Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի աննախընթաց տարածումը՝ աշխարհով մէկ, բոլորիս վրայ ազդեց։ Դպրոցներն ու գործատեղիները փակուեցան, մարզարաններն ու ճաշարանները գոցուեցան եւ միայն դրամատուներն ու ուտեստեղէնի շուկաները բաց մնացին, որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց անմիջական պէտքերը հոգալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր իմ խօսակիցը Պելժիա հաստատուած Շահնուր Մինասեանն է։ Ուշագրաւ է, որ Շահնուրի հետ կարողացայ ոչ միայն լոյսին բերել ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Պելժիոյ այսօրուան իրավիճակը, այլեւ պրիսմակը լայն բանալով՝ հարցադրումներ ուղղել այսօր խորունկ ճգնաժամ ապրող եւրոպական մեծ միաւորի ապագային մասին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եւ գիտելի է, որ ճշմարիտ վկան բոլոր սուտ կարծիքները կը խափանէ ու գաղտնի ճշմարտութիւնը կը յայտնէ եւ վկայուածը կը մեծացուցանէ, իսկ սուտ վկան հակառակ ասոր ճշմարիտը կը խափանէ ու ստութիւնը կը յայտնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, ինչպէս մարմնով եւ արտաքին տեսքով, նո՛յնպէս ալ մտքով իրարմէ տարբեր են ստեղծուած, եւ շատ բնական է որ մէկզմէկէ տարբերին թէ՛ մարմնական կազմով եւ թէ՛ խորհելու, տրամաբանելու, դատելու եւ որոշելու ուղղութեամբ։ Ասիկա բնական է բանական էակին՝ մարդուն համար, քանի որ բանականութիւնը լայն մտային հորիզոն մը կը ստեղծէ՝ ուր կը գտնուին տարբեր կարծիքներ։
Քաշմիրի մէջ վերջին օրերուն էականօրէն լարուած է ընդհանուր կացութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերու շփման գծի երկայնքով շաբաթավերջին տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով, ըստ էութեան, տուժած են խաղաղ բնակիչներ։
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս կը հասուննայ գործարք մը։ Այսպէս, Պաքու կը նախատեսէ ձեռք բերել ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւեր։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս։ Անթիլիասի մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ տուաւ իր պատգամը։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրերը սքանչելի օրհնութեամբ փառաբանած են գեղեցկահիւս աղօթքներու ու շարականներու մէջ՝ բերելով մեր ժողովուրդին կեանքի անսպառ յոյսի եւ փրկութեան աւետիսը. «Դու ես, Քրիստոս, մարդկային ազգի կեանքն ու յարութիւնը»։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով:
Երեւանի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին հնչած աւետիսը արձագանգեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու սրտին մէջ:
«Յարութիւնը ոչինչէն վերստին ստեղծել չէ, քնացողի վերստին արթննալը, կեանք գտնելն է»:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընկերային ցանցերու միջոցաւ խօսեցաւ Սուրբ Զատկուան քարոզը:
Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երէկ Թուրքիոյ մէջ մահացաւ եւս 97 հոգի։ Այսպէսով զոհերու ընդհանուր թիւը հասաւ 1198-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ ներկայիս վարակեալներու թիւը հասած է 56 հազար 956-ի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ երէկ հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։
ՇԱՂԻԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Օրերս աշխարհը կը տառապի պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն: Այս համաճարակին դէմ դնելու համար խիստ կարեւոր է զօրացնել մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Մինչ միլիոնաւոր մարդիկ մեկուսացած են՝ պայքարելու քորոնաժահրին դէմ, դրական մնալը ուրիշ ժամանակներէ շատ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ:
Դրական զգացումէն ուրախութիւն կը ծնի: Դրական զգացումներուն վրայ կեդրոնանալը շատ աւելին է, քան ժպտալը. ատիկա լաւատես մնալու եւ կացութիւնը կառուցողական տեսանկիւնէն դիտելու կարողութիւն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ընթրիքը պատրաստ, սեղանը լի ձուկով, գինիով ու հացով, իրենց Ուսուցիչին շուրջը խմբուած են տասներկուքը, կը ճաշակեն հրամցուածը եւ կը զրուցեն անցուդարձերու, եղածներու, ըլլալիքներու մասին ու յանկարծ Ուսուցիչին արտաբերած «մատնութեան» մասին արտայայտութիւնը կը քարացնէ բոլորը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արագ քայլերով ընթացող մարդկութեան ճանապարհին ցցուած պատի մը նման յայտնուեցաւ քորոնաժահրը եւ իր հետ բերաւ նոր երեւոյթներ. աշխարհ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ համաճարակի նախորդածին նման։ Այս բոլորով հանդերձ, համաճարակի ծաւալման պատճառ եղաւ մարդ արարածը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մեծ բերկրանքով կը տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը մենք՝ երկրաւորներս, անշուշտ պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ ննջեցեալները՝ որոնք կ՚ապրին հոգեպէս եւ մուտք են գործած Տիրոջ յաւիտենական կեանքին։ Ուստի պէտք է մասնակից ընել ննջեցեալները մեր երկրային ուրախութիւններուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առաւօտ կանուխ, երբ տակաւին բոլորը իրենց տեղերուն մէջ կը քնանային հանգստանալով նախորդ օրուան յոգնութենէն, խումբ մը կիներ սակայն, գլխաւորութեամբ Մարիամ Մագդաղենացիին, Յովհաննային ու Յակոբոսի մօր՝ Մարիամին, նախքան արեւուն ծագիլը, թախծոտ դէմքերով ու արտասուալից աչքերով կը շտապէին դէպի գերեզմաններ, ուր երեք օր առաջ ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ թաղած էին իրենց ա՛յնքան Սիրելի Վարդապետը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յաճախ բառերը կը դաւաճանեն, իսկ մտածումները կը խորշին մեզմէ։ Դժուար օրերու մէջ ենք բոլորս։ Մեծ հարցումներ կը պտտին ու յաճախ այդ հարցումներու ծայրերը երիզուած են սեւ պսակներու ժապաւէններով։