ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՊԱԼԵԱՆԱԿԵՐՏ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ նոյեմբեր ամիսը յատկացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի կառոյցներու ծանօթացման:
Վարժարանին մէջ բոլոր դասարանները իրենց մակարդակին համեմատ կատարեցին Պալեաններու վերաբերեալ աշխատութիւններ ու տեղեակ դարձան անոնց Օսմանեան կայսրութեան օրով կառուցած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն։
Անցեալ շաբաթավերջին՝ 23 եւ 24 նոյեմբերին Իսթանպուլի «Ճեւահիր» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ գագաթաժողով մը, որուն նիւթն էր «Կին եւ արդարութիւն»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ Մուրատ Չաքանը, Նուարդ Պարընը եւ Եւգինէ Վանլըօղլուն։ Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ սիրոյ սեղան մը պիտի սարքուի ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին:
Հարիւր յիսուն եւ երկու տարիներ անցան այն օրէն, երբ հոգւով ու սրտով վեհ հայուհին՝ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան ուխտեց տէր կանգնիլ իր ազգի որբացեալ ու կարիքաւոր զաւակներուն եւ դարձաւ երախտաշատ մայր մը։ Տարիներ անցան այն օրերէն, երբ Սրբուհի Մայրապետի ձեռամբ սկիզբ առին սուրբ առաքելութեան առաջին քայլերը եւ այդպիսով ամուր եւ անսասան հիմք մը հաստատուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Երկա՜ր ու դժուար տարիներ…
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները իրենց գործադրած յայտագրով ուսուցիչներու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը։
Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 152-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պարիարքական աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց համաշխարհային միաւորումը այս օրերուն Մոսկուայի մէջ կ՚իրականացնէ հաւաք մը։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի թեմերէն եւ Ռուսաստանի թեմէն երիտասարդներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ կը մասնակցին այս հաւաքին, որուն կը մասնակցի նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։
Սիրոյ սեղանի ընդառաջ խնամակալութիւնը կ՚անդրադառնայ Գալֆաեանի ինքնաբաւ դառնալու հեռանկարին:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Շիշլիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս կառուցուած խաղավայրի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ քաղաքապետարանէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս առթիւ այցելեցին Մէրամէթճեան վարժարան։
Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը։ Այսպէս, զրոյցի մը համար միութիւն հրաւիրուած էր յայտնի պատմաբան Իլպէր Օրթայլը։ Իր հետ հարցազրոյց մը վարեց ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքին։ Իլպէր Օրթայլը երեկոյթի ընթացքին ընդհանրապէս խօսեցաւ մեր աշխարհագրութենէն ներս հայոց ներկայութեան մասին։