Արխիւ
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու գործընկերութիւնը տարածքաշրջանային համագործակցութեան լաւ օրինակ մըն է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Զալքալիանի ընդգծեց, որ Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին է տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ որոշուեցաւ 1 հոկտեմբերէն վերջ բանալ Թուրքիոյ համալսարանները։ Բարձրագոյն ուսուցման խորհուրդի նախագահ փրոֆ. Եքթա Սարաչ յայտնեց, որ համալսարանական համալիրներէ ներս ուսանողներու նօսրացման, շարժումի նուազեցման համար որոշում առնելու լայն հնարաւորութիւններ ընծայուած են համալսարաններու վերատեսչութիւններուն։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու համատեղ լայնածաւալ ռազմափորձը հասաւ իր աւարտին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար այս առթիւ այցելեց Ատրպէյճան՝ իր հետն ունենալով Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէրն ու բանակի բարձրաստիճան հրամանատարները։
ԵՐԱՄ
Հասեր էր Աշունը։ Արդէն ուրիշ էր Զանան. հասունցեր, կայացեր էր։
Եւ ոչ միայն անոր համար, որ լրացուցեր էր կեանքի տասնութերորդ տարին։
ՀԲԸՄ ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի մէջ այս շրջանին ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումներուն կապակցութեամբ:
Բխելով անկախ հայրենիքի իրականութենէն, կրթական համակարգէն ակնկալուած արդիւնքները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ որպէս սփիւռքի հայապահպանումի երաշխիք:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այն ատեն՝ 1971-ին, երբ անունովդ նկարեցի Նիւ Եորքը, այն գերեզմանը որ աշխարհը սկսաւ նկարել, այսօր հարց կու տամ. «Ինչո՞ւ քեզի հանդէպ սէրս կ՚աւելնայ, մինչ սահմաններդ կը վիճին օրկաններուս աշխարհագրութեան մէջ: Որքա՜ն խոր է շշունջդ, որ կը սուզուի մէջս ամէն օր՝ մարելու մօտ աստղի մը կերպարանքով, իսկ գլուխս կը շարունակէ երթեւեկել ստինքներուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնական հասարակութիւնը հիմնուած է ամոլներուն հաւանութեան վրայ։ Ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը սահմանուած են ամոլներուն բարիքին, զաւակներուն որդեծնութեան եւ անոնց դաստիարակութեան։ Ամուսիններուն սէրը եւ զաւակներուն ծնունդը միեւնոյն ընտանիքին անդամներուն միջեւ կը հաստատեն առանձնայատուկ յարաբերութիւններ եւ առաջնահերթ պատասխանատուութիւններ։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին նախընթաց օր հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։
Ովկիանոսի մէջ ամենամեծ «աղբակղզին» հասած է Ֆրանսայի մակերեսին։ Մոլորակի վրայ ամենամեծ «աղբակղզին» իր մակերեսով համեմատելի է Ֆրանսայի հետ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա քաղաքին մէջ վեց տարի վերջ վերամիաւորուած դլփինն ու շունը իրենց իւրայատուկ ընկերութեամբ համացանցի աստղ դարձած են։
Աշխարհի բնակչութիւնը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ ուտելիքի նկատմամբ խնայողական վարուելու։ Մանաւանդ վերջին քորոնաժահրի համավարակի օրերուն այս պայմանը ա՛լ աւելի ուշագրաւ կը դառնայ։
Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, վաճառուած է ինքնատիպ բնակարան մը։ Ան ուշադրութիւն կը գրաւէ իր 1 մեթր լայնութեամբ։ Բնակարանը կը գտնուի Շիքակոյի Տիըրֆիլըլտ բնակավայրին մէջ, որու բնակիչները զայն նմանցնելով կարկանդակի շերտի՝ անուանած են «կարկանդակ-տուն»։

Արձակագիր ու թարգմանիչ Հմայեակ Ոսկանեան ծնած է 1902 թուականի փետրուար 15-ին, Ալաշկերտ գաւառի Քարաքիլիսէ գիւղաքաղաքին մէջ, Աղրը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյ ութամեայ դպրոցին մէջ։
Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի զանազան հատուածներ կը զարդարուին փայտեայ տիկնիկներով։ Կիւմրեցիներն ու քաղաք այցելող հիւրերը Կիւմրիի զանազան հատուածներուն արդէն սկսած են ողջունել փայտէ տիկնիկներն ու գունեղ զարդարանքը:
Ինտոնեզիան մինչեւ 2020 թուականի վերջը սահմանները չի բանար զբօսաշրջիկներու առջեւ։ Այսպէս, Ինտոնեզիայի իշխանութիւնները օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու համար չեն բանար սահմանները առնուազն մինչեւ տարեվերջ:
Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցին ընդհանուր մաքրութենէ վերջ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց երէկուան արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գիրկդ վերադարձած եմ: Կարօտագին փաթթուած եմ քու սպիաշատ կուրծքին:
Քու բազմաչարչար գիրկին մէջ ինքզինքս կը զգամ հանգիստ ու խաղաղ, այս խաղաղութիւնը չեմ կրցած զգալ աշխարհի ոչ մէկ տեղ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ութ տարի առաջ, ճիշդ այս օրերուն, հրաժեշտ տուինք Պէյրութին եւ ուղեւորուեցանք Երեւան: Օդակայան տանող ինքնաշարժը կ՚անցնէր հակակառավարական ցոյցի մասնակիցներու խումբերուն մէջէն. անոնք անիւներ կ՚այրէին եւ չորս կողմը կրակ ու ծուխ էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայրենի մեր երկրի առօրեան ծանրաբեռնուած է բազմաթիւ մտահոգեցուցիչ երեւոյթներով եւ գործողութիւններով, որոնք ուղղակիօրէն ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր ազգային ժառանգութեան, գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապաշարումը մտքին խաւա՛րն է. խաւար մը որ աւելի մութ է քան ֆիզիքական խաւարը։ Ուստի, նախապաշարումը ամենամեծ թշնամին եւ արգելքն է ճշմարտութեան։