Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րի­զո­նա նա­հան­գի Սքոթս­տէյլ քա­ղա­քին մէջ խումբ մը վան­տալ­ներ կոտ­րե­ցին հայ­կա­կան խաչ­քար մը, որ կը գտնուէր շրջա­նի Սուրբ Աբ­գար ե­կե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջա­կան շրջա­փա­կէն ներս։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Գի­տու­թեան եւ փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու մեր­ձա­ցում» խո­րագ­րեալ եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով մը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման նիս­տին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան մէջ գի­տա­կան լու­ծում­նե­րը կի­րա­ռե­լու գոր­ծըն­թա­ցէն ներս առ­կայ բա­ցե­րուն եւ ա­նոնց մի­ջեւ կա­մուրջ­ներ ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

«Ե­րո­տե­սիլ 2016»ի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան։ Վա­ղը ան պի­տի մեկ­նի Սթոք­հոլմ, ուր նա­խա­տե­սուած է այս տա­րուան մրցոյ­թը։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

​Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կ՚ապրի արդար հպարտութիւն մը:
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը քաղաքէս հրաժեշտ առաւ՝ անմոռանալի ելոյթէն վերջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ըն­թա­ցիկ ամ­սուան սկիզ­բը Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րէն աս­դին նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ը­սուած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ո­րե­ւէ զար­գա­ցում իր ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կրնայ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի վրայ: Այս խօս­քը ի­րա­ւա­ցի է, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան ծննդո­ցի եր­կուն­քին մէջ նոյն­պէս Ղա­րա­բա­ղը իր կա­րե­ւո­րա­գոյն տե­ղը ու­նե­ցաւ երկ­րին մէջ հա­սուն­ցած ան­կա­խու­թեան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նե­լու հա­մար:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ե­րու­սա­ղէմ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Հրէից րա­բու­նա­պե­տա­րան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նի։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ապ­րիլ 27-ին, 101 տա­րի ա­ռաջ, Մեծ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քին մէջ, նո­րա­ծի­նի ճիչ մը կեան­քով լե­ցուց Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ (Կիւմ­րիի նա­խա­սո­վե­տա­կան ա­նու­նը)՝ Ա­խու­րեան գե­տի ա­փին գտնուող կիւմ­րե­ցի Թա­դէո­սի եւ կար­սե­ցի Աստ­ղի­կի գիւ­ղա­կան խար­խուլ տու­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

​Տեսակցեցաւ՝ ՍԵ­ՒԱՆ ՊՕ­ՂՈՍ ՏԷՐ-ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Յա­ճախ կը հան­դի­պէի ի­րեն՝ այս ձեռ­նար­կին, կամ այդ դա­սա­խօ­սու­թեան։ Սա­կայն, ա­ւե­լի մօ­տի­կէն ճանչ­ցայ զինք, երբ սկսայ հե­տե­ւիլ Լարք երաժշ­տա­նո­ցի մէջ իր դա­սա­ւան­դած Գրա­բա­րի դա­սըն­թացք­նե­րուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

​Աշխարհահռչակ խմբավար Վլատիմիր Սփիվաքովի առաջնորդած սենեկային նուագախումբին շքեղ համերգը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ ունկնդիրները աննախընթաց խանդավառութիւն ապրեցան երեկոյթի ընթացքին:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Չո­րեք­շաբ­թի, 4 Մա­յի­սին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի բա­ժա­կի մրցա­շար­քի ա­ւար­տա­կան մրցու­մը՝ Բա­նան­ցի եւ Մի­քա­յի մի­ջեւ:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի յերկ­նից ե­րե­ւեալ նշանն յաղ­թու­թեան այ­սօր, հե­թա­նո­սաց ծա­գեաց լոյսն ո­ղոր­մու­թեան»։
­Շա­րա­կա­նի այս հրա­շա­լի՜ տո­ղե­րը լա­ւա­գոյն կեր­պով թարգ­ման կը հան­դի­սա­նայ Խա­չին էու­թեան եւ կա­րե­ւո­րու­թեան՝ հո­գե­ւոր կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման ըն­թաց­քին մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Ա­մե­րի­կեան «Կրէյս­նոթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ման­րա­մասն վեր­լու­ծու­մը կա­տա­րած է Օ­գոս­տո­սին Ռիօ տը Ժա­նէյ­րո­յի մէջ (Պրա­զի­լիա) տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն վե­րա­բե­րեալ՝ փոր­ձե­լով կան­խա­տե­սել, թէ ո՛ր եր­կիր­նե­րը որ­քա՛ն մե­տայ­լի պի­տի տի­րա­նան:

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016

Վրաս­տա­նի բնակ­չու­թեան մար­դա­հա­մա­րի ար­դիւնք­նե­րով (տե­ղի չէ ու­նե­ցած Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ եւ Աբ­խա­զիոյ մէջ), որ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է 2014-ին Վրաս­տա­նի Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, երկ­րի բնակ­չու­թիւ­նը 3.7 մի­լիոն է: Ա­տի­կա 15 տոկ­սով պա­կաս է 2002 թուա­կա­նի մար­դա­հա­մա­րի ար­դիւնք­նե­րէն:

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կա­փառ­նաու­մի ժո­ղո­վուր­դին «իշ­խան»ը, այ­սինքն ժո­ղո­վա­րա­նին հո­գա­բար­ձու­նե­րէն մին՝ Յայ­րոս տաս­նուեր­կու տա­րե­կան աղ­ջիկ մը ու­նէր՝ որ ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ կը տա­ռա­պէր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րի­զի մէջ Մա­յիս 27-Յու­նիս 12 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ պի­տի բա­ցուի «Մար­զան­քը եւ հայ  մարմ­նա­մար­զու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ» խո­րագ­րեալ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Փարիզի 6-րդ թաղամասի «Մուազան» ցուցասրահին մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող հա­յազ­գի յայտ­նի նկա­րիչ Տիգ­րան Ձի­թող­ցեան, որ իր ինք­նա­տիպ կտաւ­նե­րով ծա­նօթ է թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի եր­կիր­նե­րու մէջ, Ապ­րի­լի 22-ին Պրիւք­սէ­լի մէջ մաս­նակ­ցած է խառն ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բաց­ման։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի 82-րդ գա­հա­կալ հո­գե­լոյս Շնորհք Արք. Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-րդ տա­րե­լի­ցին շար­ժա­ռի­թով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը լոյս ըն­ծա­յեց նոր գիր­ք մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Ջրա­սու­զորդ­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են շրջազ­գեստ մը, որ ան­հե­տա­ցած էր 1642 թուա­կա­նին, երբ բրի­տա­նա­կան թա­գա­ւո­րա­կան նա­ւա­տոր­մի մէկ մա­սը Տուվ­րէն Հո­լան­տա մեկ­նե­լու ճա­նա­պար­հին խոր­տա­կուած էր վատ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով:



Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տան կը խա­ղայ կրա­կի հետ։ Էր­տո­ղան դէ­պի Խրուա­թիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին զրու­ցեց այն լրագ­րող­նե­րուն հետ, ո­րոնք հե­տե­ւե­ցան իր ու­ղե­ւո­րու­թեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016

Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան մեկնաբանեց հակամարտութեան առկայ ընթացքը:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ ընդգծեց, որ հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում:

Էջեր