Ի՞Նչ Գիտենք Մայրերու Օրուան Մասին
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1- Հայաստանի մէջ մայրերու տօնը կը նշուի Ապրիլին:
Ճի՛շդ, Հայաստանի մէջ Ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի աւետման օրը:


Ճազի միջազգային օրը անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ խանդավառութեամբ։ 2011 թուականէն ի վեր Ապրիլի 30-ը կը նշուի որպէս ճազի միջազգային օր։
Համաշխարհային պարի օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր ձեւով, խանդավառ ձեռնարկներով։ Երեւանի քաղաքապետարանն ու «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը միասնաբար կազմակերպեցին «Հիրուր խեդ» խորագրեալ ծրագիրը։ Այս շրջագծով, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւելի քան 15 համոյթներու 400 պարողներ հանդէս եկան ելոյթով մը։
Աշխարհահռչակ արուեստագէտը Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը: