Արխիւ
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ վախճանման քառասնից լրման առթիւ։ Օրուայ սկիզբին ան ոգեկոչուեցաւ՝ իր հասած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին կազմակերպեց Ամանորի խրախճանք մը։ Աւանդական ու խանդավառ այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Քուրթուլուշի մարզակումբին մէջ, որ վերջերս համոյթի երդիքը դարձած է ստիպողական պայմաններով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կաղանդ պապային իրական ըլլալ-չըլլալու հարցը որքան ալ անկարեւոր ու երկրորդական թուի մեզմէ շատերու համար, վստահ եղէք, որ ձեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի ան «զարգացած» երկիրներուն համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանէն լոյս տեսած է մատենադարանի գիտական ուղղութեամբ փոխ-տնօրէն Կարէն Մատթէոսեանի նոր գիրքը՝ «Անին եւ անեցիները» խորագրով: Հեղինակը վերջին տասնամեակներուն Անիի պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան զանազան հարցերու անդրադարձած է իր կարգ մը ուսումնասիրութիւններու մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչո՞ւ որոշ երկիրներ բաւական չեն զարգացած։ Արդեօք սա պարզապէս կրթութեան բացակայութեա՞ն պատճառով է, թէ՞ ուրիշ հանգամանքներով պայմանաւորուած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մանաւանդ Հայաստանի մէջ «խեթ» հայեացքով կը նային արաբ-իսրայէլեան խնդրին։ Աւելին ըսեմ, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ կայ կարծիք, որ «պաղեստինեան դատ» անունով դրուածք գոյութիւն չունի, նաեւ Կազզէի շրջանին «տէրութիւն» ընող պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումները՝ բոլորն ալ ահաբեկչական են։
Հանրապետութեան նախագահը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց հրեայ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Էրտողան լայնախոհ պատգամներ տուաւ՝ հակասեմականութիւնը որակելով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Մինչ այդ, խորհուրդի քարտուղարը՝ Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է այցելելու Պաքու եւ Անգարա։
Մինչ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման հորիզոնը արդէն յստակացած է, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան համապատասխան մարմինները վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարեն՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով, թէ ո՛ր ընկերութիւնները պիտի ներգրաւուին այդ աշխատանքին մէջ։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Անգարայի եւ Պաքուի հետ քննարկումներուն մէջ պէտք չէ արտայայտել հիմնազուրկ լաւատեսութիւն, որովհետեւ Երեւան այդ հիմքը չի նկատեր:
Վարչապետին կողմէ պատգամ. «Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններէն Հայաստանի ակնկալութիւնն է յարաբերութիւններու կարգաւորումը, բայց խնդիրը բարդ է եւ զգայուն»:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Գումգաբուի արարողութիւններուն, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը:
Սուրբ Ստեփանոսի յիշատակութեան աւանդական նախատօնակը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Գերմանացի յայտնի հայագէտ գիտնական Եոսէֆ Մարկվարդի գնահատանքը որպէս նախաբան կ՚արձանագրեմ այստեղ՝ երբ համեմատութեան մէջ դնելով Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի գործունէութիւնը գերման յայտնի մտքի լուսաւորիչներ Պիպինի եւ Վինֆրիտի հետ, ըսած է.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ղուկասի Աւետարանին 19-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի պատմած մէկ առակը, այն մասին թէ մարդ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկէ դրամը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ հայրենադարձ Սարհատ Աբրահամեանի հետ զրուցեցինք հայրենադարձութեան մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի ապագայ ընթերցող, որոշեցի նամականի մը պատրաստել եւ յարմար գտայ առաջին նամակը քեզի գրել:
Մենք անծանօթներ ենք. անծանօթներ խառնուածքով, բարքով, սովորութիւններով, կենցաղով ու ապրելակերպով, սակայն մեծ հաւանականութեամբ օր մը ուզես տեղեկութիւն ունենալ մեր ժամանակահատուածին մասին. այդ ժամանակ աշխարհի երեսին հայկական մամուլ մնացա՞ծ կ՚ըլլայ թէ ոչ, հայերէն խօսող կարդացող կը գտնուի թէ ո՛չ՝ չեմ գիտեր, սակայն այդ յոյսով է, որ կը գրեմ այսօր:
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մոխրագոյն, փոքրիկ աղաւնի մը, թաքուն կերպով, մտաւ մանուկի մը գծագրութեան տետրին մէջ եւ քնացաւ անոր սպիտակ էջերէն մէկուն վրայ:
Առտու, երբ մանուկը գծագրութեան տետրը բացաւ, անակնկալի եկաւ տեսնելով՝ քնացած աղաւնեակ մը սպիտակ էջի մը վերջաւորութեան:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Վերջերս լոյս տեսաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ երկարամեայ վեթերան հովիւ՝ Վեր. տքթ. Վահան Թութիկեանի 46-րդ երկլեզուեան գիրքը «Ever Onward/Օն յառաջ» վերտառութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան աշխարհը: Մարդ արարածը աշխարհի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Քրիստոսէ բազմահազար տարիներ առաջ եւս ունեցած է երգ եւ երաժշտութիւն, որ ժամանակի ընթացքին մարդուն հետ զարգանալով հասած է մինչեւ մեր օրերը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերակենդանացումով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ արդէն կը վերսկսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ընդհատուած էին։
Համաքրիստոնէական ընտանիքը համակուած է Սուրբ Ծնունդի բարձր տրամադրութեամբ։ Տօն է, մեծ տօն՝ իր խորհուրդով եւ առթած ապրումներով։
Իւրաքանչիւր տօնի խորհուրդէն անբաժան է մանուկը... Փոքր տարիքի տօնական ապրումները ուղղակիօրէն գործօնի կը վերածուին՝ մարդու կերտուածքի, նկարագրի ձեւաւորման ճանապարհին։