Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

Գալֆաեան Տան Զ. դասարանի սաներէն Ալին Սու Եամաչ եւ Եուլիանա Էրտէմ վերջերս մանսակցեցան մրցոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտային խաղերու հիմնարկին կողմէ։ Իրենց ապահոված աստիճանով անոնք իրաւունք շահեցան մասնակցելու այդ մրցոյթի յաջողդ փուլին, որ նախատեսուած է այս ամսավերջին։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Խրվաթիոյ աւագ հիւպատոս տքթ. Իվանա Զերեքը, որ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ստացայ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի պատգամներով պատրաստուած «Հովիւի խօսքեր» գիրքը, զոր Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, որպէս «Ոսկեղնիկ մատենաշար»ի Ե. գիրքը լոյս տեսած էր 2021 թուին, Լոս Անճելըսի մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 20-րդ օրն է արդէն:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին կը կոչուի Տնտեսի կիրակի։ Մեր Տէրը Քրիստոս «Անառակ որդի»ին առակը պատմելէ ետք, կը պատմէ նաեւ «Անիրաւ տնտեսինե» առակը։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Գողութեան հազարաւոր դէպքերէն՝ պատահած վերջերս Ամերիկայի տարածքին, երկուքը ակնառու ըլլալով՝ գէթ իմ հայեցողութեամբս, կ՚ուզեմ ներկայացնել ընթերցողներու ուշադրութեան։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ փուլի կը մտնէ այսօր պատերազմը։ Ամենակարեւորը՝ ռազմական գործողութիւնները ինչո՞ւ կը յապաղին։
Եթէ Ռուսաստանի նպատակը արագօրէն Ուքրայնայի մայրաքաղաքը՝ Քիեւը տիրապետութեան տակ առնելն էր, ապա այսօր բաց կերպով պէտք է ըսել, որ պատերազմի առաջին փուլը ի նպաստ ռուսերուն չեղաւ։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս օրերուն Լիբանանի մէջ ցաւագնոտ վիճակի մէջ իր գոյութիւնը կը փորձէ քաշքշել ապերջանիկ անձնաւորութիւն մը, որ կեանք մը ամբողջ հալածուեցաւ ու քարկոծուեցաւ ճշմարտութիւնները բարձրաձայնած ըլլալուն համար:

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022

Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ Տարտանելի յաղթանակի 107-րդ տարեդարձը, ինչ որ բնորոշուեցաւ պատմական արարողութիւնով մը։ Այսպէս, հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Տարտանելի նեղուցի կամուրջի բացումը՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Կաթողիկոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շուրջ երկու ժամ տեւած է զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Արմէն Մելքոնեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Ան քաղաքիս մէջ մասնակցեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային ժողովին։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 19-րդ օրն է:
Արդէն կը մօտենանք ճանապարհորդութեան կէսին հասնելու:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

Թուրքիոյ Քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները երէկ համախմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:
Միջեկեղեցական համագործակցութեան վերաբերեալ քննարկումներէ վերջ սարքուեցաւ պահքի ընթրիքի սեղան մը:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէրտար Արաս Շահին, որ հաստատութեան նախկին սաներէն է ու վերջերս հրատարակած է գիրք մը։ «Սահմանափակուած կեանքեր» կը կոչուի իր հեղինակած նորատիպ գիրքը, որու բովանդակութիւնը պայմանաւորեց դպրոցին մէջ աշակերտներու հետ կազմակերպուած ջերմ զրոյցին մթնոլորտը։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ արդէն երդուելով ձեռնարկած է իր պաշտօնին։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անմեղ հարցում մը.- արդեօք օր մը դուք ձեզի եւ կամ հեռու մօտիկ հայրենիքի ձեր բարեկամներէն մէկուն հարցուցա՞ծ էք, թէ իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռք եւ կամ արդեօք ծանօ՞թ է Սփիւռք կոչուած բառին եւ անոր ետին թաքնուած իմաստ-խորհուրդին:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ծանր հրթիռակոծումները կը շարունակուին։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ռուսաստան կը փաստէ, որ նախ պէտք է ընկճել, ծունկի բերել կեդրոնական քաղաքները, ապա անցնիլ աւելի աշխոյժ ռազմական գործողութիւններուն։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Աղջի՛կս, դուն ալ ինծի պէս եղար...
Ըսաւ ծերունազարդ տիկին Վեհան, երբ կը խօսէր Երեւան բնակող իր աղջկան հետ:

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցեալը մի՛շտ ալ սիրած եմ, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ այդտեղ մարդ աւելի՛ մարդ էր՝ քան այսօր. կը հաւատամ, որ այդտեղ արուեստը, մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնը շա՜տ աւելի արժէք ունէր քան այսօր:

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մթնոլորտը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան այժմու յաւակնութիւնները՝ մասնաւորապէս վերջին տասնամեակներու ձեռքբերումներու լոյսին տակ։ Այդ յաւակնութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ խորաթափանց պատկերացնելու տեսակէտէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման այժմու գործընթացը, որ նոր փորձ մըն է վերջին 30 տարիներու ժամանակաշրջանին։

Էջեր