Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Ի­ԿՈՐ ՏՈՐՖ­ՄԱՆ-ԼԱ­ԶԱ­ՐԵՒ

Հա­յոց աշ­խար­հը ին­ծի հա­մար Կաս­պից ծո­վե­զեր­քէն՝ Պա­քուէն սկսաւ, իր ներ­քին բա­կե­րէն, լայ­նա­տա­րած պատշ­գամ­նե­րէն, գոյնզ­գոյն կե­րա­կուր­նե­րով ծած­կուած եր­կար սե­ղան­նե­րէն, ղա­րա­բա­ղեան բար­բա­ռին հնչիւն­նե­րէն, հայ­կա­կան պա­րե­րու մէջ փռուած ձեռ­քե­րու ու­րուա­գի­ծե­րէն, «Քա­մի­նե­րու քաղաք»ի սօ­սի­նե­րու ան­դադ­րում սօ­սա­ւիւ­նէն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

 ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Մի քա­նի օր ա­ռաջ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի մը մէջ ա­կա­նա­տե­սը ե­ղայ ա­րար­քի մը, ո­րուն ե­թէ ու­զենք ա­նուն մը տալ, մի միայն կրնանք ազ­գա­սի­րու­թիւն ա­նուա­նել:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

ՅՈ­ՎԻԿ ՇԷ­ՀԻ­ՐԵԱՆ

Հա­լէ­պա­հայ ե­րի­տա­սարդ՝ Խա­չիկ Տաու­տեան կը պատ­մէ իր ապ­րած վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը՝ սկսած Հա­լէ­պի հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցած ի­րա­վի­ճա­կէն մին­չեւ Լի­բա­նա­նի վա­տա­ռողջ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րը: 26-ա­մեայ ե­րի­տա­սար­դը, նախ­քան հար­ցազրոյ­ցի սկսի­լը, պահ մը ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով խնդրեց, որ բո­լոր ը­սած­նե­րը գրի առ­նուին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խար­հը ի­մաս­տու­թեամբ ստեղ­ծուած է, ա­պա ու­րեմն աշ­խար­հի վրայ ա­նի­մաստ ու անն­պաս­տակ բան չկա՛յ։ Ինչ որ կը տես­նենք մեր շուր­ջը, ա­մե­նէն անն­շան նկա­տուածն իսկ ան­պայ­ման պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը, այ­սինքն ի­մա՛ստ մը ու­նի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­յիս Էլ Պապ քա­ղա­քը ա­ռար­կայ կը դառ­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը սաս­տիկ հա­րուած­ներ կը հասց­նէ՝ այս քա­ղա­քը ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Սղեր­դի եւ Թուն­ճե­լիի մէջ այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ձեր­բա­կա­լուե­ցան քա­ղա­քա­պետ­նե­րը։ Այդ եր­կու քա­ղաք­նե­րու հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րուն կող­մէ քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րէն ներս կա­տա­րուե­ցան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով՝ Մոլ­տա­վիոյ Փոխ-վար­չա­պետ, Ար­տա­քին գոր­ծոց ու Եւ­րո­պա­յի հետ հա­մարկ­ման գծով նա­խա­րար Անտ­րէյ Քալ­պուր այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Ե­գիպ­տո­սի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը, ինչ որ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Այս­պէս, վճռա­բեկ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին կա­սեց­նել երկ­րի ընտ­րուած ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին՝ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի դէմ ար­ձա­կուած դա­տավ­ճի­ռը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Ան­գա­րա­յի մօտ Իս­րա­յէ­լի դես­պան նշա­նա­կուելու հա­մար թեկ­նա­ծու ցոյց տրուե­ցաւ Էյ­թան Նաէհ։ Այս­պէ­սով Իս­րա­յէլ ա­ռա­ջին քայ­լը ա­ռաւ՝ Թուր­քիոյ հետ վեց տա­րիէ ի վեր ընդ­հա­տուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

