ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ ՈՒՂԵՑՈՅՑ
Մինչեւ ամսավերջ հրապարակի վրայ պիտի ըլլայ «İstanbul’un Gizlisi Saklısı» գիրքը:
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ ներկայացուած գործը կը ցոլացնէ քաղաքիս ուրոյն երդիքները:
Մինչեւ ամսավերջ հրապարակի վրայ պիտի ըլլայ «İstanbul’un Gizlisi Saklısı» գիրքը:
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ ներկայացուած գործը կը ցոլացնէ քաղաքիս ուրոյն երդիքները:
Սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ եւ թենոր Պիւլենտ Քիւլէքճի երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկան «Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած բարեգործական համերգ մըն էր այս մէկը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի լէօսեմիէ տառապող երախաներու։
Երէկ, Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցին մօտ տեղի ունեցաւ տարեվերջի խառն ցուցահանդէսի մը բացումը։ Այս աշխատանոցի մօտ հինգ տարեկանէն սկսեալ զանազան սերունդներէ անձերու համար կը կազմակերպուին դասընթացքներ։
Մանկական հիւանդանոցի մը աջակցութեան առաջադրութեամբ, «Նոր կեանքի ծիածան» հասարակական կազմակերպութեան ի նպաստ խանդավառ երեկոյթ:
Յայտնի մեներգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ երաժշտասէրներուն ներկայացաւ համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ «Միասնութեան շուրջպարով»:
Մոսկուայի մէջ սկսաւ հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ՚ապրիմ» խորագրեալ համերգաշարը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի պուրակները, հրապարակները, կառոյցներու բակերը կը հարստանան նոր արձաններով եւ քանդակներով: Հին արձաններ ու կառոյցներ վար չեն առնուիր, փոխարէնը գրեթէ ամէն ամիս արձան մը, քանդակ մը կը դրուի քաղաքին մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը վերջերս ներկայացուեցաւ Քաննի փառատօնի «Քննադատներու շաբթուան» բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նախքան այդ, լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթը 13 Մայիսին տպած էր Ճիմ Քիլթիի հետեւեալ յօդուածը:
Հարցազրոյց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծանօթութիւն, Իմացութիւն, Լեզու, սոյն նշանաբանի կորիզին վրայ Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման փոքրիկ հիմնարկ մը, որ եկաւ փաստելու այն հանգամանքը, թէ հայերէն լեզուի անբաժան մէկ մասնիկն է արեւմտահայերէնը եւ ունի դարերու զարգացման ընթացք ու մանաւանդ շօշափելի գոյութիւնը խարսխող ծաւալուն ու հարուստ գրականութիւն՝ աշխարհասփիւռ հայ գրագէտներու յարգարժան դրոշմով:
Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի շաբաթավերջին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի պետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կարգադրութեամբ։ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին շրջագծով կատարուեցաւ Շահան Արծրունիի պարգեւատրումը։
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանիին տակ գործող «Ճէմ Քարաճա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ «Ույկուր» թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ «Փաթրոն չըլտըրտը» անուն խաղը, որու բեմադրիչն է Պիրոլ Էնկելէր։