Արխիւ
Ամերիկեան Bloomberg-ի վերլուծաբաններէն Պապի Կոշ մեկնաբանութիւն մը գրի առաւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերլուծաբանը յայտնեց, որ Թուրքիա Լիպիոյ հարցին շուրջ ի դերեւ հանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի երազները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտերմութիւն» բառը ինքնին կ՚ենթադրէ «երկուութիւն», եւ ոչ թէ՝ բազմութիւն։ Մտերմութիւնը բազմաթիւ մարդոց միջեւ չ՚ըլլար, այլ՝ միայն երկու հոգիներու միջեւ՝ որոնք կ՚անջատուին ընկերութենէն, եւ իրենց առանձնարանին դուռը կը գոցեն ընկերութեան երեսին։
ՏԱԹԵՒ ՍՈՒԼԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2018 թուականին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիա-Սպանիա 6-րդ միջկառավարական գագաթաժողովը շարունակութիւնն էր 2009 թուականին Իսթանպուլի մէջ սկիզբ առած միջկառավարական գագաթաժողովներուն:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Վստահաբար ամբողջ Տիեզերքը իր համակարգով կ՚ընթանայ պայմանաւորուածութեամբ. մեզի յայտնի է արեգակնային դրութիւնը, յարաշարժ ու ժամանակացոյցի նման ընթացքով Արեւ լուսին աստղեր: Բայց մենք գանք մեր Երկիր մոլորակին, ոտքերնիս թող դեգերի ցամաքամասերու վրայ, ինչ որ արդէն եղած է ու կը շարունակուի իբրեւ տեղափոխութիւն կամ գաղթ որպէս, ինչպէս որեւէ կենդանութիւն այս մոլորակի:
ՏԻՐՈՒԿ ՄՆԱԿԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ինը տարեկան էի: Մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած, մտանք դարպասէ մը: Մուտքին՝ պահակի նման ծերունի մը նստեր էր եւ հանդարտ, անժպիտ, կը բարեւէր բոլորին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ աշխարհի տարածքին քորոնա վարակը սկսած է նահանջել (մասնաւորապէս Եւրոպայի տարածքին, անդին խոցելի կը շարունակէ մնալ Հարաւային Ամերիկայի՝ Պրազիլիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը), Հայաստանի մէջ իրավիճակը բաւական մոխրագոյն, նոյնիսկ անմխիթար է։
Ռուսական արուեստի թանգարանը հանդէս եկաւ «Երաժշտական ուրբաթներ» առցանց ծրագրով։ Այսպէս, Ռուսական արուեստի թանգարանը նախաձեռնած է «Երաժշտական ուրբաթներ» դասական համերգային առցանց ծրագիրը, որու շրջանակներէն ներս երէկ թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին վրայ ներկայացուեցան Միխայիլ Քոքժայեւի «Աւէ Մարիա» եւ «Լուսնքա» ստեղծագործութիւնները:
Հայաստանի Տիկնիկային թատրոնի դերասանները «Երաժշտական ողջոյն» նախաձեռնութեամբ կը բարեւեն իրենց գործընկերները։ Այսպէս, «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի երիտասարդ դերասանները նախաձեռնած են «Երաժշտական ողջոյն» ծրագիրը, որու շրջանակներէն ներս երգով կը բարեւեն այլ թատրոններու մէջ աշխատող իրենց գործընկերները:
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցադրումներ հասցէագրեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթային։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ՝ ան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց իր հարցումները՝ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գրաւոր պատասխանի պահանջով։
«Եթէ միասին չաշխատինք, ապա կը սահմանափակենք մեր յաջողութիւնները։ Շնորհակալութիւն մեր բարեկամութեան համար»:
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, ներկայիս բոլորի համար դժուար ժամանակներ են եւ անոնք շուտ պիտի չաւարտին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատը կ՚ապրի ծանօթներու եւ անծանօթներու միջավայրի մը մէջ՝ զոր սովորաբար կը կոչուի «ընկերութիւն»։ Այս շրջանակը կամ միջավայրը, այսինքն ընկերութիւնը մարդոց արարքներուն եւ ընդհանուր ընթացքին օրինաւորութիւնը եւ պատշաճութիւնը հաստատող եւ կամ ժխտող հակասութիւններ ունի. զանոնք «օրէնք» անուանել թերեւս զօրաւոր կերպով որակել պիտի ըլլար։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուշ գիշերին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ իրերայաջորդ գրառումներով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան արձանագրեց, որ խորհրդարանի կողմէ կատարուած Սահմանադրական վերջին փոփոխութիւնները ուժի մէջ մտած են Հայաստանէ ներս։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վախցաւ եւ բարձրաձայն ըսաւ. «Կը վախնամ»:
Պատուհանները լաւապէս փակ էին.
արձագանգը բարձրացաւ ու տարածուեցաւ. «Կը վախնա՜մ»:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր կացութիւնը միշտ զգուշութեան անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ԵՐԱՄ
Նորան մտեր էր Զանայի կեանքէն ներս։
Մտեր էր աւելի առաջ անշուշտ, դեռ շուկայի մէջ իր յայտնութեան ընթացքին։
Մնացականեան եւ Մայիլեան անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին:
Ըստ ռուս վերլուծաբանին, լուծման արագացումը չի բխիր Մոսկուայի շահերէն եւ արդէն այդպիսի ազդանշաններ չկան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն. «Թուրքիա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնել՝ իր իրաւունքներուն եւ շահերուն համար»:
Միջերկրականի եւ Լիպիոյ իրադարձութիւններու վերաբերեալ առկայ տարաձայնութիւններուն շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ մշտական շփումներ:
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջանին գեղարուեստական հետաքրքրական ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ Այսպէս, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս պոլսահայ յայտնի մեներգիչներու մասնակցութեամբ տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Չինաստանի Չունցին քաղաքի զբօսավայրերէն մէկուն մէջ ներկայացուած է աշխարհի ամենավտանգաւոր ճօճանակը, որ արտասովոր մարզաձեւեր սիրողներ կրնան օրօրուիլ 130 քմ/ժամ արագութեամբ՝ գտնուելով մօտաւորապէս 700 մեթր բարձրութեամբ ժայռի եզրին: