Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սահմանաւոր փորձառութիւն մը բացատրելու համար ստեղծուած բառ մըն է մահ «երկրաւոր» բառը։ Յաւիտենականութեան համար բոլորովին օտար եւ անիմաստ բառ մըն է մահը։
Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանին մէջ գործող «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»էն ներս, յառաջիկայ մարտի 2-էն պիտի սկսին գրաբար եւ արեւմտահայերէն (առցանց), արեւմտահայ գրականութիւն, հայկական հարցի պատմութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն առարկաներու անվճար հիմունքներով եռամսեայ դասընթացները:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան:
Անգարա եւ Մոսկուա կեդրոնացած՝ Սուրիոյ մէջ Իտլիպի շուրջ ստեղծուած կացութեան եւ հեռանկարներուն վրայ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Պատմական թաղի եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։
«Եթէ մեր հասարակաց հարստութիւնը չբաժնենք, ապա զայն պիտի փտի ու մեզմէ պիտի գողցուի»:
Ամեն Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ դարձեալ անդրադարձաւ համայնքային վարիչներուն հետ նախատեսած ժողովին:
Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Yolcu ներկայացումը, որ կազմակերպուած է Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Պարաթատերական այս ձեռնարկին համար երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին նախապատրաստական աշխատանքներ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կը նշուի, որ ձեռք սեղմելու արարքը Քրիստոսէ առաջ սկսած է: Մարդիկ, որոնք միշտ զէնքով կը շրջագայէին, ծանօթներու ձեռք կը սեղմէին, որպէսզի անոնց ցոյց տան, որ անզէն են:
Հայաստանի վարչապետը յառաջիկայ շաբաթ աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա:
Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի մէջ պիտի ընդունուի շանսէօլիէ Անկելա Մերքէլի կողմէ եւ պիտի ուղեւորուի Միւնիխ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Սա պատմականօրէն աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է։
Մոսկուայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը բանակցութիւններ վարելու համար Անգարա կ՚այցելէ:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան լուրջ քննարկումներ կը ծաւալեն Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խանդավառ հաւաքոյթը։ Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը խորագրուած էր՝ «Սէրը անվերջ է»։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, 8 փետրուար 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշատակի տօնը Սուրբ Սարգիս զօրավարին, անոր որդի՝ Մարտիրոսին ու տասնչորս զինուորներուն:
Սուրբ Սարգիսը ծագումով յոյն ըլլալով, մեծ յարգանք վայելած է ու կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդին կողմէ:
Ժողովուրդը Սուրբ Սարգիսի տօնը նշած է բազում սովորութիւններով: Այդ օրը կը կազմակերպուէին զանգուածային ուխտագնացութիւններ դէպի Ս. Սարգիսին նուիրուած սրբավայրեր, որոնց թիւը բաւական շատ էր Հայաստանի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
28 յունուար 2020-ին նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հրապարակեց Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ երկար սպասուած իր «Խաղաղութեան ծրագիր»ը: Ծրագիրին ճարտարապետը նախագահի փեսայ եւ անոր աւագ խորհրդական Ճերըտ Քուշներն է:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մրգաստանի մը նման կը սիրեմ քեզ, հա՛յ լեզու,
Մեր հայրենի պալատէն, պարտէզներէն մնացորդ՝
Դալարագեղ դուն պուրա՛կ, որ դիմացար դարերու
Ու կը մնաս առոյգ, հին աւիշովդ կենսայորդ…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կան ու շատ հաւանաբար պիտի ըլլան հարցազրոյցներ, որոնց մուտք գրելը, հարցազրոյց տուողին մասին երկու տող մը գրելը, բան մը յիշատակելը, աւելցնել կամ պակսեցնելը անհրաժեշտութիւն են։ Այս այդ պարագան չէ սակայն, որովհետեւ խօսողը կը պատմէ իր ապրած կեանքէն, անկեղծ է ու ամենակարեւորը կրողն է հոս հարցազրոյցին ընթացքին իր հնչեցուցած գաղափարներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ի՞նչ է շինած որ մնացած է դարերու ընթացքին։ Շա՜տ բան բայց ո՛չ մնայուն։ Կամ մարդ ի՞նչ է կառուցած որ պիտի մնայ գալիք սերունդներու, գալիք դարերու ընթացքին։
Անգլիոյ Սենեկային նուագախումբը յառաջիկայ շաբթուան մէջ նուագահանդէս մը պիտի սարքէ Իսթանպուլի մէջ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է հինգշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան, «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։
Շարժանկարի աշխարհը կը սգայ մեծ դերասանի մը մահը. ոչ եւս է Քըրք Տակլըս։ Աշխարհահռչակ արուեստագէտը 103 տարեկան հասակին հրաժեշտ առաւ կեանքէն։
Պելժիական համալսարան մը ուսումնական ծրագրին մէջ ընդգրկեց հայ գիտնականի մը աշխատութիւնը։ Այսպէս, հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելժիոյ Կենթի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆեսէօր Ժ. Թիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագրերուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկով: