Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Տեւականօրէն եւ ամէն բնագաւառէ ներս ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, իր պատկերացումները եւ աշխարհի ընդունումը տեսած է Արեւելք-Արեւմուտքի բաժանարար գիծերու, տարբերութիւններու եւ այդ շարուածքի, ուղղուածութեան ընտրութեան ընդմէջէն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը 2022 թուականին պիտի ոգեկոչէ թերթիս նախկին խմբագրապետուհի Լիլի Գօչը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Իր յիշատակը որքան քաղցր է, այնքան եւ թանկ՝ աւանդուած թերթիս դարաւոր անցեալէն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նոր թուականի մը սեմին կանգնած ենք։ Երեք քառորդ դար մը ետիս նետած, երկրէ երկիր փոխադրուած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, այս օրերուն անխօս ու շուարած որոճալու սկսած եմ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ափրիկէի սրտէն կը խօսինք, Սոմալիի քաղաքացիական պատերազմէն, Եթովպիայի տագնապէն, կը խօսինք նոյնիսկ Սուտանի ներքին լարուածութեան մասին։ Մեր պաստառներուն մէջէն իրենց ձեռքերը մեզի կ՚երկարեն այդ վայրերու նուիրեալները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Տատի՛կ, այս տարի բաւարար չափով մեծցա՞յ:
-Այո՛, ձագս: Չափենք հասակդ, որ տեսնենք:
Տատիկը թոռնուհին պատին մօտեցնելով, գլխավերեւէն հասակը չափեց եւ գծիկ մը աւելցուց պատին՝ նախորդող ուղղահայեաց գծիկներուն վրայ: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

2021-ի արդէն վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուեցաւ վեցերորդ հատորով. «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Հոգելոյս Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը կողքի մը տակ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մանրակրկիտ աշխատանքով:
Մեկենաս ընտանիքը այս յատկանշական գործը ձօնած է հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի անթառամ յիշատակին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պատրիարքարանը ներկայ տարեմուտին արդէն լոյս ընծայած է հերթական պաշտօնական օրացոյցը։ Այսպէս, ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2022-ի «Եկեղեցական օրացոյց»ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մօր եւ մանուկի համար յոյժ կարեւոր են կեանքի առաջին քառասուն օրերը: Նոր լոյս աշխարհ եկած փխրուն արարածը, ըստ բնական օրինաչափութեան՝ կը մտնէ կեանքի նոր միջավայր մը, որ խիստ կը տարբերի անոր նախնական՝ մայրական ներքին միջավայրէն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը տօնեց իր 80-ամեակը: Մայրաքաղաք Երեւանի սիրտին վրայ ութսուն տարի ժամ ցոյց տուող գործիքին սրահէն առցանց համերգ մը ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեան, որ բացի դասական մեղեդիներ նուագելէ, նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւնը նուիրեց այս յատկանշական առիթին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարի մը եւս իր աւարտին հասաւ, առիթ տալով նոր տարուան մը սկիզբին:
Ի՜նչ-ի՜նչ ապրումներ, յուզումներ, յոյզեր, զգացումներ, երազներ, նպատակներ ու տեսիլքներ մնացին անցեալին մէջ. անոնցմէ մաս մը լաւապէս ապրուեցան, ուրախացուցին կամ տխրեցուցին մեզ, հրճուեցուցին կամ ցաւ պատճառեցին մեզի. որոշ «երազ»ներ իրականացան եւ մաս մըն ալ մնացին անկատար. յաջողեցանք հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու հասնիլ մեր կարգ մը նպատակներուն, մէկ մասը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեր ունեցած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները դուռ բացին մեր դիմաց նոր նպատակներ մշակելու եւ ճանապարհ բանալու՝ ընթանալու համար այդ նպատակներուն ետեւէն. տեսիլքներ ունեցանք, ունինք տակաւին, որոնց իրականացումին համար ո՛չ ճիք եւ ո՛չ ալ եռանդ կը խնայենք, լուսաւորելու, գեղեցկացնելու եւ քաղցրացնելու համար մեր կեանքը, մեր ապրած ընկերութիւնը, մէկ խօսքով ամբողջ մարդկութիւնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս բոլոր աշխարհը, մամուլը եւս օրեր ետք պիտի թեւակոխէ նոր տարի մը, ճի՛շդ այն ծերուկին նման, որ չի՛ գիտեր, թէ միւս նոր տարիին ողջ պիտի ըլլայ թէ ոչ: Հաւանաբար աշխարհի շատ մը անհատներու համար նոր տարին ուրախանալու միջոց ըլլայ, սակայն տարեցներուն համար այդ մէկը ուրախութենէն աւելի յուզում կ՚առաջացնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հինցող տարի քայլ մը աւելի մեզ կը մօտեցնէ անյայտ վախճանին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021

Երէկ, Ատրպէյճանէն եւս հինգ հայ ռազմագերի վերադարձաւ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս անգամ գերիներու վերադարձը իրականացուած է Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի ղեկավարներու վերջին ուղղակի հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ Մոսկուա տեղեկացուց, որ կը դիտարկուի Հարաւային Կովկասէ ներս ցամաքային փոխադրութեան եւ երկաթուղային կապերու ապաշրջափակումը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի վերաբերեալ վարկածները ռուս վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ մասնակցեցան ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

Գանատահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը որոշած է Ամանորի բացառիկին մէջ անդրադառնալ այս խնդրին եւ ընդգծել իր զօրակցութեան տրամադրութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021

«Մեր իրականութեան մէջ երբ որ պառակտուած ըլլայ սահմանափակ թիւով ու ներուժով համայնք մը, ապա անխուսափելիօրէն դժուարութիւններ կը յառաջանան՝ իր ծոցին մէջ պահուած մշտական արժէքներու սնման ու յարատեւման տեսակէտէ։ Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը որոշ մարդոց աչքին փուշ դառնալ սկսաւ»:
Արա Գօչունեան. «Այս տագնապը յաղթահարել կ՚ուզենք՝ մնալով անկախ լրատուամիջոց, որպէսզի հայ հաւաքական մտքի խմորումներուն մէջ Պոլսոյ ներդրումը շարունակուի, Պոլսոյ ձայնը չմարի»:

Էջեր