասաւորման մէջ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա, որ խաղերը առանց պարտութեան աւարտելով բաժնեց երկրորդ կարգը։
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։
«Մարալ» միութեան համոյթը, անցեալ շաբթուան մէջ, պայրամի արձակուրդի օրերուն «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը ներկայացուց Երեւանի մէջ։ Երկրի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին ձօնուած «Իմ Հայաստան» փառատօնին շրջագծով, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս շահեկան հաւաքոյթ մը:
Շնորհանդէսի ընթացքին հեղինակաւոր գիտնականներ բարձր գնահատեցին Արմաւենի Միրօղլուի աշխատանքը:
Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, խոր ցաւով կը գուժէ դէպի յաւերժութիւն փոխանցումը թեմիս երկարամեայ եւ վաստակաւոր վիճակաւոր՝
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր 2016-2017 կրթական տարուան առաջին օրն է։ Նոր շրջան մը կը սկսի՝ մարդկային ամէն տեսակ զգացումներու միաձուլմամբ։ Եռանդն ու սպասումները, կամքն ու նպատակները, տաղանդն ու աշխատանքը միահիւսուած են՝ ահաւասիկ... Վերամուտը կը խորհրդանշուի նաեւ վեհ տրամադրութիւնով մը՝ ընկերսիրութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկար հանգիստ դադարէ մը վերջ՝ ահաւասիկ հասաւ վերամուտը, ինչպէս՝ խանդավառ եւ ոգեւոր ամառուան եղանակէն յետոյ՝ տրտում եւ մելամաղձոտ աշունը։ Անշուշտ, այս մասին զգացումներ եւ տեսակէտներ կը տարբերին իւրաքանչիւր անձի համար, ըսենք յարաբերական կամ համեմատական են անոնք։ Ուստի իրապաշտ մէկու մը համար, թէ՛ վերամուտը, թէ՛ աշունը կեանքի սովորական ընթացքին մէջ հանգրուաններ են միայն, որոնք իրարու կը յաջորդեն եւ բոլորովին բնական է այս։
Ինչպէս բոլոր համրուած օրերը, նոյնպէս եւ ամրան արձակուրդի օրերը կ՚անցնին շատ արագ ու աննշմար:
ԱԶՆԻՒ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հելէն Քէլըրի կեանքը նշանաւոր եւ ոգեշունչ պատմութիւն մը եղած է:
ՕՍԱՆ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Երախան պէտք է նախապատրաստել դպրոցական կեանքի, սակայն մի՛ մտահոգուիք, անոր գրել ու կարդալ սորվեցնելը դպրոցին պարտաւորութիւնն է:
Ախալցխաի քաղաքապետարանը հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կտուրի վերանորգման համար 10 հազար լարի յատկացուցած է: Ընդդիմութիւնը դէմ է տուեալ գաղափարին՝ պատճառաբանելով, որ իշխանութիւնը նախընտրական քայլ կ՚ընէ, աւելցնելով իրենց ընտրողներու թիւը:
Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց հարցերը միշտ առարկայ՝ պետական մարմիններու ուշադրութեան:
Երեւանի դպրոցներէն ներս երախաներու համարկման նպատակով ձեռք կ՚առնուին մասնաւոր քայլեր:
Ֆրանսական «Շնայտէր էլէքթրիք» ընկերութիւնը կը ծրագրէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
Եթէ հաստատուին նոր փորձագիտութիւնները, ապա կրնայ փոխուիլ երկրի ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան համայնապատկերը՝ տարեկան 300 արեւոտ օրերու խոստացած հնարաւորութիւններով ու հեռանկարներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստախօսութեան պատճառով մարդ կը մեռնի՞։ Այս հարցումին սովորական եւ ժողովուրդի կողմէ ընդհանրապէս տրուած պատասխանը ծանօթ է մեր բոլորին։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՚ըսէ. «Սուտէն ո՜վ մեռած է մինչեւ հիմա…»։ Այս է ընդհանուր կարծիքը։
ԲՐՇ. ՅԱԿՈԲ ՍՐԿ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
«Գլուխը պատուիրանին սէր է, ի սուրբ սրտէ եւ
ի մտաց բարեաց եւ յանկեղծաւոր հաւատոց»
Այս գեղեցիկ մտածումը առնուած է Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի գրած առաջին նամակի առաջին գլուխէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍԿ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրաւունքի մասին խօսած կամ գրած ատեն մարդ կը շուարի, թէ ո՞ր իրաւունքի մասին պէտք է գրէ կամ խօսի: Որովհետեւ ամէն մարդ, ընդհանրապէս իրաւունքի մասին խօսելէ աւելի, իր սեփակա՛ն իրաւունքին պաշտպան փաստաբանը դարձած է ներկայ դարուս: