Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

Փաշինեան սփիւռքի գործերու յանձնակատար նշանակեց Զարեհ Սինանեանը, որ արդէն մեկնած է Երեւան:
«Մենք պէտք է որդեգրենք արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն մը, որու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ սփիւռքահայութեան առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական, հանրային ու քաղաքական կեանքէն ներս»:

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

Գալֆաեան Տան մանկապարտէզի սաները վերջերս այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Երկու դպրոցներու նախակրթարաններու տղաքը մէկտեղուեցան իսկապէս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ ժամանց ունեցան իրարու հետ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուսանողներ՝ գլխաւորութեամբ Գերման աւետարանական եկեղեցւոյ Իսթանպուլի պատուելի Կապրիելա Փաչէյի։ Հիւրերը Աստուածաբանական ճիւղի ուսանողներ էին։ Անոնք Իսթանպուլի իրենց կեցութեան ընթացքին փափաքած էին տեղեկութիւններ քաղել հայոց պատրիարքութեան մասին։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Դանիոյ դեսպան Սվենտ Օլլինկը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել՝ տեղեկութիւններ քաղելու համար թրքահայ համայնքային կեանքի վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի նուիրեալներէն, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին բազմամեայ ու վաստակաշատ տնօրէն Հայկ Նշան։
Իր կորուստը շատ ցաւալի է, որովհետեւ Հայկ Նշան կը խորհրդանշէր իսկապէս նուիրեալ, ուխտեալ հայ կրթական մշակի մը կերպարը։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եբրայեցերէնի մէջ, «Ամէն» բառը կ՚առընչունի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։ Այս արմատը արտայայտութիւնն է ամրութեան, վստահելիութեան, հաւատարմութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտը կը դնէ սրտին վրայ, որ սուրբ գրային իմաստով՝ «խորքն է էակին» (ԵՐԵՄ. ԼԱ 33)։ Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ. այլ խօսքով՝ ըլլալ բարի եւ կամ չար։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Փըթ-փըթ կը թափին հասած թութի հատիկները:
Թթենիին լայնատարած ճիւղերուն յատակը՝ գետինը, ասֆալթին վրայ մի առ մի կ՚իյնան անոնք, կը հաւաքուին քով քովի, կտուրներուն խմբուած ծիծեռնակներուն նման:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ու հնչեց զանգը, հնչեց,
Ու հնչեց վերջին անգամ՝ վերջին։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն։ Այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին դպրոցէն՝ մինչ տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմէն ուխտաւորներ։ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած էին ուխտաւորները։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Մարտինի երեսփոխան Թումա Չելիք Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ ասորիներու ենթարկուած կոտորածներու խնդիրը։ ՀՏՓ-ական պատգամաւորը խորհրդարանի դիւանին ներկայացուց առաջարկ մը, որպէսզի ուսումնասիրուին համապատասխան պաշտօնական փաստաթուղթերը, ի յայտ բերուին շարունակուող ազդեցութիւնները եւ առիթ մը ստեղծուի անցեալի հետ առերեսման համար։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Ումմանի ծոցին մէջ երկու նաւթատարներ երէկ ենթարկուեցան յարձակման:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը դէպքի պատասխանատուութիւնը կը վերագրէ Իրանին:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Եւրոմիութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ հերթական նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:
Եւրոպական կողմը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Անգարա-Երեւան փոխյարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Ազատ Օր» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեան։ Ան շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր իր սպասաւորութիւնը բերած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած էր նաեւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօն, իսկ այդ պաշտօնը փոխանցելէ վերջ ալ կը շարունակէր իր աջակցութիւնը եւ նպաստը բերել թերթին։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Իվ լը Տրիանը։ Երկու նախարարները ծաւալուն բանակցութիւններ վարեցին Անգարա-Փարիզ համատեղ օրակարգի բազմակողմանի խնդիրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019

Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յունիսի 20-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ:
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ հանդիպման օրակարգը:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Ոտքի երկու հարուած եւ ծափ - չկայ այսօր մէկը, որուն ծանօթ չըլլայ այս ռիթմն ու նախաբանը, եթէ ան նոյնիսկ Քուին խումբի սիրահար չէ։ Այս ռիթմով ու երգով կը սկսին այսօր գրեթէ բոլոր մարզական մրցաշարերը։ Հանդիսատեսը այդպէս կ՚արտայայտէ իր համակարանքը մարզիկին, կ՚ոգեւորէ զայն եւ հոգեբանօրէն կը ճնշէ հակառակորդը։

Էջեր