ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆԸ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ահա, 4 սեպտեմբեր 2022, կիրակի առաւօտ կանուխ ի վերջոյ հասանք Աղթամար կղզի։ Պոլիսէն եւ Հայաստանէն բազմաթիւ ուխտաւորներ փութացած են Վան քաղաքը։ Խումբին առաջնորդն է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրեր։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը առաւօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերը այս շրջանին պետական մարմիններու կողմէ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նոր նախագահը այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի:
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր համայնքէն Յովսէփ Արզումանը, Նազարէթ Էօզսահակեանն ու Մկրտիչ Արծիւեանը։ Այս վերջինները սերած են Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի ընտանիքներէն։
Պետական մարմինները նկատի կ՚առնեն Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերն ու զուգահեռաբար բարձրաձայնուած ակնկալութիւնները:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ազգային երախտաշատ բարերար եւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Հայկ Արսլանեանի կողակիցն էր Անժէլ Արսլանեան, որու կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց թրքահայ կեանքէն ներս:
ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատկան իշխանութիւններուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է՝ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ կարեւոր բիւրեղացումներ: