Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ժամանակաշրջանը որ կ՚ապրինք, մեզ դարձուցած է անտարբեր եւ անհոգ մեզ շրջապատող արժէքներուն, բարքերուն եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի՞նչ մեղքս պահեմ... մինչեւ այսօր կը զարմանամ, եւ վստահ եմ ինձ նման շատե՜ր նոյն մտածումը կ՚ունենան, թէ ինչպէ՞ս գրուած նամակ մը վայրկեաններու մէջ կը հասնի ովկեաններէն անդին՝ հասցէատիրոջ:
Անգարայէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երէկ կարեւոր այցելութիւն մը տուին Գումգաբու:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցը:
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի համալիրէն ներս երէկ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, հանդիսաւոր ձեւով նշուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս Երեւանէն, շնորհակալութեամբ ե՛ւ մեծ ուրախութեամբ, ստացած էի ճարտարագէտ-բանաստեղծ՝ Թադէոս Եսայեանի նոր լոյս ընծայած «Պարզ ու տաքուկ բառերով» բանաստեծութիւններու հաւաքածոն:
Բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանի անունին մօտիկէն ծանօթ էի դիմատետրէն եւ անշուշտ, ցարդ մամուլի ճամբով իր ստորագրած արձակ եւ բանաստեղծութիւն էջերէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետպատերազմեան Հայաստանը բոլորովին նոր Հայաստան մը ըլլալու բոլոր միջոցները ունէր, սակայն ինչպէս այլ առիթներով, այս անգամ ալ ջուրին կու տայինք մեզի տրուած պատեհութիւնը։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատմամշակութային խնդրի առջեւ կանգնած է արեւմտահայերէնը. պիտի կարենա՞յ գոյատեւել որպէս ինքնուրոյն լեզու, իր ուրոյն բառագանձով շարահիւսութեամբ, քերականութեամբ եւ ուղղագրութեամբ:
Անցեալին Հայաստանի մէջ ըսողներ եղան, որ արեւմտահայերէնը բարբառ է: Այսօր այս արտայայտութիւնը մտածելու պէտք է մղէ սփիւռքը, որուն ստուար մեծամասնութիւնը կը խօսէր արեւմտահայերէն, կը գրէր այդ լեզուով, կը ստեղծէր գրականութիւն:
Երկար ընդմիջումէ մը ետք, Կիպրոսի Համազգայինը 15 հոկտեմբերին վերսկսաւ իր մշակութային երեկոներուն, նոր տարեշրջանի առաջին երեկոն նուիրելով բանաստեղծ Համօ Սահեանին։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բանալով երեկոն իր ուրախութիւնը յայտնեց ու նշեց. «հաւատաւորեներու կողքին կան նաեւ նոր դէմքեր, ներկաներուն թիւը բարձրացնելով 54-ի»։
Մեր աշխատակից Անուշ Թրուանց Երեւանէն կը տեղեկացնէ.-
Թուրքիոյ իգական սեռէ առաջին արհեստավարժ լուսանկարիչի աւանդը կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Հոգելոյս Մարիամ Շահինեանի կողմէ նկարահանուած դրուագներ կը ներկայացուին Երեւանի «4+» կեդրոնէն ներս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս լատին-կաթոլիկներու նորանշանակ վիճակաւոր Հայր Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն։ Ներկայիս այս վերջինը պաշտօնամուտի առթիւ քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդներուն եւ այս ծիրէն ներս ալ այցելեց Պատրիարքարան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Տղաքը այս յատկանշական տօնը նշեցին իրենց ուսուցիչներու վերահսկողութեան ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնով դպրոցէն ներս արտասովոր օր մը ապրուեցաւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցաւ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց Կաթողիկոսարանի «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի 16 վկայեալները, որոնց մեծամասնութիւնը կը դասաւանդէ լիբանանահայ վարժարաններէ ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայաստանը եւ տարածքաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս միջազգային գիտաժողովը տեղի ունեցած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ։
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Յաղթանդամ ոստիկան մը մտաւ գերեզմանատուն, մի քանի անստոյգ քայլ առաւ ճերմակ տապանաքարերուն շուրջ, ապա տատամսոտ կեցաւ պահ մը եւ գոչեց ձայնը երկարելով. «Օմար Խայեա՜մ...»: Ոչ ոք պատասխանեց:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Աւստրալիոյ Կույրա քաղաքէն, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Քանպերայէն 270 մղոն՝ այսինքն 430 քիլօմեթր, հեռաւորութեան վրայ։
Նախքան մեր բուն նիւթին անցնիլս, կ՚ուզեմ ձեզի ներկայացնել հայերէն լեզուի առաւելութիւնները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը իր կեանքի ընթացքին մի՛շտ աւելին ունենալու, մի՛շտ աւելիին ձգտելու բնազդը ունի: Հաւանօրէն այդ բնազդին զոհն էր նաեւ նախամարդը՝ Ադամն ու Եւան, որոնք մէկդի դնելով իրենց յանձնուած բազմատասնեակ ու բազմատեսակ ծառերը, իրենց խելքը դրին բարիի եւ չարի գիտութեան ծառին՝ ի խնդիր բան մը աւելի տեսած կամ գիտցած ըլլալու, որուն հետեւանքը ցայսօր կ՚ապրինք բոլորս:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերու գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռական մնալ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին շուրջ։ Նախագահ Էրտողան յաջորդ շաբթուայ սկիզբին՝ 26 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճան։