Արխիւ
ԵԱՀԿ-ի հիմնարար փաստաթուղթերու ստորագրման 40-ամեայ յոբելեանը նախընթաց օր հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ 1975 թուականին ստորագրուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքտի 40-ամեակին ձօնուած ձեռնարկներուն տանտէրն էր Երեւանի մօտ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքին։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Արմենիա-Էքսփօ 2015» տարեկան ցուցահանդէսին հանդիսաւոր բացումը։ Արդէն 15-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս ցուցահանդէսը, որու բացումը պատուեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7-8-ի լուսցող գիշերը, 43 տարի առաջ, Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Նշան Պէշիկթաշլեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ յաւերժութեան արժանի է իբրեւ հայկական երգիծանքի սփիւռքեան շնչաւորման տաղանդաւոր վարպետը։
Հայաստանի տնտեսութեան մասին կանխատեսումները չեն պարզեր միանշանակ համայնապատկեր մը:
Միջազգային կարգ մը վաճառանիշերու երկրի շուկայէն դուրս գալու որոշումները ստեղծած են լայն արձագանգ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերաշխուժացման հանգրուանը կ՚ուղղորդուի բազմաբնոյթ վարկածներու քննարկումով: Եդուարդ Նալպանտեան-Էլմար Մամէտեարով ժամադրութեան լոյսին տակ միջնորդները պիտի աշխատին մինչեւ տարեվերջ նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
Թուրքիա կը պատրաստուի հիւրընկալել G-20-ի գագաթաժողովը՝ 15-16 Նոյեմբեր թուականներուն
Անթալիոյ մէջ նախատեսուած մեծ ժամադրութեան պիտի մասնակցին աշխարհի բազում երկիրներէն ղեկավարներ եւ ազդու դէմքեր: Ծրագրին հանգրուանները արդէն սկսած են կեանքի կոչուիլ փուլ առ փուլ զանազան քաղաքներու մէջ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ այս երկուքը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը։ Մանաւանդ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարականը մերձիմաստ համարեց զանոնք։
Աշնան շրջանին Երեւանի մշակութային կեանքի աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ տեսակաւոր ծրագրերով։ Նախընթաց օր սկսաւ «Երեւանի ճազի փառատօնը»։ Հայկական ճազի ընկերակցութեան կողմէ կը կազմակերպուի այս փառատօնը, որուն շրջագծով այս տարի կ՚ապրուի աննախընթաց ոգեւորութիւն՝ այս երաժշտութեան ճիւղին հետզհետէ աւելի մօտիկ ընդունելութիւն գտնելուն զուգահեռ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քիսլէրը։ Ողջունելով նորանշանակ դեսպանը՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գերմանիոյ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած ամուր կապերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կոչուած է ճշմարտութիւնը փնտռելու։
Ուստի մարդ պարտաւոր է փնտռել ճշմարտութիւնը՝ որ է իրաւո՛ւնք նաեւ իրեն տրուած։ Եւ մարդ պէտք է յատկապէս ճշմարտութիւնը փնտռէ այն հարցերուն մէջ՝ որոնք կը հային հոգեւոր կեանքին՝ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ։
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ 2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ մեծարեց գաւառակի վարժարաններուն տնօրէնները։ Ան ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Շիշլիի շրջանի պետական կամ մասնաւոր վարժարաններու տնօրէններուն։
«The Tbilisi Times» վրացական թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի գործունէութեան շուրջ։ Այս յօդուածին կցուած են նաեւ շարք մը լուսանկարներ։
Անգլիական «The Guardian» հեղինակաւոր օրաթերթը գրեց, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ պէտք է քննադատէ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի խաչքարերու կազմակերպուած աւերումը։ Ինչպէս ծանօթ է, 2005 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ձեւով ոչնչացուած էին համամարդկային ժառանգութեան այդ կարեւոր ու անկրկնելի արժէքները։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան տեսակցեցաւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գալիք օրերը կրնան ծանրակշիռ ըլլալ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններուն առընթեր: Այսինքն թէժացում Դամասկոսի մէջ: Թէժացում Հոմս-Դամասկոս գլխաւոր ճանապարհին վրայ եւ թէժացում Հալէպի մէջ:
Սկիւտարի Ս. Խաչ թաղամասի գերեզմանատան մէջ կը վերանորոգուի Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանին շիրիմը:
Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ այս կարեւոր ծրագիրը կեանքի կը կոչուի «Հայճար»ի հետեւողական ջանքերով:
Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը անկարելի է օգտագործել՝ անտեսելով հանրութեան անդորրը:
Պատրիարքարանը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ համայնքին անունով խօսելու յաւակնողներու հասցէին:
Անգլիոյ զինուորական նուագախումբի Հայաստան կատարած այցելութիւնը եզրափակուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Նուագախումբին ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ, որովհետեւ նախատեսուած բոլոր համերգները արժանացան ջերմ հետաքրքրութեան եւ առիթ դարձան խանդավառութեան։
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ գտնել հասարակաց կէտեր:
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով երէկ տեսակցեցան Սեւ ծովու առափնեայ քաղաքին մէջ:



