Արխիւ
Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղի դահլիճի երդիքին տակ շահեկան ասուլիս:
Թուրքիոյ կրթական համակարգէն ներս խտրականութեան դրսեւորումներուն վերաբերեալ պատրաստուած տեղեկագիրը առարկայ կը դառնայ հասարակական լայն քննարկումներու: Փոքրամասնական վարժարաններու առկայ խնդիրները լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նիւթի ամբողջին մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին:
Նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ֆրանսահայ յայտնի ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքաեւ վերջին օրերուն ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Երեւանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարցազրոյց՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ:
«Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ քննադատական մօտեցումներ»ու քննարկումները եզրափակուեցան:
Քառօրեայ գիտաժողովին ծրագիրը աւարտին հասաւ շաբաթավերջի խտացեալ աշխատանքներով, որոնց ամփոփումը կատարուեցաւ հեղինակաւոր ակադեմականներու կողմէ: Ձեռնարկը ձօնուած էր Վանկելիս Քեխրիոթիսի յիշատակին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները համախմբուեցան տարուան առաջին սիրոյ սեղանին առթիւ՝ զօրակցելու համար Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին:
«Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ քննադատական մօտեցումներ»ու վերաբերեալ քննարկումները:
Գիտաժողովի երէկուան երեք նիստերը տեղի ունեցան Գարագիւղի «Միներվա» պատմական խանին մէջ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ INALCO-ի համագործակցութեամբ Փարիզի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովէն վերջ շահեկան հարցազրոյց մը:
Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան. «Մեր նպատակները կ՚առընչուին նաեւ մասնագիտական դաշտին, կը փափաքինք, որ հայերէն լեզուն եւ արդիական մասնագիտացումը յառաջանան զուգահեռ ընթացքով։ Երիտասարդները այլեւս կ՚ունենան կարելիութիւնը՝ աշխարհով մէկ իրարու հետ կապ հաստատելու եւ ընդհանուր ցանց մը գոյացնելու»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը նոր շունչ մը բերած է սփիւռքեան մեր իրականութեան։ Քանի մը տարի առաջ փակման վտանգի եզրին հասած այս բաժանմունքը այսօր հանդէս կու գայ անբաղդատելի ու նոյնիսկ դժուար հաւատալի կենսունակութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ամուսնութիւն» եւ «ամուսնալուծութիւն»՝ երկու կարեւոր մարդկային պարագաներ կամ հարցեր, որ կը հետաքրքրէ թէ՛ աշխարհային, թէ՛ հոգեւոր կեանքը։
ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
100 տարի առաջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմին մօտաւորապէս 15 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքայիններ զոհուեցան, եւ աշխարհի մարդկութեան հասցուցած անոր տառապանքները ու բացած վէրքերը չէին բուժուած դեռ բոլորովին, հաշտութիւն կնքուած էր յաղթական դաշնակիցներու եւ պարտուած կողմերու միջեւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Յաւարտ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նորօրհնեալ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնով պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։
Երեւանի կեդրոնին մէջ զբօսաշրջիկներու ծառայութեան կը կոչուին նոր ու բարձրորակ պանդոկներ։ Այս շրջագծով վերջերս պաշտօնապէս բացուեցաւ «Օփերա Սուիթ» պանդոկը, որ կը գտնուի Բաղրամեան պողոտայի անմիջապէս մուտքին, Գրողներու միութեան հարեւանութեամբ ստեղծուած «Լեւոն Անանեան» պուրակի յարած տարածքին։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր սկսաւ «Ուժանիւթ կայուն զարգացման համար» վեցերորդ միջազգային ֆորումը։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան 7-րդ տարեդարձը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պուքրէշ։ Պուքրէշի մէջ ան մասնակցութիւն բերաւ Ռումանիոյ հայոց միութեան վերաբացման 25-ամեակի յոբելեանին ձօնուած հանդիսաւոր արարողութեան։
Սփիւռքահայ յայտնի գործարար ու բարերար Վաչէ Մանուկեան վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Ան մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնութեան արարողութեան եւ նոյն օրերու միւս ձեռնարկներուն։
Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ «Քարնեկի» հիմնարկին կազմակերպած հաւաքոյթին:
Նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական հարցերուն, ներառեալ Թուրքիոյ հետ կապերը:
25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի երկրորդ օրէնսդրական շրջանին բացման արարողութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ խորհրդարանի երդիքին տակ:


