Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շաբաթ, Յունուարի 21-ին, Պէյրութ կը փրկուէր ահաբեկչական մեծ գործողութենէ մը: Կիրակի առաւօտ Լիբանանի եւ շրջանային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու առաջին լուրը յատկացուած կ՚ըլլար Պէյրութի Համրա փողոցին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալման լուրին:
Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հայ անուանի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Յունուարի 27-ին դարձաւ 78 տարեկան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսին դարձի եւ ապաշխարութեան կոչը, նախ եւ առաջ նկատի կ՚առնէ մարդուն ո՛չ թէ արտաքին գործերը, այլ սրտին դարձը եւ ներքին ապաշխարութիւնը։
Արդարեւ, «ներքին ապաշխարութիւն»ը մարդկային ամբողջ կեանքին արմատական-հիմնական ուղեփոխում մըն է՝ կեանքի ընթացքի փոփոխութիւն մը, ամբողջ սրտով, անկեղծ վերադարձ մը, հոգեփոխում մը դէպի ճշմարիտը, դէպի բարին եւ դէպի գեղեցիկը, որ է՝ դէպի Աստուած։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ ամերիկացի թատերագիր Քեն Լուտվիկի «Թենոր մը կ՚ուզուի» թատերախաղով, թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի:
Վերջերս տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամենէն սպասուած ձեռնարկը՝ «Լոս Անճելըս արթ շոու»ն, որուն շրջագծին մէջ աշխարհի շուրջ տասնութ երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան իննսուն պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմոյշներ:
Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Դպրոցի բացումով Սպանիոյ մէջ ապրող հայ մանուկները այսուհետեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան պահպանելու հայ խօսքը եւ ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ներկայացման պաշտօնական արարողութիւնը եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հայկական բանակի կազմաւորման 25-ամեակը» նիւթին նուիրուած երկու նամականիշ:
Փետրուար 21-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի UNESCO-ի եւ Հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր» տօնը, որուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Իմ քաղցր լեզու» նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ։ Լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի խրախուսուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տարեկան հաւաքոյթ:
Խնամակալութեան ծրագրի շքեղ ճաշկերոյթը բնորոշեց 90-ամեակի բազմակողմանի ձեռնարկներու շարքին սկիզբը:
«Անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը՝ առանց իր իսկ մասնակցութեան»:
Ըստ Քազիմիրովի, նախագահներու հանդիպումները արժանի են աջակցութեան՝ եթէ նոյնիսկ շատ քիչ բան տան գործնականօրէն:
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեց անդամ, ներառեալ՝ 2016 թուականի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 98 քկ. քաշային Արթուր Ալեքսանեան, Յունուարի 27-29 թուականներուն պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ կայանալիք միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի դէպի Ռուսաստան պաշտօնական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւնները լաւատես կանխատեսումներու ծնունդ տուած են հայ-ռուական համագործակցութեան ապագային տեսակէտէ։
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը երկրորդ անգամ ընդունեց որոշում մը, որով անկարելի կը համարուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց պնդումներու ժխտման քրէականացումը երկրէն ներս։ Աջակողմեան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի շրջանին ընդունուած առաջին որոշումէն վերջ հիմա ալ ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի պաշտօնավարութեան շրջանի վերջին շաբաթներուն զուգադիպած է այս երկրորդ որոշումը։
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն ծիրէն ներս պէտք է արագօրէն ակնկալուած արդիւնքին հասնիլ Էլ Պապի պարագային ու պէտք չէ այլեւս աւելի խորանալ։
Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ին մէջ յօդուած մը գրի առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին:
Ռուս փորձառու դիւանագէտի դիտարկումներով՝ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը ջանայ այս կամ այն ձեւով ձախողեցնել միջնորդներու ջանքերը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցութիւն բերելու ՆԱՍԱ-ի ծրագրերէն մէկուն։ Իր այս գերազանց յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պարգեւած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։
Ռուսահայ գործարարը Forbes-ի «Կալուածներու թագաւորներու» ցուցակին վրայ երրորդ:
«Տաշիր»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան կը պատրաստուի մեծ ներդրումներ ընել Հայաստանի մարզերուն մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հաւանաբար յոռետես նկատուիմ այս գրութեանս պատճառով. սակայն, պահ մը դիտենք մեր շրջապատը եւ ըստ այնմ որոշում կայացնենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ հարցուի, թէ՝ այսօրուան մարդկութեան մեծագոյն հարցը ի՞նչ է, անշուշտ զանազան տեսանկիւններէ դիտելով հարցը, տարբեր պատասխաններ կը ստացուի։
Մոլորակի ամենատաք վայրերէն մէկուն՝ Սահարա անապատին մէջ՝ այդ վայրին համար անբնական երեւոյթ մը տեղի ունեցած է. անապատի շիկացած աւազաթումբերը ծածկուած են ձիւնի ճերմակ շերտով: Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, ձիւնը տեղացած է Ալժիրի Այն Սեֆրա քաղաքի մօտ, ուր ամրան ամիսներուն օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ սելսիուսի սանդղակով 40 աստիճանը: