ՊԱՇՏՕՆԱԿՑԻ ՄԸ ՈՂՋՈՅՆԸ
Սփիւռքահայ լրատուական աշխարհի նուիրեալ սպասաւորին Պոլիս գալուստը:
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»ի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան երէկ այցելեց խմբագրատունս:
Սփիւռքահայ լրատուական աշխարհի նուիրեալ սպասաւորին Պոլիս գալուստը:
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»ի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան երէկ այցելեց խմբագրատունս:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր վարժարանի երիտասարդ կրթական մշակներէն Նարօտ Եանըքօղլու։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Լիտիա Սաթըլմըշ, Ծիլա Պոյաճեան, Յակոբ Պոյաճեան, Փիլիպպոս Հէրկէլ, Ռոյ Մերքէզօղլու, Օննիկ Թաւուքճու եւ Սասուն Եըլտըրըմ։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ հիւրընկալուեցաւ կրթական աշխարհի յայտնի տեսաբաններէն մին՝ Ֆլորիտայի Պետական համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Ճոն Քելըր։ Այս վերջինը կրթական կեանքէ ներս կը համարուի իսկական հեղինակութիւն մը։ Ան համաշխարհային մակարդակով համբաւ ձեռք բերած է շնորհիւ իր հնարած ARCS ուսուցման դրութեան, որ կը վերաբերի կրթադաստիարակչական միջավայրի մէջ աշակերտներու կեդրոնացումը առաւելագոյն մակարդակի հասցնելու։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նորահաստատ սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս՝ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցելով իրենց ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուէր այս միութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ լուրը։ Ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հիմնուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որու հիմնական նպատակները կը համարուին մէկ կողմէ շրջանաւարտներու համախմբումը, իսկ միւս կողմէ ալ այս վարժարանը բաց պահելու առաջադրութեամբ տրուած պայքարին զօրակցիլը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թեքնիկ վերազինումներու ուղղեալ պարբերական ներդրումներու շնորհիւ միշտ կ՚օժտուի ախտաճանաչման յաւակնոտ հնարաւորութիւններով, ինչ որ հաստատութեան կողմէ մատուցուած առողջապահական ծառայութիւնները կը պահէ մրցունակ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութիւնը հետեւողական նախաձեռնութիւններուն զուգահեռ Գթութեան յարկին համար ապահոված է թոմոկրաֆիի եւ MR-ի գործիքներ, որոնք մատի վրայ հաշուուելիք միջավայրերու մէջ կ՚օգտագործուին աշխարհի վրայ:
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ճարտարապետական թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ընթացքին ողջոյնի խօսքը մը արտասանեց «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետը այցելեց խմբագրատունս:
Րաֆֆի Մարուքեան վերջին օրերուն քաղաքիս այցելութիւն մը տուաւ՝ Երեւանէն վերադարձի ճանապարհին:
Մեր համայնքը վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Հունգարիայէն հայագէտ Պենետէք Ժիկմոնտը։ Իւրայատուկ հիւր մըն է ան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ բաւական բարձր մակարդակով կը տիրապետէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի եւ իր այդ իմացութեան հիման վրայ առարկայ կը դառնայ թէ՛ համակրանքի եւ թէ հիացմունքի։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ խմբագրութեանս հետ կապ հաստատեց՝ լուսաբանութիւններ տալու համար Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին շուրջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին խօսած էր մեր կրթական համակարգի առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ եւ այս ամբողջին մէջ անդրադարձած՝ կարգ մը վարժարանները միացնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը արդէն որոշած է յառաջիկայ Նոյեմբերի 25-ին տեղի ունենալիք TEOG-ի քննութեան ընթացքին մասնաւոր հարցումներ ուղղել թրքահայ վարժարաններու աշակերտներուն՝ կրօնագիտութեան եւ բարոյագիտութեան առարկայի պարագային։