Արխիւ
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, Մայիսի 3-ին, տեղի կ՚ունենայ «Սպեղանի» երգչախումբին համերգը՝ ղեկավարութեամբ հիմնադիր ու գեղարուեստական ղեկավար Սարինա Աւթանդիլեանի։ Այս համերգը նուիրուած է երգչախումբի հիմ-նադրութեան 20-ամեակին:
Աշխարհահռչակ բնորդուհի Նաոմի Քեմփպըլի գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Այսպէս, Լոնտոնի մէջ կայացած շնորհանդէսէն յետոյ հանրայայտ բնորդուհի Նաոմի Քեմփպըլ իր երկհատորեայ Naomi գիրքը ներկայացուցած է նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ։
Այսօր, Եւրոպական խորհրդարանը կը հիւրընկալէ «Սփիւռքներու Եւրոպան» համաժողովը, որու ընթացքին կը դրուի Եւրոպայի սփիւռքներու ցանցի սկիզբը եւ կը ներկայացուի «Սփիւռքներու Եւրոպան» ուխտագիրը: Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այդ ուխտագիրը կը հաստատէ, որ Եւրոպայի մէջ սփիւռքներու դերը առանցքային է, որ անոնք սպառնալիք չեն, եւ որ աւելին պէտք է ընել զանոնք ներգրաւելու ուղղութեամբ:
Գերմանիոյ Խորհրդարանէն ներս Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։ Կը հաղորդուի, որ Պունտեստակէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններուն համաձայնութեամբ պիտի քննարկուի այս նիւթը։ Երկրի համախոհական իշխանութեան մասնակից Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Թոմաս Օփփերման այս առթիւ յայտարարեց, թէ Պունտեստակը պիտի ընդունի որոշում մը, որով 1915 թուականի դէպքերը պիտի ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
Ահաբեկչական յարձակումներուն հետեւանքով Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցուեցաւ նահատակներու մասին լուրերով։
Կազիանթէպի մէջ անվտանգութեան տնօրէնութիւնը, իսկ Տիճլէի մէջ Ոստիկան զօրաց հրամանատարութիւնը թիրախ ընտրուեցան ՓՔՔ-ի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Հելսինքիի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան կը տեսակցի Ֆինլանտիոյ Նախագահ Սաուլի Նինիսթիոյի, Խորհրդարանի նախագահ Մարիա Լոհելայի եւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Արտաքին գործոց նախարար Թիմօ Սոինիի հետ։
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանը:
Ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը ներկայացուց այն բոլոր հարցերը, որոնք կը գտնուին համայնքի օրակարգին վրայ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ ան պիտի ստանձնէ Լաս Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Հայ Երուսաղէմի մօտ շաբաթավերջին ապրուեցաւ Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարի ցնծութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ ըստ Հին տոմարի նշեց Սուրբ Զատիկը՝ աւանդական տօնակատարութիւններով։
Անշուշտ, որ այլեւս կարելի չէ պատկերացնել աշխարհը՝ զուրկ արհեստագիտական բարիքներէ, սակայն այս մարզի մասնագէտները այժմ կը պատկերացնեն տասնամեակ մը, կամ քսանամեակ մը ետք արհեստագիտական բարիքներով առաւելագոյնս օժտուած աշխարհ մը: Կենսական է, որ այս բոլորին մէջ հիմնական արժէքը կը մնայ ՄԱՐԴԸ իր հնարամտութեամբ՝ իբրեւ հիմնաքարը արհեստագիտական նորանոր նուաճումներու:
Ապրիլ 28-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մէջ տառապեալ մարդոց վիշտերն ու դժբախտութիւնները երգի վերածած եւ յուսահատ սրտերուն սփոփարար շունչ հասցուցած բանաստեղծ, երգիծագիր, մանկագիր ու թարգմանիչ Աղեքսանդր Ծատուրեանի։
Աշխարհահռչակ արուեստագէտը Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը:
Վլատիմիր Սփիվաքով ցաւ կը յայտնէ աշխարհի վրայ առկայ բռնութիւններու եւ ատելութեանց համար:
«Քրիստին Սալէրի» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս հիմնարկը ստեղծուած է վառ պահելու համար անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պատուախնդրութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իր պատուին հանդէպ նախանձաւորութիւն, բծախնդրութիւն եւ այդ մասին եռանդոտ ըլլալու ընդհանուր վիճակ։ Մարդկային արժանապատուութիւնը, արդարեւ նախանձաւոր ըլլալ կը պահանջէ ամէն մէկ անհատէն, քանի որ «մարդ»ը ինքնին արժանաւորութիւն մը ունի՝ բոլորովին անկախ իր ընկերային դիրքէն, աստիճանէն, պաշտօնէն, պարզապէս անոր համար որ «անհատ» մըն է ան՝ «անձ» մը՝ որ արժէք մը ունի եւ պատի՛ւ մը, անձեռնմխելի՛։
Լիբանանի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:
Բրիտանական հեղինակաւոր Rolls Royce ընկերութիւնը ներկայացուցած է ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ իրերու տեղափոխման համար նախատեսուած յատուկ ձեւագծումով պայուսակներու թանկարժէք հաւաքածոն: Անոնք նախատեսուած են բացառապէս Rolls Royce Wraith տիպի ինքնաշարժին համար:
Հայաստանը Եւրոպական թանգարանային ֆորումի (European museum forum) տարեկան մրցանակաբաշխութեան ներկայացուցած է Կոմիտասի թանգարան-կաճառը:
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարեց, որ կը ծրագրէ յաջորդ ամիս հանդիպիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը չի հակադրեր Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնն (ԵԱՀԿ) ու համարկման միւս գործընթացները։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ պատանդը դարձած է իր առանձին անդամներու արկածախնդրային քաղաքականութեան։