Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ ընտրողներու 86,28 տոկոսին մասնակցութեամբ:
Պատմական արդիւնք եւ յստակ պատկեր:
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը անխուսափելի:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Քեմալ Քըլըչտարօղլու մրցակցութիւնը ստեղծեց նոր հաւասարակշռութիւններ: Խորհրդարանէն ներս ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը ապահովեց մեծամասնութիւն: Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տրամադրութիւնները վերելք արձանագրած են անհերքելիօրէն: Մինչեւ 28 մայիս քարոզարշաւը պիտի շարունակուի:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին այցելեց Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ:
28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովին մէջ պաշտօն պիտի կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ յաջողեցաւ երեսփոխան ընտրուիլ երէկուան ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Ան մաս պիտի կազմէ ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. Ֆութպոլային դիւանագիտութեան ետնաբեմը» խորագիրը կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամուլի քարտուղար, նախկին երեսփոխան Սամուէլ Ֆարմանեանի գիրքը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք մենք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ ունին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արդի-ժամանակակից կեանքը հիմնուած է գիտութեան վրայ։ Այսօր, կեանքի վայելքները գիտութեան կը պարտին իրենց գոյութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջապէս գտայ յոռետես բարեկամ մը, որ ցեղասպանութենէն իսկ առաջ՝ 1904 թուականին կը գուշակէր ապագայ սերունդներու անտարբերութիւնը, սեփական լեզուէն հեռանալն ու կամաց կամաց դէպի կորուստ առաջնորդուիլը:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ պէտք է փնտռել սպառազինութեան նոր մատակարարումներ, որովհետեւ հայկական կողմը առարկայականօրէն չի ստանար այն, ինչին համար վճարած է Ռուսաստանին։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վաղը Պրիւքսելի մէջ ժամադրուած են՝ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ լարուածութիւն, պաշարեալ Արցախ եւ միջազգային դերակատարներուն կողմէ ջանքեր՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրումը ապահովելու նպատակով:
Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Ընտրողներուն պատասխանատուութիւն կը վիճակի՝ երկրի ճակատագիրը իրենց նախընտրութիւններով որոշելու ճանապարհին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Անգարայի «Պիլիմ» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. տքթ. Եավուզ Տեմիրն ու Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան նախկին վարչապետ փրոֆ. տքթ. Պէյճան Իպրահիմօղլուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ատըեամանի Հայրենակցական միութեան վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Սատըք Պաքըրճըօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Տեւա» կուսակցութեան Բ. ընտրաշրջանի երեսփոխանի թեկնածու Էվրիմ Ռըզվանօղլուն եւ իր ընկերակիցները։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Փոքրիկները գործադրեցին բազմալեզու յայտագիր մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէճթեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, հանգուցեալ մարզիկ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Հոգելոյս ելմտագէտ, բարեյիշատակ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի հեղինակած վերջին բառարանին շնորհանդէսն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։
Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ նշանակուած է Լենա Ենիեորկան, որ կ՚անդամակցի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի, յատուկ յարգանքով կը յիշատակուի հայ կրօնական արուեստի եզակի նմոյշներու ներբող, «Առաւօտ լուսոյ»ի, «Հաւատով խոստովանիմ»ի, «Նորահրաշ»ի եւ բազմաթիւ այլ հոգեւոր երգերու, աղօթքներու, տաղերու, առակներու եւ հանելուկներու հեղինակին, 12-րդ դարու մեր մեծ սուրբին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Երաշնորհ Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցը:
