ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց մթնոլորտ։ Եղանակի փակման հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը։ Թէ՛ Կազդուրման կայանի եւ թէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառնային ծրագրերու վերջակէտը դրուեցաւ երէկուան հանդէսով։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս երկու մրցաշարքեր կազմակերպուեցան Գնալը կղզիի մէջ։ Այդ մրցաշարքերէն մին ձօնուած էր ակումբի նորոգ հանգուցեալ պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին։ Լուսահոգի Ղազարոս Ունանի ոգեկոչման համար շիշլիցիները կազմակերպեցին ֆութսալի մրցաշարք մը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տօնական օր մը ապրուեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 161-րդ եւ վերակազմութեան 36-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Երէկ երեկոյեան, յայտնի երգիչ Ալեքս Թաթարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ նախընթաց երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն «Լապտերներ» պատանիներու երաժշտախումբը, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին կողմէ կը հիւրընկալուի այս խումբը, որու նախընթաց օրուան համերգը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն ներս նորանշանակ դիւանագէտ:
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց հոգելոյս մարզիկներէն Մատթէոս Ժամկոչեանը։ Այս վերջինը պասքեթպոլի մէջ լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլի մարզակումբին ու մահացած՝ 1999 թուականին։
«Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն մըն է, սակայն, մամուլը անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ։ Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր»: