Արխիւ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջին շաբաթներուն իրականացուցին շարք մը այցելութիւններ ու պտոյտներ։ Իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, այս ընկերամշակութային ձեռնարկները տղոց համար դարձան թէ՛ օգտակար եւ թէ հաճելի։
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահէն ներս ներկայացուեցան պոլսահայ լուսանկարչին գործերը:
Նուրհան Աքքայա պատուոյ գիր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, որ գնահատեց իր ստեղծագործութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել անուններու իմաստները՝ որոնք անբաժան են «Անձ»էն եւ կը նոյնանան անոր հետ։ Մարդ իր կրած անունով է որ կը զատորոշուի եւ անձ մը, ինքնութիւն կը կ՚ըլլայ մարդկային ընկերութեան մէջ։
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարարի առաջին տեղակալ Արթուր Առաքելեան տեղեկացուց, որ բանակցութիւններ կը տարուին Հայաստանի վրայով Հնդկաստանէն դէպի Եւրոպա բեռնափոխադրումներու շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ փոխ-նախարարին, փորձի նպատակով Գերմանիայէն ծովային երկու քոնթենեըր փոխադրուած է Հայաստանի վրայով դէպի Իրան։ Այս փորձը հնարաւորութիւն ընձեռած է հասկնալու համար այն հիմնական խոչընդոտները, որոնք կրնան յառաջանալ այս ճանապարհին վրայ։ Արթուր Առաքելեան ըսաւ.
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպեց իր տարեկան նուիրահաւաքման արշաւը։ Արցախի ի նպաստ կազմակերպուած «Թելեթոն 2016»ի արդիւնքին հանգանակուեցաւ 15 միլիոն 428 հազար 777 տոլար։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս նուիրահաւաքման արշաւը, որու կարգախօսն էր «Իմ Արցախը»։
Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբերի 6-ին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս:
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայկական հանգոյց. Հայոց գորգագործական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդն էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան մասնագէտներ, գիտնականներ եւ այդ ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող անձեր, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի նորանշանակ համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, աւանդական վստահութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարներու ժողովը:
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման այժմու վիճակին շուրջ:
Քուպայի նախկին ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրօ մահացաւ 90 տարեկան հասակին։ Ան եղած էր Հարաւային Ամերիկայի գլխաւոր յեղափոխականներէն մին։
Հանր. նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ:
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան լուծում մը գտնել՝ Հալէպի առկայ մարդասիրական տագնապին համար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ վերադարձին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ցաւ յայտնեցին այն պնդումներուն շուրջ, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուած է Պոլսոյ Աթոռի իւղանկարներէն մին - Նորին Սրբութիւնը, իրականութեան մէջ, յամառ պայքար կը մղէ Պատրիարքարանի գոյքը վերադարձնելու համար:
28 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ, Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքի «Լոքոմոթիւ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյենութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս խորագրին տակ՝ պիտի ներկայացնեմ իրական կեանքէ առնուած եր-կու դրուագ, որոնք վստահ եմ պիտի ապշեցնեն ձեզ։
Երեւանի «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց խորհուրդը Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրով համաժողով մը: ՀԲԸՄ-ի երեւանեան մասնաճիւղի դահլիճին մէջ, Նոյեմբերի 26-ին տեղի պիտի ունենայ սոյն համաժողովը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն»ին կարեւորութիւնը իր իմաստին մէջն է, անունը, արդարեւ, կը նոյնանայ «անձ»ին հետ եւ կը կազմէ «ինքնութիւն» եւ այս կերպով անունը արժէք կը ստանայ։ Անհատը «ի՛նք» է իր կրած անունով եւ ինչո՞ւ չէ՝ իր անուան իմաստո՛վ։
Երուսաղէմէն եւ Ամսթերտամէն ուղարկուած գրութիւնները կը հերքեն տխուր զրպարտութիւնները:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ եթէ իսկապէս Բեթղեհէմի վանքէն գողութիւն մը կատարած ըլլար աշակերտութեան տարիներուն՝ ապա բացարձակապէս վկայուած չէր կրնար ըլլալ Ժառանգաւորաց վարժարանէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։