Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը։ Ողջունելով բարձրաստիճան դատաւորը՝ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, թէ Աստուած զօրավիգ ըլլայ իրեն եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներուն՝ արդարադատութեան հաստատման դժուարին առաքելութիւնը իրականացնելու ճանապարհին։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
«Հրանդ Տինք» վարժարանին համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութիւնը թէեւ բաւարար չեղաւ պիւտճէն ամբողջութեամբ հաւասարակշռելու, սակայն ապացուցանեց մեր համայնքի անփոփոխ տրամադրութիւնը՝ կրթական գործին միշտ սատար հանդիսանալու ուղղութեամբ: Դպրոցի աշակերտութեան յաջող ելոյթները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու:
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին՝ Բաժակի օրուան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ կիրակիին տեղի կ՚ունենար Կեդրոնականի Բաժակի օրը։
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Մեր մարզական աշխարհի առասպելական անուններէն մէկուն աստղը սահեցաւ՝ իսկապէս պատճառ դառնալով խոր ցաւի։ Ոչ եւս է առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ իր նուաճած ախոյենութիւններով մեծ պատիւ բերած էր մեր համայնքին։ Ան Շիշլի մարզակումբի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Այս տարի, 2020-ին, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, արժանավայել շուքով եւ արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչներէն՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 200-ամեակը։ Հայ ժողովուրդին համար, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ի վեր, հոգեւոր եւ ազգային փոքրաթիւ գործիչներ ունեցած է, որոնք իրենց հիասքանչ գործերով մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի լուսաշող աստղերը եղած են։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները այս շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ են հայաշխարհէ ներս։ Ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ առաջնահերթութեան մը վերածուած է այս ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս տարիին սկսանք բաւական անսպասելի ամերիկեան քայլով մը, որ բացայայտ էր, թէ կը միտէր ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր պատկերին վրայ։ Սակայն բացայայտ էր նաեւ, թէ 3 յունուարին Պաղտատի վրայ կատարուած գրոհին յաջորդող իրանեան հակադարձութենէն ետք ստեղծուած «լուռ» իրավիճակը կը մատնէր մէկ բան, որ կը խօսէր երկու կողմերու ընդհանուր «բաւարարուածութեան» մասին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդոց հոգին կը նմանի խորունկ ու անհուն ծովերու կոհակներէն ու յորձանքէն փրկուելու ջանացող նաւի մը, որու աշխատակազմին կ՚անդամակցին սիրտն ու միտքը։ Զգացումներու ու մտածումներու համադրումը թիկունք կը կանգնին հոգին ազատելու համար փոթորիկներէ, ահագնակերպ ալիքներէ՝ նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի արձակ գրութիւններէն նմոյշ մը՝ երիտասարդ փաստաբանի մը կեանքէն դրուագ մը՝ ուր կը տեսնուի, թէ ո՜րքան իրաւացի է իրեն տրուած «հայ նորավէպի իշխանը» տիտղոսը։ Ուստի հոս նկատելի է «մտածող ե՛ւ գրող»ի սքանչելի՜ մէկ գործը, որ կը ներկայացնենք բոլորովին հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կրնան տեսակցիլ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ժամանակ:
Նախարարներ Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յառաջիկայ օրերուն պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը:
Արմէն Սարգսեան Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ:
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի բնակարանէն ներս երէկ առաւօտ տեղի ունեցած խուզարկումը ստեղծեց շատ լայն արձագանգ։ Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցները կատարեցին այդ խուզարկումները, որոնք օրուան տեւողութեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ մնացին։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլը:
Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ իրերայաջորդ քննարկումներ՝ միջազգային հրատապ խնդիրներուն առընչութեամբ:
Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցւոյ երդիքին տակ պատմական հանդիպում:
Անգլիոյ արքայազն Չարլզ յուշանուէր մը ստացաւ՝ ձեռամբ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի:
Այս կիրակի Գումգաբուի մէջ սիրոյ սեղան կը սարքուի Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին ի նպաստ:
Տարեկան հանգանակութեան յաջողութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի վարժարանի գոյատեւման համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով մը հռչակեց Պալթեան երկիրներու հայոց թեմը։ Այսպէսով Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի հայկական եկեղեցական համայնքները համախմբուեցան նոր թեմի մը հովանաւորութեան ներքեւ՝ առանձնանալով Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «Նէօ-Քաթէքիւմէն» շարժումէն Տքթ. Մարիօ Ռոկենպիւքէն եւ ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս շարժումը կը գործէ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու ակումբի շրջանակէն գործակիցները։ Այցելուները Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեցին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին ակումբի ընդհանուր կացութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որու հետ էին իր գործակիցներէն՝ Տալիտա Եոնթան եւ Առէն Տատըրօղլու։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի հետ։