Արխիւ
Պուքրէշի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր՝ «Սփիւռքի գաղթօճախներու ազգային եւ էթնիք ինքնութիւնները հանրային տարածքէն ներս» նիւթին։ Բանակի տան երդիքին տակ, այս համաժողովը կազմակերպուած էր «Եւրոպական սփիւռքներ» ցանցային ծրագրի շրջանակներէն ներս։
Երեւանի մէջ քննարկում մը՝ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
«Եթէ Վրաստան անդամակցի ՆԱԹՕ-ին, ապա չեն ազդուիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները»:
Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան 2018-ի գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Դեսպան Շարփանթիէ համոզուած է, որ ֆրանսերէնի դերը յառաջիկային պիտի բարձրանայ Հայաստանէ ներս:
Մոսկուայի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները ներկայիս աշխատանք կը տանին՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Մետաքսի ճանապարհի նախագիծերը իրարու հետ առընչակից դարձնելու առաջադրութեամբ։ Այս նիւթը վերջերս քննարկուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցզինփինի կողմէ։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ վերջերս տեղի ունեցաւ բաց քննարկում մը։ «Միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովում. ջրային միջոցներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» խորագրեալ այս հաւաքոյթի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն
Սուրիոյ մէջ երէկ կորստեան մատնուեցան երկու թուրք զինուորներ, որոնք կը մասնակցէին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ յետմիջօրէին, ժամը շուրջ 15.30-ին, այդ երկու զինուորներուն հետ հաղորդակցութիւնը խզուեցաւ։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատանայէն հասած ողբերգական լուրերը մեծ ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ Քաղաքի Ալատաղ գաւառակէն ներս հրդեհ մը ծագեցաւ երկյարկանի աշակերտական հանրակացարանի մը մէջ։
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պաքու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 13-ին։
Քննարկուեցան Հայաստանը մշակոյթի միջոցաւ միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու ուղիները:
Համահայկական սիմֆոնիք նուագախումբը յաջորդ տարի ելոյթներով հանդէս պիտի գայ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ:
Նախարար էօմէր Չելիքի ելոյթը՝ «Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքացիական հասարակութեան հանդիպումներ»ուն երկրորդին շրջագծով։
«Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ՝ Անգարայի հետ բանակցութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ առնուած որոշումը զուրկ է տեսլականէ»։
Էրտողան. «Եւրոմիութեան թղթածրարը տակաւին չենք փակած, թուրքիա բազում այլընտրանքներ ունի իր առջեւ»
Լոյս տեսաւ «Հայերը համաշխարհային պարարուեստի մէջ» շահեկան գիրքը։
Բախչինեան անդրադարձած է նաեւ այս ոլորտի նուիրեալ թրքահայ արուեստագէտներուն։
ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ
Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը:
Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ՝ զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Տիեզերական համակարգին մէջ զմայլելի կարգ կանոն կայ, ուր տիրող ներդաշնակութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ ամենափոքր հիւլէն, աստղերն ու արեւը, ինչպէս նաեւ կենդանաբանական աշխարհի մէջ միաբջիջէն՝ բազմամիլիոնաւորը: Կարգ ու կանոնը հիմն է գոյութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անունները՝ մարդուս ամենէն թանկագին արժէքը եւ ստացուածքն են, քանի որ մարդ իր անունով գոյութիւն ունի, եւ իր անունով ճանչցուած, ծանօթ անձ մըն է ընկերութեան մէջ։
«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ ձիւն տեղացած է, իսկ թագաւորութեան կեդրոնական շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւներ արձանագրուած են:
«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Քուպայի յեղափոխութեան ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրոյի վերջին հրաժեշտի արարողութեան պիտի մասնակցին շուրջ երեսուն միջազգային ղեկավարներ՝ Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:
Շարժանկարի միջազգային մամուլի ընկերակցութեան Golden Globe ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքէջը անդրադարձած է Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ» ֆիլմին: Ժապաւէնին նիւթը հիմնուած է 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի իրական պատմութեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հազար մարդու կեանք:
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին (ԱԵԿ) մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ աշուն» ձեռնարկը: Աշունը այստեղ բացայայտուած է տարբեր ձեւով. հիւր եկած է տարուան ամենագունեղ եղանակը՝ իր բոլոր գոյներով եւ բերք ու բարիքով: Ձեռնարկին ընթացքին զգալի եղած է աշնան շունչը, որուն մասնակցած է ԱԵԿ-ի տարբեր խմբակներ յաճախող շուրջ հարիւր սան: Կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով, ասմունքով եւ պարային կատարումներով:
Հայաստանի մէջ կազմակերպուած աննախընթաց ձեռնարկը փայլուն անցաւ:
«Պուքինիստ» գրախանութն ու «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը կը խրախուսեն ընթերցասէրները:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ քննարկում մը։ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հիմնախնդիրներ» խորագրեալ հաւաքոյթին շրջագծով մասնագէտներ քննարկեցին արեւմտահայերէնի զարգացման ու պահպանման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու խնդիրը։