Արխիւ
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Անցեալ տարի, անգլերէն լեզուի գիրքիս մէջ հանդիպած էի նախադասութեան մը: Հարցազրոյց մըն էր հանրայայտ երգիչի մը հետ, որուն հաղորդավարը կը հարցնէր. «Ի՞նչ է ամենամեծ հարցդ» եւ պատասխանը կ՚ըլլար «Օրը 24 ժամ է իսկ ես 36-ի պէտք ունիմ»:
Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, հինգ տաղաւարներու յաջորդող Երկուշաբթի օրերը կը կոչուին մեռելոց, այսինքն՝ մեր հանգուցեալներու յիշատակը հաւաքական կերպով յարգելու սահմանուած յատուկ օրեր: Տարուան 365 օրերու հեւքոտ ընթացքը մեր աչքին առջեւ ունենալով, երբ յաճախ ապրողներս ալ զիրար ալ կը մոռնանք, կը տեսնենք, որ մեր հայրերու կարգադրութիւնը որքա՜ն իմաստուն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կ՚ապրինք տօնական օրերու ուրախութիւնը, պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ մեր սիրելիները՝ որոնք բաժնուած են այս աշխարհէն։ Արդարեւ «յիշել» կը նշանակէ՝ մոռցուած մէկը կամ իրողութիւն մը՝ առիթով մը մտաբերել եւ քանի որ մեր սիրելիները երբեք չե՛նք մոռնար, ապա ուրեմն, անոնց համար չըսենք «յիշել», այլ ըսենք՝ տօնական օրերու եւ կամ որոշ օրերու ուրախութեան, հրճուանքին, ցնծութեան անոնք ալ կերպով մը «մասնակից» ընել. աղօթքի եւ պաշտամունքի մէջ միասին ըլլալ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր աշխատանքային ճամբորդութեան եւ ոչ հայկական հանդիպում-ժողովներուս եւ ելոյթներուս ընթացքին միշտ ալ հետամուտ կ՚ըլլամ ներկայացնելու, գէթ համառօտ, իմ՝ հայուս պատմութիւնը: Պէտք չէ երբեք ակնկալել, որ ամբողջ աշխարհ գիտնայ մեր պատմութիւնը:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մարդիկ իրենց տօնախմբութեանց մէջ առհասարակ անցեալի դէմքի մը, դէպքի մը ոգեկոչումը կը կատարեն՝ անցեալի այդ դէմքին կամ դէպքին մէջ տեսնելով յաւիտենական ճշմարտութեան մը առկայութիւնն ու արտացոլացումը։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ տօներն ալ էապէս նոյն մտայնութեան ու հոգեբանութեան կը հետեւին։
«Չարութեան հին խմորը
դուրս նետեցէք ձեզմէ,
որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք»
(Ա. Կորնթ. 5.7)։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող ճշմարտութիւն է: Իր հրաշալի Յարութեան խորհուրդը ապրող անհատ քրիստոնեան կամ հաւաքականութիւնը իր մէջ կ՚ապրի նոր կեանքը, ստեղծագործելու ոգին, եւ ամենէն էականը՝ յաւիտենականութեան զգացողութիւնը:
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Հերպերթ Զալպէր ամսավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ այցելութեան յստակ ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ ու երբ որ յայտնի դառնայ՝ անմիջապէս պիտի հրապարակուի։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին համոզմամբ, նաւթի վաճառքի եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են Ատրպէյճանին:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Պաքու կը նմանի աճուրդի ձեւական գնորդներուն, դիւանագիտական բանակցութիւններուն մէջ չեն աշխատիր շուկայի առեւտրական հնարքները»:
ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ժողովներուն:
Վաղը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ հանրաքուէի համար։ Շաբաթներէ ի վեր հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս հանրաքուէի արդիւնքին։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն դարձեալ՝ աւետելով տօնական մեծ աւետիսը։ Այդ ղօղանջները մեր սրտերուն մէջ կ՚արձագանգեն՝ հաւաստելով Տիրոջ յաղթութիւնը, մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն հրաշքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ամբաստանել զիս որեւէ մեղքով։ Իսկ եթէ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ չէք հաւատար ինծի» (ՅՈՀՎ. Ը 46)։ Ա՛յսպէս կ՚ըսէ Յիսուս եւ իր կեանքին գինով ցոյց կու տայ ճշմարտութիւնը՝ թէ մահէն վերջ կ՚երթայ մարդ անմահութեան, որ է՝ յաւիտենական կեա՛նք։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան երէկ առաւօտ ի Տէր հանգաւ Պուքրէշի մէջ։ 76 տարեկան հասակին վախճանեցաւ բազմավաստակ հոգեւորականը, որ 1941 թուականին ծնած էր Պուքրէշի մէջ ու երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմէն ներս։
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ»:
«Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որու բացումը պատուեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Հայաստան-Վրաստան գործարարութեան օրեր կը նախատեսուին՝ դէպի նոր շուկաներ բացուելու համար:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կը ծրագրեն տնտեսական համագործակցութեան հորիզոնները ընդլայնել:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքէք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Պիշքէքի մէջ կը մասնակցի երկու ժողովներու։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ «Երեւանի Պետական համալսարան (95-ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ հրապարակագիր ու գրականագէտ Պարոյր Աղպաշեան։
Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը:
Այլին Գօչունեան զեկուցման մէջ խօսեցաւ Զապէլ Եսայեանի եւ Սրբուհի Տիւսաբի մասին: