Արխիւ
Անգարա եւ Թեհրան վերահաստատեցին՝ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարելու ուղղեալ կամքը:
Թուրիքա եւ Իրան կայուն թափով կը համագործակցին անվտանգութեան բնագաւառէն ներս բոլոր ակնկալութիւններով:
Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։ Փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած է այս աշխատանքային խումբը, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրները քննարկելու նպատակով։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ փառատօն մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Բացօթեայ նախատեսուած էր ձեռնարկը, որ տեւեց ամբողջ օր մը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան աղբիւրները հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ շաբաթավերջի Սոյլու-Ալճան-Իպրահիմզատեհ հանդիպման լոյսին տակ:
Ներքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ անհրաժեշտ աշխատանքը պիտի աւարտի, որպէսզի մօտաւոր ապագային տեղի ունենան փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւնները:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պառակտումն ու անկազմակերպ աշխատանքը, դժբախտաբար, թրքահայ իրականութեան հիմնական ստորոգելիներէն դարձած են։ Ամէն մարզէ ներս մեր համայնքային կառոյցները կը գործեն առանց համակարգելու աշխատանքները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ծնողական սէրը անսահման է: Մենք մեր զաւակները կը սիրենք մաքրամաքուր ու անսահման սիրով մը: Կը ջանանք ամէն բան տալ անոնց, փոխարէնը պահանջելով ոչինչ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մերթ ընդ մերթ կապ կը հաստատենք Դադիվանքի մէջ փակուած հոգեւորականներէն Հայր Աթանասին հետ՝ տեղեկանալու հոն ծառայող հայ հոգեւորականներու վիճակին մասին: Կապի միջոցները յուսալի չեն, միշտ չէ, որ հայր սուրբը հասանելի է, կամ կրնայ տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցել:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ։ Տեղւոյն հոգեւոր հովիւը, ծխական խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը, որու մատուցած Ս. Պատարագի ընթացքին առընթերակայ էր Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նշած էինք, որ Հոկտեմբեր ամիսը մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ յայտարարուած է որպէս մշակոյթի ամիս: Անցնող մէկ-երկու շաբաթներու ընթացքին մի քանի գրութիւններ հրատարակեցինք մշակոյթին հետ կապուած:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ էական հարցում. առո՞ղջ են արդեօք Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւնները:
Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն յաջողած՝ ստեղծուած առկայ կացութեան համահունչ արտաքին քաղաքական ռազմավարութիւն մը, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ գործել Իրանի հետ համագործակցութեան ընթացքին եւ հաւանական զարգացման վրայ: Նախագահ Ռէիսիի ղեկավարութիւնը զգալի կը դարձնէ, թէ լուրջ կասկածներ ունի Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութենէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեխաները մեր կեանքի մեծագոյն նուէրն են: Անոնք՝ իրենց պարզութեամբ, մաքրութեամբ ու անկեղծութեամբ մեր օրը կը լեցնեն խինդ ու ծիծաղով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ, երբ տասնութ տարեկան էի, բազմաթիւ զոհողութիւններէ ետք նշան կապեցի ինձմէ երկու տարի մեծ ապաշխարած ընտանիքի աղջկայ մը հետ: Ընտանիքին եւ մեր դաւանանքին համաձայն, վստահաբա՛ր, այդ մէկը Աստուծոյ կամքն էր, որ կը կատարուէր:
Գերմանացի քանդակագործ Վիլհելմ Քոխ արդէն իսկ աւարտած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արձանը, որ որոշ ժամանակով պիտի ցուցադրուի Պաւարիոյ Թեմփըլ թանգարանին դիմաց:
2.7 մեթր բարձրութեամբ արձանը կը ներկայացնէ Մերքելը՝ նստած ձիու վրայ:
Կը տեղեկանանք, որ «Նռան յոյսը» գեղարուեստական նախագիծի հեղինակ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով ընկերային ցանցերու վրայ հաստատուած է նոր պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի անմոռանալի բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի թողած աւանդին, մեծ ժառանգութեան վրայ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ սկսաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, որ ձօնուած է 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակներուն։
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ եռակողմանի բանակցութիւնները այսօրուընէ սկսեալ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են երկօրեայ։
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը զգուշացումներ կ՚ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսելուն ընդառաջ:
Վարդան Օսկանեան. «Միշտ ի մտի ունենալ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային մեծ պատկերը, գլխաւոր դերակատարներու տարաբնոյթ շահերը՝ կեդրոնացած մնալ մեր շատ նեղ խնդիրին վրայ»:
Երէկ, «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս սկսաւ «Mamut Art Project 2021»ը։ Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի այս նախաձեռնութիւնը, որ 9-րդ անգամ կազմակերպուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, երէկ, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Մանուկ Գալայճը այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Արէտ Չաքըճը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Թիֆլիզ կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնաբանեց Անդրկովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի մը ստեղծման առաջարկը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա բուռն ձեւով կը պաշտպանէ այս հարթակի ստեղծուիլը։