Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անմիտ ոչխարը կը խոստովանի գայլին», կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը։ Արդարեւ, մարդ պէտք չէ՛ որեւէ գաղտնիք յայտնէ մէկու մը՝ որ վստահելի չէ։
Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրները որոշեցին հաւանութիւն տալ BREXIT-ը երեք ամիսով յետաձգելու Անգլիոյ առաջարկին։ Այսպէսով Լոնտոն ԵՄ-ի կազմէն դուրս պիտի գայ 31 յունուար 2020 թուականին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Պուլկարիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Եքաթերինա Զախարիեւան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Օրուան տեւողութեան Զախարիեւա ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Բացի նիստին մասնակցելէ, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպել իրազեկման հաւաքոյթ մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան չէ գումարած իր այս շաբթուան հերթական նիստը։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Երկու շաբաթը անգամ մը դպրեվանքցիները ի մի կու գան սանուց միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիսապետեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ գիշեր Հայաստան մեկնեցաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները աննախընթաց հանգանակութիւն մը ապահովեցին Կեդրոնական վարժարանին համար, որու ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանը պսակուեցաւ գերազանց յաջողութեամբ:
Դպրոցի երիցագոյն սաներէն, յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան որոտընդոստ ծափահարութիւններու արժանացաւ՝ պատմական կրթօճախին հանդէպ ցուցաբերած նուիրումին եւ նախանձախնդրութեան համար:
Ներքին գործոց նախարարը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ տուաւ կարեւոր պատգամներ:
Սիւլէյման Սոյլու անդրադարձաւ համայնքային հրատապ օրակարգի զանազան խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն:
Հայ մամուլի 225-ամեայ յոբելեանին առիթով խումբ մը լրագրողներ եւ ուսանողներ ծաղիկներ զետեղեցին հայերէն առաջին պարբերականի՝ «Ազդարար»ի հիմնադիր Յարութիւն Շմաւոնեանի յուշարձանին առջեւ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ի լուր աշխարհին տեղեկացուց, որ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ղեկավար Էլ Պաղտատի սպաննուած է յատուկ գործողութիւնով մը։ Սուրիոյ մէջ, Իտլիպի հիւսիսին, Պարիշա գիւղին մէջ Էլ Պաղտատի սպաննուած է իր ապաստանած բնակարանին մէջ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձին առթիւ ներքին գործոց նախարարն ու Իսթանպուլի կուսակալը երէկ երեկոյեան պատուեցին խմբագրատունս:
Սիւլէյման Սոյլու. «Այս թերթը միայն մեր հայազգի քաղաքացիներու ձայնը չէ, այլեւ՝ մեր բոլորին ձայնն է»:
Այցելութեան ընթացքին Արա Գօչունեան բարձրաստիճան հիւրերուն յանձնեց յուշանուէրներ - Մասնակցեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր համայնքէն խումբ մը յայտնի դէմքեր:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 112-րդ տարին։ Սովորաբար տարեդարձի մեր խմբագրականներուն մէջ կ՚անդրադառնանք թերթիս առաքելութեան եւ զանազան երեսակներով լուսարձակի տակ կը բերենք անոր գործունէութիւնը եւ ձեռքբերումները։ Մեր այս տարուան տարեդարձը կը նշենք թրքահայ համայնքին տեսակէտէ արտասովոր իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, պատրիարքական ընտրութիւնը մեր առջեւն է եւ անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները ամբողջութեամբ ողողած են մեր հաւաքական օրակարգը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
1949 թուականին հրատարակուեցաւ Ճորճ Օրուէլի «1984» անուն վէպը, որու հիմնական մասը գրի առնուած էր 1948-ին։ Կան վարկածներ, որոնք կը հաստատեն, թէ հեղինակը իր այս նշանաւոր ստեղծագործութիւնը անուանած է վէպի ստեղծման տարեթիւի՝ 1948-ի վերջին երկու թիւերը տեղափոխելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
28 հոկտեմբեր 1908 թուականին արեւը ո՜վ գիտէ քանիերորդ անգամ էր որ ծագեցաւ. բայց այդ օրը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առաջի՛ն անգամ լոյս տեսաւ։
Անշուշտ կարելի չէ մրցիլ արեւուն հետ, որ դարեր, շրջաններ անընդհատ, անընդմէջ եւ անդադար, անշեղ կերպով կը ծագի եւ կը շարունակէ ծագիլ։
Միւնիխի մէջ կազմակերպուած քննարկումներուն մասնակցութիւն բերաւ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան:
«Եկեղեցին քաղաքի մէջ. Հովուական խնամքի մարտահրաւէրները Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ» նիւթին շուրջ զեկուցումներ:
Երեւանի «Չայքովսքի» միջնակարգ մասնագիտական երաժշտական դպրոցի 80-ամեակին ձօնուած ձեռնարկ:
Օփերեայի մէջ միջազգային հիւրերու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթը շատ փայլուն անցաւ:
Իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու համակարգման խորհուրդը նախընթաց օր Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը ձեռնարկեց 2019-2020 շրջանի աշխատանքներուն։
Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ Պաքըրգիւղի աղքատախնամ մարմնէն Զարդար Պուլտուք