«Նոր Յառաջ» (Փա­րիզ).-
Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­կար­գի մի­ջազ­գա­յին հա­մարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի կ՚ու­նե­նան ու­շագ­րաւ զար­գա­ցում­ներ։ Այս ծի­րին մէջ են նաեւ այն հա­ղոր­դում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Ֆրան­սա կը ճանչ­նայ Հա­յաս­տա­նի դպրո­ցա­կան­նե­րու վկա­յա­կան­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր ա­ռա­ջին է­ջին վրայ մե­ծա­դիր հա­ղոր­դու­մով մը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ այն նիւ­թին վրայ, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ընդ­լայ­նի զգա­լի ձե­ւով եւ Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ զա­նա­զան եր­կիր­ներ կը մտնեն Մոս­կուա­յի ազ­դե­ցու­թեան տակ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ աննախընթաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի այս կարճատեւ ուղեւորութեան նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Ե­րէկ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Թա­դէոս Կիւն­թէր» միջ­միու­թե­նա­կան նար­տի մրցա­շար­քին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ մրցա­շար­քը այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 20-րդ ան­գամ, 13 միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեա­նը, հաս­տա­տու­թեան սիւ­նե­րէն Տա­նիէլ Ան­թի­քա­ճեա­նը եւ դպրո­ցի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Քա­րա­սուն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Գալ­ֆաեան Տան ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը՝ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել խմբագ­րա­տունս եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«… ­Մեր վիթ­խա­րի ­Սա­յաթ-­Նո­վան մի հո­յա­կապ սի­րա­հար է, բռնո­ւած ու բռնկած սի­րոյ հրդե­հով, նրա լու­սի տակ էլ նկա­տում է աշ­խարհքն ու ի­րե­րը, զգում է, որ էր­ւում, վեր­ջա­նում է ին­քը, բայց մնում է ա­րի ու բա­րի, ան­չար ու ա­նա­չառ, վեհ ու վսեմ, որ­պէս աշ­խարհ­քի ու մար­դու մեծ բա­րե­կա­մը, հաս­տա­տուն սի­րով ե՛ւ դէ­պի էն «զա­լու­մը», որ ի­րեն կրակ տո­ւեց ու միշտ մնաց ան­տար­բեր, ե՛ւ դէ­պի նրանց, ո­րոնք չորս կող­մից տա­քա­ցան ու հրճո­ւե­ցին էն կրա­կով, ո­րի մէջ էր­ւում էր ին­քը, ե՛ւ դէ­պի նրանց, ո­րոնք հա­զար ու մի տե­սակ ի­րեն վշտաց­րին կեան­քում։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ սփիւռ­քեան գրա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ե­ռա­հա­տոր մը, որ ձօ­նուած է ան­մահ հե­ղի­նա­կի մը՝ Շա­հան Շահ­նու­րի։ Լի­բա­նա­նա­հայ վաս­տա­կա­շատ գրող, բա­նա­սէր ու ման­կա­վարժ Գրի­գոր Շա­հի­նեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ կեան­քի կոչուած է հրա­տա­րակ­չա­կան այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նո­յեմ­բե­րի ան­սո­վոր տաք կի­րա­կի­նե­րէն մէկն է: Աշ­նա­նա­յին բազ­մա­զան գոյ­նե­րը կը մղեն ա­րուես­տի ջերմ մի­ջա­վայր մը եր­թա­լու, Կի­րա­կին կ­­՚ու­զեմ ան­ցը­նել ա­րուես­տի, գոյ­նե­րու աշ­խար­հի մը մէջ: Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հը Կի­րա­կի օ­րե­րը սո­վո­րա­բար մար­դա­շատ կ­­՚ըլ­լայ, այն նկա­տա­ռու­մով, որ հանգս­տեան օր է, իսկ Եր­կու­շաբ­թի ալ պատ­կե­րաս­րա­հը գոց է, եւ մա­նա­ւանդ ա­րուես­տա­սէր­նե­րը կը փա­փա­քին Կի­րա­կին նուի­րել ա­րուես­տին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ կեան­քին ար­ժէ­քը կը դա­տեն եր­կու կեր­պով՝ հա­մե­մա­տա­կան եւ բա­ցար­ձակ ստու­գա­նի­շե­րով։
Բայց ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ կեան­քի ար­ժէ­քը պէտք է դա­տել հա­մե­մա­տա­կա­նի հա­շուով, եւ ո՛չ թէ բա­ցար­ձա­կի։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը հիւրընկալեց ուղղափառ հոգեւորականներ:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան մեծարանքի սեղան մը սարքեց առաջնորդարանէն ներս:

Էջեր