ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տօնական օր մը ապրուեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 161-րդ եւ վերակազմութեան 36-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Երէկ երեկոյեան, յայտնի երգիչ Ալեքս Թաթարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ նախընթաց երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն «Լապտերներ» պատանիներու երաժշտախումբը, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին կողմէ կը հիւրընկալուի այս խումբը, որու նախընթաց օրուան համերգը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն ներս նորանշանակ դիւանագէտ:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց հոգելոյս մարզիկներէն Մատթէոս Ժամկոչեանը։ Այս վերջինը պասքեթպոլի մէջ լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլի մարզակումբին ու մահացած՝ 1999 թուականին։
«Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն մըն է, սակայն, մամուլը անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ։ Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր»:
Թաքսիմ մարզակումբի ամառնային աւանդական ընթրիքը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Այս ճաշկերոյթին մթնոլորտը պայմանաւորուեցաւ Թաքսիմի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտ, Կեդրոնական վարժարանի նախկին տնօրէններէն Պերճ Չալըքմանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ան թէեւ երէց սերունդի կը պատկանէր, սակայն ընկերային կեանքէ ներս այնքան յարգանք ու սէր կը վայելէր, որ իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։